Վերճիհան Զիֆլիօղլու

Վերճիհան Զիֆլիօղլու ծնած է Իսթանպուլ: Բանկալթը Մխիթարեան վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի Հաղորդակցութեան եւ Էսքիշէհիր Անատօլու Համալսարանի Հասարակական Յարաբերութեանց բաժինները: 1996-1998 տարիներուն աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլի Մարմարա, Ժամանակ եւ Նոր Սան թերթերուն: Մաս կազմած է Ակօս Շաբաթաթերթի առաջին խմբակին: Յատուկ լուրեր գրի առած, Հայերէն մանկական էջեր խմբագրած, ինչպէս նաեւ սիւնակագիր եղած է: 1998-2007 տարիներուն պաշտօնավարած է Հիւրրիյէթ օրաթերթին, իսկ 2007-2014-ին Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզին մէջ,1998-էն մինչեւ 2014 միաժամանակ յատուկ լուրեր պատրաստած է  Րէֆէրանս թերթին: Լուրերըմիաժամանակ հրատարակուած են Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ եւ Րատիգալ օրաթերթերուն մէջ: 2013 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2014 Մայիս աշխատած է Ալժազիրա եւ  2014-2015 տարիներուն՝ Ռուսական լրատուական գործակալութեան մէջ:  2015 Նոյեմբերէն ի վեր կը պաշտօնավարէ Ենի Եիւզեըլ օրաթերթին մէջ որպէս մասնագէտ լրագրող: Զիֆլիօղլումասնագիտացած է  քաղաքականութեան, արտաքին լուրերու, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, էթնիկ փոքրամասնութիւններուն,  Հայ Սփիւռքի,  Մերձաւոր Արեւելք/ Կովկասի,  Հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Յօդուածները լոյս տեսած են՝  ՊՊՍ, Վաշինկթօն Թայմզ, Լէ Մոնտ, Ֆրանս 24-ի նման մամլոյ եւ հրատարակչական առաջատար մարմիններումէջ:   Մրցանակներ 2007-ին չորս լրածրարներով Թուրքիան ներկայացուց եւառաջնութեան մրցանակին տիրացաւ Շուէտական  Ինստիտուտի կողմէ 80 երկիրներու մասնակցութեամբ  կազմակերպուած համաշխարհային լրագրողական մրցումին: 2008-ին արժանացաւ կեդրոնն Անգարա գտնուող Արդի Լրագրողներու «Լաւագոյն լուր»ի  մրցանակին: 2012-ին  տիրացաւ Արդի Լրագրողներու Միութեան  «Լաւագոյն հարցազրոյց»ի մրցանակին: 2010-ին  Հայաստանի մէջ լուրերու ուսումնասիրութեան  կրթաթոշակ շահեցաւFrederich-Ebert Stiftung-էն : Իսկ 2014-ին ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած զանազան խորագրերով լրագրողութիւն  ծրագրի կապակցութեամբ Զիֆլիօղլուն ԱՄՆ Դեսպանատան կողմէ «Փոքրամասնութիւններն ու Մարդկային Իրաւունքներ» ճիւղէն թեկնածու ցոյց տրուեցաւ: Այս ճիւղին համար Թուրքիայէն ընտրուած անունն եղաւ:   Գիրքերը 1)ԱնանունԵրազ, ԱրասՀրատարակչութիւն, Իսթանպուլ,  2000: 2)Հանելուկ, ԱրասՀրատարակչութիւն, Իսթանպուլ,  2007: 3)ՔաւարանիՀայերուՊատմութիւնները  «Հաճելիչկրցանքըլլալ՝ոչՅիսուսինոչալՄուհամմէտին», ԻլէթիշիմՀրատարակչութիւն, 2015:   Հաւաքածոներ  1)Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն Վերջին Կէս Դարու, ԱՄՆ/Միշիկըն-1994: 2)Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ, Լիբանան, 2004: 3)The Other Voice Armenian Women Poetry Throug the Ages, USA, Watertown, 2004: 4)Արդի Հայ Գրականութիւն, Հայաստանի Գրողներու Միութիւն, Երեւան, 2010:

Բնագրեր