Էմրե Շահինլեր

Ծնած է 10 Ապրիլ 1989-ին Քարթալ: 2007-ին աւարտած է Չըրաղանի երկրորդական դպրոցը: Այտըն Համալսարանի Տնտեսական եւ Վարչական Գիտութիւններու բաժնէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք 2012-ին Լեհաստանի մէջ յաճախած է «Wroclaw School of Banking», ուրկէ անցած է Աւստրիոյ Ալփէն Ատրիա Համալսարանը: Բանաստեղծութիւնները եւ գրական գործերը հրատարակուած են զանազան պարբերականներու եւ տարեգիրքերու մէջ: Թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու: Մասնակցած է ասմունքի միջոցառումներու եւ գիտաժողովներու: 2013-ին հրատարակուած է «Մեռած Նուագածուներու Երկիրը» բանաստեղծութիւններու գիրքը:

Բնագրեր

Լուացքի պարանին փտած Սարայեւոյի տոմսը
կտրեց դաստակները օրացոյցի թերթերուն
«Չարիքի Ծաղիկները»
կետ կետ կետցէս
աղ կոխէ վէրքերուդ, աղ ու քացախ
առ այս մէկը շարժավար
ոտներու հատակին անմեխ պայտ
«Առանց...

Թրգմ․`