Ստորեւ բերուած գրութիւնը չնչին փոփոխութիւններով ընթերցեցի 2018 թուականի Ապրիլ 4ի Փարիզի INALCO հաստատութեան հայագիտական ժողովի Վահէ Օշականին նուիրուած նիստին։ Սկիզբը ցուցադրուեցաւ Հրայր Անմահունիի «Վահէ Օշական. Միջնարար / Vahe Oshagan: Between Acts» (2016) վաւերագրական շարժանկարը։ Երկրորդ բաժինը կլոր սեղան էր, որը վարեց Մարկ Նշանեան։ Մասնակիցներն էին պատմաբան եւ Վահէ Օշականի վաղեմի բարեկամ Անահիտ Տէր Մինասեանը, Գրիգոր Պըլտեանը՝ ով ներկայացուց իր կողմէ խմբագրուած Վահէ Օշականէն «Կայաններ» (2017) ծաղկաքաղ հատորը, Հրայր Անմահունին եւ ես՝ Կարէն Ջալլաթեանս։

Նախ՝ շնորհակալութիւն ԻՆԱԼՔՈի հայագիտական բաժնին՝ Անահիտ Տոնապէտեանին, Ադրինէ Զինելիին եւ բոլոր անոնց ովքեր կազմակերպած են այս հանդիպումը։

Պիտի ուզէի սաղմնային երկու նկատառում ընել Հրայր Անմահունիի «Միջնարար»ի շուրջ։ Առաջին նկատառումը այն է որ շարժանկարը – պիտի նախընտրէի շարժապատկեր բառը – կը կազմուի վաւերագրական ինչպէս նաեւ փորձառական տարրերէ։

Վաւերագրականին մէջ պիտի ներառէի կենսագրական եւ տեղեկատուական բաժինները, ժամանակագրական կարգով զարգացող՝ ուղեկցուած Վահէ Օշականի կեանքի տարբեր շրջաններուն յղուող լուսանկարներով։ Ասոնք իրենց կաղապարներով կը մտաբերեն լրատուական սեռը եւ որոշ իրապաշտութիւն մը կը յուշեն։ Ըստ երեւոյթին, սփիւռքի մոռացկոտութեան պայմաններուն, կարիքը կայ լրատուական կաղապարով տուեալներ յաղորդելու՝ առաջքը առնելու մշակոյթի փոխանցման այն դժուարութիւններուն, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուի սփիւռքահայութիւնը որպէս այդ։

Փորձառական պիտի որակէի գործի սկիզբն ու վերջաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշ այլ պահեր ուր շարժապատկերի, ձայնի եւ գրութեան ՚բնական՚ թուացող օրինավիճակը եւ անոնց միջեւ ՚սովորական՚ յարաբերութիւնները կը խախտուին։ (Այս խախտումները ինծի հասկնալի կը դառնան Դըլիւզեան ժամանակ-պատկեր (image-temps/time-image) հասկացողութեան օգնութեանբ ըստ որուն ժամանակի մէջ եւ անորմով շարժող պատկերը ալ չի վերկայացներ որեւէ բան, այլ՝ հասած իր էութեան սահմանին, կը նշէ, կ՚արձանագրէ ժամանակի պարապ, Վահէ Օշական պիտի ըսէր՝ անհեթեթ, գոյութիւնը։ Դըլւիզին դատողութեամբ՝ յետ-պատերազմեան ՚արեւմտեան՚ շարժապատկերը կը յատկանշուի ժամանակ-պատկերի երեւան գալով։ Գոնէ ինծի համար փորձառական են նաեւ Վահէ Օշականի ընթերցումները, ինչպէս նաեւ անոր գործերու մեկնաբանութիւններու դրուագները, որոնք նոյնպէս լրատուականէն անդին տառեր կը բերեն։

Հարկ է նաեւ նշել որ «Միջնարարէն» որոշ տարրեր անքակտելիօրէն ե՛ւ լրատուական են ե՛ւ փորձառական։ Օրինակ մը տամ՝ գործի վերջաւորութեան սուր աղմուկի մը հետ շիջող լուսանկարը։ Պատկերուածը, եթէ չեմ սխալիր, Վահէ Օշականի գրասենեակն է, այսինքն՝ լրատուականին համար ճշգրիտ, հետեւաբար արժէքաւոր տուեալ։ Մինչդեռ՝ հեղինակը բացակայ է պատկերէն, արդէն մեռեալ՝ որը փորձառականին բերած ճշմարտութիւներէն մէկն է։

Լրատուականին եւ փորձառականին խառնուրդը, անոնց միջեւ խաղն է որ ինծի կը հետաքրքրէ «Միջնարար»ին մէջ՝ անոր անհրաժեշտութիւնը, բանումը, կարելիութեան պայմանները, եւ այն ինչ որ չմտածուած (չը շարժապատկերուա՞ծ պիտի ըսէինք) սակայն ներկայ, ներյայտ է։ Կարծեք փորձառականը իր ուժը եւ խորութիւնը պիտի չկարենար ընել առանց նոյն գործին մէջ մօտիկէն շփուելու, հպուելու, ներթափանց(ու)ելու աւանդական լրատուականին հետ եւ մէջ, որը իր հերթին չընդունիր փորձառականը, կ՚ուզէ զայն քողարկել, ջնջել, սպառել։ Դժուար չէ նաեւ ցոյց տալ որ լրատուականին եւ փորձառականին միջեւ առկայ եւ առկախ պրկումը կազմաւորիչ առանցքներէն է Վահէ Օշականի արձակ, քննադատական եւ նոյնիսկ բանաստեղծական արտադրութեան՝ կազմող վայրը ուր մենք որպէս ընթերցողներ կը կանչուինք ստանալու անոր գործերը։ Զարտուղի օրինակ մը՝ իր կարծեմ ցարդ անտիպ «Գրական Հռչակագիր»ին մէջ, ստորագրուած 1990, Սան Ֆրանցիսքո, Վահէ Օշական որպէս գալիք գրականութեան առաջին հիմնական սկզբունք կը զետեղէ հետեւեալը. « – Գրական նոր ոճը անողորմ ու ճաշակաւոր առարկայականութիւն մը պիտի կիրարկէ՝ ներկայացնելով հայկական եւ մարդկային իրականութիւնը իր ամբողջ ցնցիչ իրաւութեան մէջ… » (Կայաններ, էջ 13-14։)

Վահէ Օշական. կադր ֆիլմից

Ուրեմն՝ կարելի է խորհիլ որ «Միջնարարը» իր ձեւով եւ բովանդակութեամբ փորձ մը կ՚ընէ փոխադրելու Վահէ Օշականի գրական փորձարկումը եւ փորձառութիւնը շարջապատկերային աշխարհ։ Ասիկա թարգմանութեան տեսակ մըն է վերջինիս հատուկ բոլոր հակասութիւններով. շարաժապատկերի ընծայած կարելութիւններով փորձելով ընել անկարելին՝ Օշականի գրականութեանը յատուկ խախտիչ, քանդիչ, ահաբեկիչ գործողութիւնը ՚կրկնել՚ շարժուող պատկերներով։

Հոս կայ անշուշտ խնդիր մը որը եւս էական է՝ այն է կապը շարժապատկերի եւ լեզուի, անոր մասնաւոր կիրառկումը եւ բանումը «Միջնարար»ի ընդմէջէն ՝ երկուքն ալ ի նկատի առնուած իրենց բանաստեղծական այսինքն ոչ զուտ յաղորդակցական եւ ոչ ալ վերկայացնողական երեսակներով։

Այս հակասական գոյակցութիւնը երկու հակառակներու, իրարու վանող եւ ձգող ուժերու Վահէ Օշական ըստ երեւոյթին կը լծորդէ եւ կը լուծէ ՚դէպի կեանք՚ արտա-յղացքային բանաձեւ հրամայականով, որը նոյնպէս իր մէջը ունի իրապաշտութեան (լրատուականի իմաստով) եւ իրաւապաշտութեան (փորձառականի իմաստով) հակառակութիւնը։ Վահէ Օշականին մօտ իրապաշտութիւնը վերջին հաշվով տեղի կու տայ իրաւապաշտութեան։ (Յայտնի է նաեւ որ Վահէ Օշականի «դէպի կեանքը» կը սնուի երկու աղբիւրներէ՝ Յակոբ Օշականի վկայագրական իրաւապաշտութենէ եւ յետպատերազմեան Եւրոպական գոյութենապաշտութենէ։ Արդէն «Միջնարար»ին մէջ Գրիգոր Շահինեան կը նշմարէ Հակոբ Օշականի եւ գոյութենապաշտութեան կրկնակ ներկայութիւնը Վահէ Օշականի արտադրութեան մէջ։)

Հոս է որ կը հասնիմ երկրորդ նկատառումիս։ Փաստօրէն՝ շարժանկարին մէջ տեղ գտած ժապավեններու նկարահանումնէրուն միշտ չէ որ Հրայր Անմահունին ներկայ եղած է։ Ուրեմն՝ ձեւով մը Անմահունիի հարաբերութիւնը գործին հետ տարբեր է սովորական հեղինակայինէն քանի շարք մը որոշումներ՝ օրինակ տեսախցիկի անկիւնը, միջոցի լուսաւորութիւնը, խօսողների հետ պայմանաւորուածութեան որակը իր ազդեցութիւնէն դուրս եղած է։ (Ստացուած նիւթերի համակցումը (montage) անշուշտ Անմահունիինն է։) Հետեւաբար՝ ինծի այնպէս կը թուի որ շարժանկարը անձնական հեղինակային աշխատութիւն մը ըլլալէ զատ նաեւ հաւաքական յատկանիշ մը ունի որ պայմանաւորուած է թերեւս հայկական սփիւռքի հաստատութիւններով եւ աշխարհագրական ցրուածութեամբ։ Ձեւով մը սփիւռքի ցրուած ենթակայութիւնն է որ կը տեսնենք գործարկուած «Միջնարար»ին մէջ՝ թելադրելով իր արտադրողական պայմանները շարժանկարին։


Ինքնագիր. «Վահէ Օշական. Միջնարար» ֆիլմը գրական կենսագրությունն է ժամանակակից Սփյուռքի գրող, մտավորական Վահե Օշականի(1922-2000), որ նկարահանվել է 1994֊ին, ապա 2015֊ին լրացումներով ամբողջացվել։ Ֆիլմը պետք է ցուցադրվեր Ոսկե ծիրան կինոփառատոնին 2017թվի «Հայեր. հայացք ներսից և դրսից» ծրագրով, սակայն ճնշման տակ փառատոնը վերջին պահին հրաժարվեց ցուցադրել ԼԳԲՏ թեմայով երկու ֆիլմեր, որոնց հետ նաև հանվեցին այդ ծրագրում ընդգրկված 37 այլ ֆիլմեր, որոնց մեջ «Միջնարարը»։ 

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.