Ինքնագիրը ներկայացնում է Մարկ Նշանեանի «Նիցշէի յաւիտենական վերադարձը» դասախոսութեան տեսագրութիւնը, որի առաջին մասը եղաւ նոյեմբերի 27-ին, իսկ 2-րդ մասը դեկտեմբերի 1-ին:
Հատուած 1-ին մասից
Նիցշէին երկրաշարժը պատահած է 1889ի Յունուարին։ Խելագարութեան երկրաշարժն է, մտքին յանկարծակի եւ ամբողջական խաւարումը, փլուզումը։ Ոմանք կ՚ըսեն թէ ատոր նախանշանները կային արդէն իսկ իր գործին մէջ, մինչեւ իսկ իր հրատարակած էջերէն ներս։ Ուրիշներ կ՚ըսեն որ հրատարակուած գործը ամբողջութեամբ զերծ է խելագարութեան նշաններէ, կամ գոնէ որ կը կարդացուի առանց որեւէ ձեւով յղուելու գալիք աղէտին։ Հայդեկերը եւ Դէօլէօզը երկուքն ալ այդպէս կը կարդան Նիցշէն, անշուշտ հակոտնեայ սկզունքներով եւ նպատակներով։ Ու յստակ է, որ Նիցշէի մօտ՝ կանուխէն կար մտքի վերահասու փլուզումի մը, կանխահաս քայքայումի մը գաղափարը եւ — սարսափը։ Ու եթէ այդպէս է, Նիցշէ իր մտքին քայքայումը դարձուցած է իր փորձառական դաշտը, իր փորձարկումին առարկան, բան մը կարենալ ըսելու համար արդիական հիւանդութեան մասին։ Արդիական հիւանդութիւնը Նիցշէի մօտ ունի զանազան անուններ — նիհիլիզմը ամենէն ընդհանուր անունն է։ Բայց “քրիստոնէութիւն” ուրիշ անուն մըն է, յատկանշելու համար արդիական հիւանդութիւնը։ “Բանասիրութիւն” ուրիշ անուն մըն է։ Երբեմն Նիցշէն կը խօսի անկումայնութեան մասին, կը գործածէ ֆրանսերէն բառը, décadent, décadence, բառեր որոնք սպառած մշակոյթի մը կամ քաղաքակրթութեան մը վերջին արտաբերումները կը յատկանշէ իբրեւ թէ։ Ու ամէն պարագայի, արդի հիւանդութիւնը այնքան ալ “արդի” չէ, քանի որ իր արմատներն ունի արդէն իսկ յունական աշխարհէն ներս։ Եւ եթէ այդքան ընդհանուր իմաստ մը ունի, միակ բանը զոր կարելի է եզրակացնել՝ այն է, որ արդիական հիւանդութիւնը մեզ կը կազմաւորէ որպէս մարդ, արդիական մարդ կամ ոչ։ Ե՛նք ինչ որ է հիւանդութիւնը։ Հիւանդութիւնը մեր կազմածն է, մեր կաղապարն է, մեր էութիւնն է։ Ըլլալ մարդ կը նշանակէ՝ ըլլալ հիւանդ։ Ենթադրենք որ ընդունուեցաւ այդ սկզբնական եւ հիմնական կէտը. այդտեղ կը սկսի դժուարութիւնը։ Հակազդելու ձեւերէն մէկն է՝ աշխատիլ որպէս մշակոյթի քննադատ։ Նիցշէին հրապարակային արտադրութեան մէկ մասը այդ գիծին կը հետեւի։ Կը մատնանշէ ու կը բնորոշէ արեւմտեան-քրիստոնեայ մշակոյթը որպէս հիւանդ, կը փորձէ մատնանշել հիւանդութեան ախտանիշները, եւ մասամբ նորին։
Հատուած դասախօսութեան երկրորդ մասից
ՀակաՔրիստոսի վերջին էջին, Նիցշէ օրէնք մը կը հռչակէ քրիստոնէութեան դէմ։ Եօթը յօդուածներէ բաղկացած է այդ օրէնքը։ Եւ թուելէ առաջ այդ եօթը յօդուածները, կ՚ըսէ հետեւեալը.
… Հիմա կը հասնիմ եզրակացութեանս եւ վճիռս կ՚արձակեմ։ Կը դատապարտեմ քրիստոնէութիւնը, անոր դէմ կը բարձրացնեմ ամենէն սարսափելի մեղադրանքը (Anklage) զոր երբեւիցէ մեղադրող մը հռչակած է։ […] Այս յաւերժական մեղադրանքը քրիստոնէութեան դէմ կ՚ուզեմ բոլոր պատերուն փակցնել, ամէն տեղ ուր պատ կայ — գիրեր ունիմ որոնք կոյրերուն իսկ աչք պիտի տային…
Եւ յաջորդ ու վերջին էջին վրայ կ՚արձանագրէ մեղադրագիրը, սկսելով այսպէս. «Յայտարարուած առաջին օրը փրկութեան, առաջին տարուան առաջին օրը (սուտ ժամանակացոյցին համաձայն՝ 30 Սետպ. 1888)»։
Խելագարը չէ՛ որ կը խօսի հոս։ Յոռի շրջանակի տրամաբանութիւնն է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ օրէնքը որպէսզի օրէնք դառնայ, որպէսզի նոր ժամանակաշրջանի մը սկզբնաւորութիւնը կազմէ, որպէսզի «Նիցշէ» անունով անձին հռչակումով՝ իրապէս ժամանակացոյցը փոխուի ու ըլլանք նոր դարաշրջանի առաջին տարուան Յունուար 1ը, եւ ո՛չ թէ 1888ի Սեպտ. 30ը, պէտք է հռչակողը լիազօրութիւն մը ստացած ըլլայ տեղէ մը։ Բայց ո՞վ կրնայ տալ մէկու մը օրէնք հռչակելու լիազօրութիւնը, եթէ ոչ օրէնքը, այսինքն նաեւ ինքը, օրէնքը հռչակողը։ Լիազօրութիւն եւ օրէնք յոռի շրջանակ մը կը կազմեն բացայայտ կերպով։ Մէկը միւսէն առաջ կու գայ։ Նիցշէն որպէս դէպք, որպէս լիազօր, որպէս օրէնք հռչակող, ինքն իրմէ առաջ կու գայ։ Պէտք է հռչակէ որ եկած է, պէտք է կանչէ ինքզինք ու կոչէ ինքզինք, անուն մը տայ ինքն իրեն, ըսէ՛ Ես եմ, լիազօրը։
Ուղեկցող տեքստ
Նշանեանի թարգմանութիւնը Նիցշէի «Զուարթ Գիտութիւնը»(“la gaya scienza”) գրքի 341 կտորի.
Մեծագոյն բեռը։— Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ օր մը կամ գիշեր մը սատանայ մը սպրդէր քու ամենէն առանձին առանձնութեանդ մէջ ու ըսէր քեզի. «Այս կեանքը, ինչպէս որ կ՚ապրիս ու ապրած ես, պիտի ստիպուած ապրիլ անգամ մը եւս եւ անհամար անգամներ եւս. եւ հոն ո՛չ մէկ նորութիւն պիտի չըլլայ, այլ ամէն ցաւ եւ ամէն հաճոյք, ամէն մտածում եւ ամէն հառաչանք, եւ կեանքիդ մէջ ամէն ինչ որ անասելի կերպով փոքր է ու խոշոր՝ պարտադրաբար պիտի վերադառնայ քեզի, եւ ամէն ինչ նոյն կարգով ու նոյն շարունակականութեամբ — այս սարդն ալ, ծառերուն միջեւ ծագող այս լուսնակն ալ, այս վայրկեանն ալ, ես ալ մէջը։ Գոյութեան յաւիտենական աւազացոյցը անդադար վերստին պիտի դարձուի — եւ դուն ալ հետը, դոյզն փոշի փոշիներու կարգին» — արդեօք գետին չե՞ս նետուիր, ատամներդ չե՞ս կրճտեցներ, այդպէս խօսող սատանան չե՞ս անիծեր։ Կամ արդեօք մէկ անգամ արտակարգ պահ մը ապրած ես, որուն ընթացքին պիտի պատասխանէիր իրեն. «Աստուած մըն ես եւ երբեք ես աւելի աստուածային բան չէի լսած»։ Եթէ այդ խոհը տէրը դառնար քու անձիդ, քեզ պիտի փոխակերպէր լիովին ու թերեւս ալ պիտի հաշմէր. բոլորին եւ իւրաքանչիւրին ուղղուած հարցը՝ «կը կամենա՞ս այս անգամ մը եւս ու անհամար անգամներ եւս» ուսերուդ վրայ մեծագոյն բեռը պիտի հանդիսանար։ Կամ ինչպէ՞ս պիտի ստիպուէիր դուն քեզ ու քու կեանքդ բարեփոխել, այլեւս ուրիշ բան չպահանջելու համար այդ վերջին յաւիտենական հաստատումէն ու կնքումէն դուրս։