Ինքնագիրը վերահրատարակելով 2002-ին ԿԱՄ հանդէսի 5-ում տպուած Մարկ Նշանեանի առաջաբանով և թարգմանութեամբ Ժորժ Բատայի «Տիկին Եդուարդա» վիպակը, լրացնում է Ինքնագրում հրատարակուած Նշանեանի Բատային նուիրուած մյուս աշխատանքների շարքը: Գրութիւնները վերահրատարկում են նոյնութեամբ:

Ինքնագիրը անցեալ տարի չորս մասով հրատարակել է Նշանեանի «Անմարդկայինի փորձընկալումը» աշխատութիւնը, որ վերլուծութիւնն է Բատայի «Ներքին փորձընկալում» գրքի նաև Նշանեանի թարգմանութեամբ Բատայի «Կոնային աչքը», «Անվերնագիր», «Ներքին Փորձընկալում» (քաղուածքներ) գրութիւնները, որոնք բոլորը հրատարկուեցին  Մարկ Նշանեանի «Պատկեր, Պատում, Պատումթիւն» 1-ին հատորում(Երևան, Հրատարակիչ՝ «Ակտուալ արվեստ» և «Հովհաննիսյան ինստիտուտ»):

ԿԱՄ-ում դրուած է նաև «Տիկին Եդուարդայի» 1956թ. հրատարակութեան համար Բատայի գրած առաջաբանը, որը չծանարբեռնելու համար, այժմ չհրապարակեցինք, թողնելով յաջորդիւ:

Մի անհրաժեշտ պարզաբանում, որ շատերին է հետաքրքրում. Հայաստանում գրում է Բատայ, առանց վերջին լ-ի, սակայն Նշանեանը գրում և Բատայլ. ինչո՞ւ: Հաւատարիմ մնալու համար դասական ուղղագրութեանը Նշանեանը գրում է Բատայլ, օգտագործելով ֆրանսերենի բառավերջի չհնչող l-ն  Bataille, որպեսզի բառավերջի յ-ն կարդացուի(դասական ուղղագրութեամբ Բատայ գրելու դեպքում անունը կհնչի Բատա, քանի որ վերջում գրուող յ-ն չի հնչում, ):

Madame Edwarda, «Տիկին Եդուարդա»։ Այս է վերնագիրը ֆրանսացի փորձագիր, վիպագիր եւ փիլիսոփայ Ժորժ Բատայլի ամենածանօթ կտորներէն մէկուն։ Խորհրդաւոր կտոր, որուն կեդրոնը՝ կայ անասելի գաղտնիք մը։ Բայց թերեւս գաղտնիքը ուրիշ բան չըլլայ եթէ ոչ ծայրագոյն մերկութեան անհասանելիութիւնը։ Բատայլ  կ’ըսէ․ ոչի՛նչ է գրածս եթէ ընթերցողս տրամադիր չէ՛ զայն – ծայրագոյն մերկութիւնը – ենթադրելու անոր ետին։ Այո՛, Բատայլին յաճախանքներէն, մէկն էր մահուան եւ հաճոյքին մօտիկութիւնը, համանմանութիւնը, մեծ սուրբերու եւ մեծ մեղաւորներու հմայափոխութիւններուն համեմատութիւնը, «էրոթիզմ»ի սրբազնութիւնը ( անշու՛շտ՝ պայմանաւ որ յաջողինք այդ «սրբազնութիւն»ը մտածել ու ըմբռնել իբրեւ իտէալական սրբութիւններուն հակոտնեայ բեւեռը, գաղտնի խնդրականացումն ու ժխտումը)։ Այո՛, իր ամբողջ գրական-մտածողական գործին մէջ՝ Բատայլ հետապնդած է սրբազանին խուժումը կեանքէն ներս, ընկղմեցնող- տապալեցնող փորձառութիւնը, որ կրօնական է իր խորքին մէջ, կրօնական փորձառութիւն։ Այո՛, այս բոլորը ճիշդ են։ Բայց բացատրութիւնները՝ աւելո՛րդ։ Առաջին հերթին՝ գրութիւնը պէտք է խօսի։ Զայն բացատրութիւններով փոխարինելը կը նշանակէ  աւելորդաբանութեամբ  բաւարարուիլ։

Ինչու՞ Բատայլ թարգմանել։ Բան մըն է որ վիճակուեցաւ ինծի, քսան տարի առաջ, տեսնելու համար, թէ ինչպէս պիտի հնչէր հայերէնով։ Բատայլ  կը սիրէ չափազանցուածը։ Բայց գիտէ թէ երբ գրելը կը մօտենայ սեռայինին՝ պէտք է ըլլայի չափազանց, անմարսելի, անկարելի։ Եթէ ոչ՝ ինչի՞ պիտի ծառայէր։ Անհանդուրժելի են ի միջի այլոց՝ սեռային ինքնահաճոյ նկարագրութիւնները, վեպէրուն մէջ օրինակ, զզուելի են երբ կ’ուզեն օրուան ճաշակին համեմատիլ, երբ կը կարծեն թէ ազատութիւնը եւ արդիականութիւնը վրանբացութիւն կպահանջեն, երբ կը հավատան յանկարծ, թէ աւելի՛ ազատ ու ազատագրուած ենք այսօր քան օրինակ՝ երէկ։ Ուղղակի անհանդուրժելի են, իրենց կեղծ անմեղութեամբ, իրենց բնապաշտ բնականութեամբ։ Նոր հայ գրականութիւնը, Հայաստանի մէջ, զերծ չէ՛ այդ մեղքէն, այդ ծիծաղելի տեսարաններէն, կնոջական մարմնի, տաք պահերու այդ «համարձակ» ցուցադրութենէն։

Բատայլի գործը չէ՛, անշուշտ այդպիսի ցուցադրութիւն, համարձակութիւն, կամ ազատ ըլլալու պատրանք։ Հոս մանաւանդ՝ փորձառութիւն մըն է նկարագրուածը, ոչ թէ վիպային տեսարան մը, կամ տեսարաններ։ Հասկնալի է հետեւաբար, որ Բատայլ պայքարի լեզուին հետ, որ հաւատարիմ չէ «փորձառութեան», որ թեթեւամտութեամբ ու անլրջութեամբ ալ կհամեմէ ողբերգութիւնը։ Նոյնը կ’ընէին միստիքները, երբ կարգը գար իրենց հմայափոխական փորձառութիւնը գիրով արձանագրելու։ Երբեմն ալ կը գրէին, որովհետեւ կասկածներ կը սնուցանէին ճիշդ այդ փորձառութեան «վաւերականութեան» վրայ։ Բատայլ շատ գիտակցաբար կը գործածէ ու կը գործադրէ նմանութիւնը։ Լեզուին մասին իր արտայայտած կասկածները գրութեան մէջ նոյն պաշտօնն ու նոյն օրինավիճակը ունին, բայց իր պարագային՝ կրկնակի գիտակցութեամբ մը, քանի որ խօսքը հոս՝ «էրոթիկ» փորձառութեան «միստիք» վավերականութեան մասին է։

Madame Edwarda լոյս տեսած է իբրեւ գրքոյկ 1941ին, ծածկանունով (Pierre Angliéque), շրջանի մը երբ այս տիպի գրականութիւն հրատարակելը արգիլուած էր Ֆրանսայի մէջ, կամ վտանգի տակ կը դնէր գրողն ինչպէս հրատարակիչը (ժորժ Բատայլ պետական պաշտօնեայ էր, ըլլալէ ետք՝ գայթակղութիւնը սիրող վիպասան մը եւ բոլոր իտեալականութիւննէրուն դէմ կռուող մտածող մը)։ Վերատպում՝ 1946ին, նոյն ծածկանունով։ 1956ի հրատարակութեամբ է միայն, որ գրութիւնը կը ստանար «Ներածական խօսք» մը, Ժորժ Բատայլին ստորագրութիւնը կրող, բուն «Տիկին Եդուարդա»ն միշտ վերագրուած ըլլալով Փիէռ Անժելիքին։ Յետմահու լոյս տեսած հրատարակութիւնները վերջապէս, նախ՝ 1966ին (Բատայլ ծնած էր 1897ին ու մեռաւ 1962ին), յետոյ Ամբողջական Գործերու երրորդ հատորին մէջ (1971), որուն կը հետեւինք հոս[1], կը պահեն միայն ժորժ Բատայլի անունը, կարծէք՝ մահէն ետք ծածկանունը դառնար աւելորդ։ Ասոնք ծածկանունութեան երկդիմի խաղերն են։ Հրատարակութեան թուականը կը բացատրէ նաեւ «անհեթեթ»ին շուրջ զարգացումները կամ ակնարկութիւնները։ Ընթերցողին կը ձգեմ պարտականութիւնը որոշելու, թէ անոնք «անկեղծ» ու «ինքնաբո՞ւխ» են, թէ ընդհակառակը՝ Սարթրին եւ միւս գոյութենապաշտներուն քիթին խնդալու  ձե՞ւ  մը։

Երկու խօսք եւս, թարգմանելու արարքին մասին։ Բատայլին լեզուն խստակրօն ֆրանսերէն մըն է, երբեմն միայն՝ ժարգոնային յաւելումներով։ Թարգմանիչին պարտականութիւնն է՝ ընթերցողին մոռցնել որ կարդացածը թարգմանութիւն է, բայց նոյնքան անհրաժեշտօրեն՝ չմոռնալ որ կատարածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ թարգմանութիւն։ Հոս օրինակ՝ ծանրակշիռ պահ մը կայ, երբ Եդուարդա իր սեռային բարեմասնութիւնները կը ցուցադրէ ու կու տայ անոնց արտաքին մասերուն համար կիրարկուած ֆրանսերէն ամենագռեհիկ բառերէն մէկը՝ «guenilles»։ Որ սովորական լեզուին մէջ կը նշանակէ սակայն՝ «ցնցոտի»։ Ժարգոնային լեզուն երբեմն՝ ունի այս սքանչելի հրացայտումները, որոնք մէկ անգամէն կը բանան չկասկածուած վիհեր։ Ի՞նչ պիտի ընէ թարգմանիչը։ Եթէ որեւէ գռեհիկ հայերէն բառ մը դնէ այդտեղ, ինչ որ անկարելի պիտի չըլլար հարկաւ, կը կորսնցնէ ցնցոտիական համեմատութիւնը։ Այսպիսի պարագաներ համեստութեան կը հրաւիրեն թարգմանողը, որ ստիպուած է գրութեան մէջ իր անցքին հետքը ձգելու, աւելցնելով էջատակի ծանօթութիւն մը։ Կամ յառաջաբանի մը մէջ՝ նշմար մը։

«Տիկին Եդուարդա»ն Ժորժ Բատայլի ամենէն «զզուելի» գրութիւններէն մէկը չէ, շատ աւելի զզուելիները կան։ Առաջին մէկ օրէն, Բատայլի թեմաներուն հանդէպ՝ այդ զզուանքը զգացած եմ։ Պէտք չէ կարծել, որ զերծ էի անկէ, որ սիրով ու յափշտակութեամբ կը կարդայի զինք։ Ընթերցողի փորձառութիւն, էագոյնը։ Թարգմանած եմ զինք ճիշդ այդ զգացումին պատճառով, ընթերցողի փորձառութիւնը երկարաձգելու եւ արձանագրելու հեռանկարով հաւանաբար։ Փորձ մըն էր զզուանքը դիմագրաւելու, զայն մէջս ջնջելու։ Փորձ մըն էր միեւնոյն ատեն զայն սեւեռելու, սաստկացնելու։ Այսինքն՝ հետեւելու Բատայլի իսկ ուսմունքին։ Երկար տարիներ պէտք եղած են որպէսզի հասկնամ, թէ զզուանքին դրդապատճառը իտէալականութեան չլուծուած (անլուծելի) տիրապետութիւնն էր։ Այդ հասկնալէ ետքը, բնական է, զզուանքը չի դադրիր հրաշքով։ Երբ կ’ուզես գլխիվայր ընել հաւատքը, դուն ալ հետը պէտք է գլխիվայր ըլլաս։ Եթէ ոչ՝ ի՞նչ արժէք։ Թարգմանութիւնը ծայրագոյն զզուանքի փորձառութիւնը կրկնելու ձեւ մըն էր, այո՛։ Եթէ ոչ ամէն տեղ, հո՛ս՝ ամէն պարագայի։ Յետոյ պէտք է ըսել, թէ չեմ ճանչնար Բատայլէն զատ ուրիշ մէկը՝ որ գրականութիւնը տանի, տարած ըլլայ այսքան հեռու, իր սահմաններէն (ընդունուած կամ չընդունուած սահմաններէն) շատ անդին։ Մինչեւ տեղ մը, ուր գրականութիւնը ստիպուած է իր պատճառները ըսելու, իր խորքը դրսեւորելու, զզուելիին հետ իր մեղսակցութիւնը վերջապես յայտնաբերելու։  Բատայլին առաջին թիրախներէն մէկը այս իմաստով Բրետոնի եւ իր հետեւորդներուն, իր հաւատացեալներուն, յարաբարեթիւնն եղած է  սատական գրականութեան հետ։ Գերիրապաշտները Սատը կը յարգէին, երկինք կը բարձրացնէին, բայց ո՛չ մէկ  գինով՝ պիտի ուզէին անոր փորձառութիւնը կրկնել իրենց գրուածքներուն մէջ, օրինակ՝ սատական գրականութիւն մը մշակելով, ֆիզիքական խորշանքի հետ դէմ առ դէմ գալով։ Կը մնային գրականութեան մէջ[2]։

Բատայլի տեքստը կու տամ ինչպէս որ է, իր 1956ին գրուած փիլիսոփայական յառաջաբանով հանդերձ։ Կը թարգմանեմ։ Չի նշանակեր անպայման, որ թարգմանածս կը հասկնամ։ Սակայն թարգմանիչի իրաւունքովս 1956ի «Ներածական խօսք»ը փոխադրեցի վերջաւորութեան, բուն «Տիկին Եդուարդա»էն ետքը։ Պէտք  չկար 15 տարի վէրջ գրուած փիլիսոփայական ակնարկով ծանրաբեռնելու առաջին ընթերցումը։ Նոյն շրջանին (1941ին), ճիշդ է, որ Բատայլ կը գրէր L’Expérience  intérieure («Ներքին փորձընկալումը», կամ «Ներքին փորձը»), իր նիցչէական հատորը։ Տիկին Եդուարդան անկախ չէ ուրեմն Բատայլի «փիլիսոփայական» աշխատանքէն։ Ամբողջական Գործերու ծանօթութիւններուն մէջ դրուած է անտիպ մնացած յառաջաբանի մը ծրագիրը, ուր կ’ըսուի հետեւեալը (առաջին դէմքով)․ «Այս գրքոյկը գրեցի 1941ի Սեպտ․-Հօկտ․ին, ճիշդ «Չարչարանքը»էն առաջ, որ կը կկազմէ «Ներքին Փորձընկալում»  գրքին երկրորդ մասը։ Երկու գրուածքները իմ կարծիքով, սերտօրէն առնչուած են․․․։ Անշուշտ «Տիկին Եդուարդա»ն զիս կ’արտայայտէ աւելի ազդու ճշմարտութեամբ․ չէի կրնար «Չարչարանքը» գրել, եթէ ատկէ առաջ տուած չըլլայի անոր լպիրշ բանալին»։ Ուզեցի սակայն գրառումի ժամանակագրական կարգը պահել։ Ու ատկէ անկախ, թող թոյլատրուի ինծի, իբրեւ թարգմանիչ, ըսել որ հարց մը կը յարուցանէ իմ աչքիս Բատայլի 1956ի ներածական խօսքը։ Ըսածին հետ չհամաձայնելու հարց մը չէ, բնական է։ Ա՞յլ։ Այլ կապ ունի փիլիսոփայական կամ աւելի ճիշդ հոս՝ հակա-փիլիսոփայական յառաջաբան մը գրելու գաղափարին հետ, կարծես «Տիկին Եդուարդա»ն ինքնաբաւ չըլլար իբրեւ գրական գործ ու պէտք ունենար յաւելեալ բացատրութիւններու։

Անշուշտ վերը՝ նոյնիսկ եթէ «փիլիսոփայական» բառը գործածեցի առանց չակերտի, ըրի այդ՝ որոշ վերապահութեամբ։ Բատայլ ասպարէզով փիլիսոփայ չէր։ Ինչ որ չ’արգիլէր մէկու մը որ փիլիսոփայական տրակտատներ գրէ։ Բայց Բատայլին որդեգրած դիրքը եղած է միշտ փիլիսոփայութեան հետ ներսէն կամ դուրսէն տրամախօսութեան եւ հակամարտութեան կեցուածք մը, ուղղակիօրէն Ալեքսանդր Կոժեւին հետ-դէմ (որուն փարիզեան սեմինարին հետեւած է, Հեգելի մասին, 1933-1939 տարիներուն) եւ անուղղակիօրէն Հեգելին հետ-դէմ, բայց նաեւ ու վերստին ուղղակիօրէն՝ իր ժամանակակից Սարթրին։ Տրամախօսութիւնը կ’ենթադրէ ծայրագոյն ստանձնումը, ներքնացումը, փիլիսոփայութեան «համապարփակութեան» ձգտումին եւ միեւնոյն պահուն՝ այդ ձգտումին դէմ ներքին, ներսէն աշխատանք մը, «փորձ»ի կամ «փորձառութեան» մը անունով։ Երկուքը միշտ ներկայ են միաժամանակ Բատայլի գործին մէջ։ Գրականութիւնը կը մտածուի ու կը կիրարկուի իր կողմէ մտածումի եզրին, մտածումի քաշողութեան դաշտէն ներս, կամ թերեւս յարակարծիքով մը նախընտրելի ըլլար ըսել՝ մտածումի վանողութեան դաշտէն ներս։ Մտածումի դաշտէն ներս-դուրս այդ քաշողութիւն – վանողութիւնը մղիչ ուժն է իր պոռնկագրական արտադրութեան, ինչ որ վերջին հաշուով՝ շատ կը մօտեցնէ զինք իրմէ երկու դար առաջ ապրած Մարքի տը Սատին։ Այդ եւ ուրիշ շատ մը իմաստներով՝ բացառիկ հեղինակ մըն է։

Պէտք է վերջացնել թարգմանական դժուարութիւններով, յաճախ անյաղթահարելի, որոնց հանդիպեցանք «ներածական խօսք»ին մէջ։ Պատճառ մը չկայ զանոնք ծածկելու։ Հայերէն բառ չունէինք օրինակ ֆրանսերէն érotismeին փոխարէն։ Էրոթիզմը փորձառութիւն մըն է Բատայլին համար, ծայրագոյնը ու այդ փորձառութիւնն է, որ կը հակադրուի իր կողմէ փիլիսոփայական «էութեան»։ Պահեցինք ֆրանսերէն բառը։ Չունէինք նաեւ ֆրանսերէն êtreը թարգմանող բառ մը։ Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ։ Քանի որ հայերէնով փիլիսոփայական մտածողութիւնը կեցած է ԺԴ․ դարում, սքոլաստիկ փիլիսոփայութեան ընկալումով, հայերէն «էութիւն»ը կը թարգմանէ լատիներէն esseն, բայց այսօր ո՛չ մէկ միջոց ունինք հայերէնով êtreի եւ essenceի միջեւ տարբերութիւնը արտայայտելու համար։ Թարգմանեցինք՝ էութիւն, գոյ, գոյացում։ Անշուշտ բառ չունէինք նոյնպէս թարգմանելու համար ֆրանսերէն extaseը (հեշտանքի ինքնակորուսումը), սեռային ինչպէս միստիքական, ուրեմն նաեւ՝ հմայափոխութիւնը) ու նաեւ Բատայլին յատուկ excêsն, որ էութեան, գոյին ու գոյացումին ժխտումն իսկ է, քանի որ էութիւն-գոյացումը ինքն իր զանցումն է փորձառութեան մէջ։

Ինչպէս միշտ, կը դրուի պահանջը մտածող թարգմանութեան մը։

Մարկ Նշանեան

[1] Georges Bataille, Oeuvres Conplètes, III, Oeuvres littéraires, Gallimard, 1971.

[2]  Ժորժ Բատայլի գործին ու կեանքին մասին տեղեկանալ ուզող ընթերցողը կը յղեն Միշէլ Սիւրիայի հատորին, Michel Surya, Georges Bataille, la mort  à  l’oeuvre, Փարիզ, հրատարակչատուն Կալիմար, 1992։ Հայալեզու  ընթերցողը այսօր ունի իր տրամադրութեան տակ ժորժ Բատայլէն  հատորիկ մը, Կրօնի տեսութիւն, քննադատական էսսէներ վերնագրով (Երեւան, հրատ․ Ապողոն, 1998), որուն վերջաւորութեան դրուած է տարեգրութիւն մը, ոմն Ս․ Ֆոկինի հեղինակութեամբ (թարգմանուած հայերէնի, բայց ի՞նչ  լեզուէ, չէ ըսուած, քանի որ ընթերցողին կմերժուի Ֆոկինի մասին որեւէ տեղեկութիւն)։ Հոն կը կարդանք հետեւեալը Կոժեւի դասերուն վերաբերեալ, որոնց Բատայլ սկսած էր հետեւիլ 1934ին․ «Տեղնուտեղը ծնուող իմաստութեան այդ դասերը (Կոժիեւը կարդում էր առանց նշումների, ձեռքին պահած միայն Գէօթէի գերմաներէն բնագիրը, որը պարբերութիւն առ պարբերութիւն բարձրաձայն թարգմանում էր՝ տալով շշմեցուցիչ մեկնաբանութիւնները) հսկայական ներգործութիւն ունեցան Բատայլի մտածողութեան վրայ»։ Մեկնաբանութիւնները որու՞ն համար շշմեցուցիչ էին չէ ըսուած։ Տարօրինակը սակայն Գէօթէին անունին յայտնութիւնն է։ Ի՞նչ գործ ունի հոս անկեղծօրէն՝ չեմ գիտեր։ Որու՞ն սխալն է։ Ֆոկինի՞ն, թէ հայ թարգմանիչի՞ն։

 ՏԻԿԻՆ ԵԴՈՒԱՐԴԱ

 Եթէ ամէն ինչէ կը վախնաս, կարդա՛ այս գիրքը, բայց նախ՝ լսէ զիս։ Եթէ խնդաս, կը նշանակէ որ վախ կայ մէջդ։ Գիրք մը, ըստ քեզի, անշարժ առարկայ մըն է։ Ինչու՞ չէ։ Եւ սակայն եթէ դու՞ն ես որ կարդալ չե՛ս գիտեր, ինչպէս երբեմն կը պատահի։ Պէտք է սոսկա՞ս․․․։ Մինա՞կ ես։ Կը մսի՞ս։ Գիտե՞ս արդեօք թէ մինչեւ ո՛ր կէտը «դուն» ես՝ մարդ էակը։ Ապու՞շ։ Եւ մե՞րկ։

ԱՆՁԿՈՒԹԻԻՆՍ Է ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԻՇԽԱՆԸ։ ՄԵՌԵԱԼ  ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻԻՆՍ ՓՈՂՈՑԸ ՆԵՏՈՒԱԾ Է։ ԱՆԹԱՓԱՆՑԵԼԻ –ՇՈՒՐՋԸ ԿԱՅ ԴԱԳԱՂԱՅԻՆ ԼՌՈՒԹԻԻՆ ՄԸ – ԾՈՒԱՐԱԾ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻԻՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ – ԵԻ ՍԱԿԱՅՆ ԻՐ ՏՐՏՄՈՒԹԻԻՆԸ ԿԸ  ԾԻԾԱՂԻ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ ՎՐԱՅ։

Փողոցի մը անկիւնը՝ անձկութիւնը, աղտոտ եւ արբեցող անձկութիւն մը, հարուածեց զիս (թերեւս որովհետեւ լուացարանի աստիճաններուն վրայ՝ անցողակի երկու աղջիկներ տեսած էի)։ Այդպիսի վայրկեաններու՝ ինքզինքս դուրս տալու, փսխելու բաղձանքը կը համակէ զիս։ Պէտք պիտի ըլլար մերկանալ, կամ ուզած աղջիկս մերկացնել, անհամ միսերու գաղջութիւնը զիս պիտի հանգստացնէր։ Բայց դիմեցի ամենէն խեղճ ու կրակ միջոցին։ Մատկարարէն փեռնօ մը ապսպրեցի եւ ումպ ումպ կլլեցի զայն։ Յետոյ՝ սրճարանէ սրճարան շարունակեցի նոյն արարողութիւնը, մինչեւ որ․․․ Գիշերը վրայ կը հասնէր։

Սկսայ թափառիլ այն պատշաճ փողոցներուն մէջ, որոնք կ’երկարին Ֆոպուրկ Փոուասոնիէռէն մինչեւ Ռիւ Սէն Տընի։ Մինակութիւնը եւ գիշերուան մութը սաստկացուցին հարբածութիւնս։ Գիշերը մերկ էր պարապ փողոցներուն մէջ եւ ուզեցի ես ալ մերկանալ իրեն պէս։ Տաբատս հանեցի եւ թեւիս վրայ ծալլեցի զայն։ Կ’ուզէի գիշերուան զովութիւնը սրունքներուս մէջ բռնել ու չփչացնել։ Զգլխիչ ազատութեամբ մը կը քալէի փողոցն ի վար։ Ինքզինքս մեծցած կը զգայի։ Ձեռքիս մէջ կանգնած անդամս բռնած էի։

(Սկսելու այս ձեւը գիտեմ, աւելի քան դաժան է: Կրնայի անշուշտ խուսափիլ այդ նկարագրութիւններէն եւ մնալ «ճշմարտանման», հաւատալի։ Շահաւոր պիտի ելլէի եթէ չի շրջանցէի իրականութիւնը։ Բայց այդպե՛ս է, ի՞նչ ընեմ։ Սկիզբը շրջանցք չի հանդուրժեր։ Ուրեմն կը շարունկեմ։ Աւելի դաժան․․․)։

Ձայնէ մը մտահոգուելով պահ մը՝ ետ հագայ տաբատս եւ ուղղուեցայ դէպի հայելիները։ Հոն՝ լոյս էր վերստին։ Աղջիկներու երամի մը մէջտեղն էր Տիկին Եդուարդան, մերկ, լեզուն դուրս։ Իմ ճաշակիս համաձայն դատելով՝ սքանչելի էր ան։ Զինքը ընտրեցի։ Եկաւ քովս նստաւ։ Տակաւին ժամանակ չէի ունեցած սպասաւորէն բան մը պատւիրելու։ Առի Եդուարդան եւ ան ինքզինքը լքեց։ Մեր բերանները միացան հիւանդ համբոյրի մը փոխանակութեամբ։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր։ Կային այրեր ու կիներ, եւ ա՛յդ էր անապատը ուր խաղը քարշ տուաւ։ Յանկարծ իր ձեռքը վար սահեցաւ։ Ես անսպասելիօրէն՝ հայելիի մը պէս կոտրեցայ, կը դողայի վարտիիս մէջ։ Զգացի որ Տիկին Եդուարդան, իր յետոյքը ձեռքերուս, ինքն ալ նոյն վայրկեանին՝ պատռեցաւ։ Եւ աչքերուն մէջ, խոշորցած, ահաբեկած, սարսափը կար։ Եւ կոկորդին մէջ՝ երկար խռնդիւն մը։

Յիշեցի, որ որոշած էի գարշելի կերպով վարուիլ։ Պէտք էր, անպայման պէտք էր որ այդպե՛ս ալ  ըլլար։ Ձայներու ժխորին, լոյսերուն, մուխին ընդմէջէն՝ գահավէժ խնդուքներ լսեցի։ Բայց այլեւս ետ քայլ չկար։ Եդուարդան թեւերուս մէջ սեղմեցի, ժպտեցաւ։ Անմիջապէս՝ կորսուեցաւ։ Նոր բախում մը, ընդհարում մը ցնցեց զիս։ Լռութեան պէս բան մը շատ վերերէն վրաս տապալեցաւ ու պատեց զիս, մարմինս ամբողջ սառեցուց։ Անմարմին եւ անգլուխ հրեշտակներու խումբով մը շրջապատուած, կը համբառնայի, թեւաւոր սահանքներով։ Բայց պարզ էր։ Թախծութեան ալիք մը պարուրեց զիս եւ ինքզինքս զգացի լքուած այնպէս՝ ինչպէս մարդ լքուածութեան զգացումը՝ կ’ունենայ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ներկայութեամբ։ Հարբածութենէն գէշ էր եւ անկէ շատ աւելի խելառ բան մը։ Տխրութիւնը կար արդէն, երբ կը մտածէի որ այդ իմս դարձած յանկարծական բարձրացումը Եդուարդային հետ սպասած հաճոյքներէս պիտի զրկէր զիս։

Անհեթեթ էր,  իսկապէս։ Եդուարդան ու ես երկու խօսք չէինք փոխանակած։ Վայրկեան մը՝ անհանգստութենէս տարուեցայ։ Վիճակէս ոչի՛նչ կրնայի հաղորդել։ Ժխորին եւ լոյսերուն մէջտեղը, գիշերը զիս կը համակէր։ Ուզեցի սեղանը հրել, ամէն ինչ տակն ու վրայ ընել։ Սեղանը գետինը գամուած էր, զայն դրդել կարելի չէր։ Կա՞յ արդեօք աւելի ծիծաղելի կացութիւն մը աշխարհի երեսին։ Ամէն ինչ անհետացած էր, սրահը, Տիկին Եդուարդան։ Միայն գիշերը․․․

Ապշած էի։ Ձայն մը, շատ մարդկային տեսակէն, սթափեցուց զիս։ Տիկին Եդուարդային ձայնն էր, իր ազազուն մարմնին պէս՝ ձայնն ալ ցոփութեան հով մը ունէր իր մէջ։

-Ցնցոտիներս կ’ուզե՞ս տեսնել, կ’ըսէր։

Երկու ձեռքով սեղանին կառչած՝ դարձայ իրեն։ Նստած էր։ Սրունքներէն մէկը բացած՝ օդին մէջ կպահէր։ Սրբազան ճեղքը աւելի լայն բանալու համար, երկու ձեռքերով՝ մորթը ետեւ կը քաշէր։ Այսպէս Եդուարդայի «ցնցոտիները», մազոտ ու վարդագոյն, գարշելի աղտեղութեան մը պէս կենսայորդ, ինծի կը նայէին։ Կամաց մը կմկմացի․

-Ինչու՞  կ’ընես։

-Կը տեսնես, ըսաւ, Աստուած եմ․․․

-Խելքիդ եկեր է․․․

-Բայց ո՛չ, նայիլդ պէտք է, նայէ՛։

Իր խռպոտ ձայնը հեզացաւ, գրեթէ մանկական դարձաւ, յոգնած շեշտով մը ըսելու համար ինծի, լքուածութեան անհուն ժպիտովը՝ «ի՜նչ հաճոյք էր»։

Բայց պահած էր գայթակղելի դիրքը։ Հրամանը հնչեց․

-Պագնէ՛։

-Բայց․․․, հակաճառեցի , բոլորի՞ն  առջեւ։

-Անշուշտ։

Կը դողայի։ Կը նայէի իրեն, անշարժ էր։ Այնքան հեզութեամբ կը ժպտէր ինծի, որ կը դողայի։ Վերջապէս ծունկի եկայ, երերացի, եւ շրթունքներս դրի բաց վէրքին վրայ։ Իր մէրկ զիստը ականջս շոյեց։ Կարծեցի կոհակներու ձայնարկութիւնը լսել, այն ձայնը, որ կը լսուի երբ խեցիներու բացուածքին կը մօտեցնես ականջդ։ Բոզանոցի անհեթեթութեան եւ շուրջս դարձող թոհ ու բոհին մէջ (պիտի խեղդուէի, շառագունած էի, քրտնաթոր), տարօրինակ է՝ առկախուած մնացի, կարծես Եդուարդան ու ես փոթորկոտ գիշեր մը կորսուած ըլլայինք ծովուն յանդիման։

Ուրիշ ձայն  իմացայ, որ կու գար գիրուկ ու գեղամարմին կնոջմէ մը, շատ շնորհքով հագուած։

-Տղաք, չըլլա՜ր, պէտք է վեր ելլէ՛ք։

Ենթատնօրէնուհին էր։ Դրամս առաւ։ Կայնեցայ ու Տիկին Եդուարդային հետեւեցայ, որուն անդորրաւէտ մերկութիւնը սրահը ճեղքեց անցաւ։ Այդ պարզ անցքը աղջիկներով ու յաճախորդներով լեցուն սեղաններուն միջեւ, այդ «աստիճաններէն բարձրացող կնոջ» ետեւէն քալելը, իբրեւ այն այրը որ պիտի սիրէ զինք, տեսլահարութեան մը պէս թուեցան ինծի այդ պահուն։ Քարէ գետնին վրայ Տիկին Եդուարդային բարձր կրունկները, իր երկար ու յայրատ մարմնին կոտրտուիլը, իր հեշտայոյզ կնոջ անդամներէն ծորող բարկ հոտը քիթիս տակ, այդ սպիտակ մարմնին բուրումը․․․Տիկին Եդուրադա առջեւէս կքալէր․․․Ամպի մը վրայ։ Սրահին աղմկոտ անտարբերութիւնը դէպի իր զգացած երջանկութիւնը, իր քալուածքին չափուած իմաստաբանութիւնը, ամբողջը՝ թագաւորական սրբագործում մըն էր եւ ծաղկաբաշխ տօնակատարութիւն մը։ Մահը, անձամբ, կը մասնակցէր տօնակատարութեան, որովհետեւ բոզանոցի մերկութիւնը մսագործի դանակին հրաւէրն էր։

———————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————————– պատերը ծածկող, առաստաղը կազմող հայելիները զուգաւորման կենդանական պատկեր մը կը բազմապատկէին։ Ամենադոյզն շարժումին, մեր պարտասած սիրտերը կը բացուէին պարապին վրայ, ուր մեր անդրադարձին անվերջանալիութիւնը կորուստի կը մատնէր զմեզ։

Ի վերջոյ՝ հաճոյքը աղէկէզ ըրաւ մեզ։ Ոտքի ելանք եւ լրբօրեն նայեցանք իրարու։ Ակնապիշ կը դիտէի Տիկին Եդուարդային։ Երբեք այդքան գեղեցիկ- եւ այդքան մերկ- աղջկան մը չէի հանդիպած։ Պահելով զիս իր նայուածքին տակ, գզրոցէ մը զոյգ մը սպիտակ գուլպաներ հանեց, նստաւ անկողինին վրայ եւ հագաւ զանոնք մէկ առ մէկ։ Մերկութեան զառանցանքէն յափշտակուած էր։ Անգամ մը եւս՝ սրունքները բացաւ եւ ճեղքուածքը յայտնեց։ Մեր երկու մարմիններու բարկ մերկութիւնը մեզ սրտազեղ նոյն սպառումին կը յանձնէր։ Սպիտակ պոլեռօ մը անցուց ուսերուն, մերկութիւնը տոմինոյի մը տակ ծածկեց։ Տոմինոյի գլխարկին ներքեւ դէմքը հազիւ կը տեսնուէր։ Ժանեկազարդ դիմակը անճանաչելի դարձուցած էր զինք։ Այդպէս հագուած՝ խոյս տուաւ ինձմէ եւ ըսաւ․

-Դուրս ելլե՛նք։

-Բայց․․․ արտօնուա՞ծ ես դուրս ելլելու, հարցուցի ես։

– Շուտ, ֆիֆի, պատասխանեց խնդումերես, այդպէս մերկ դուրս չես կրնար ելլել։

Հագուստներս երկարեց ինծի, օգնեց որ հագուիմ, բայց գործողութեան պահուն՝ քմահաճոյքը իմ եւ իր միսերուն միջեւ նենգ փոխանակում մը կը ստեղծէր։ Նեղ աստիճաններէն վար իջանք․ հոն է, որ սպասուհիի մը հանդիպեցանք։ Փողոցի յանկարծակի մութին մէջ զարմացայ Եդուարդան այդպէս փախուստի մէջ, սեւեր հագած տեսնելուս։ Կը շտապէր, կը խուսափէր ինձմէ։ Օդը ցուրտ չէր բնաւ։ Կը դողայի սակայն։ Եդուարդան՝ օտար։ Աստղաւուն երկինք, պարապ եւ խելառ, մեր գլուխներուն վերեւ։ Կթոտ էր քալուածքս, այդպէս կը կարծէի, բայց եւ այնպէս՝ կը քալէի։

Գիշերուան այդ ժամուն, դատարկ էր փողոցը։ Յանկարծ, չարամտութենէն դրդուած եւ առանց բառ մը արտասանելու, Եդուարդան սկսաւ վազել, միս մինակը։ Սէն-Տընիի տաճարը կար դիմացը․ այդտեղ կանգնեցաւ։ Ես տեղէս չէի շարժած։ Ինծի պէս եւ ինծի չափ անշարժացած՝ Եդուարդան կամարին տակ կը սպասէր։ Ամբողջութեամբ սեւ էր, միապաղաղ ծակի մը պէս անձկագին։ Հասկցայ յանկարծ, որ խնդալու տրամադրութեան մէջ չէր․ կրնամ ըսել մինչեւ իսկ, որ զինքը ծածկող հագուստին տակ՝ բացակայ էր ինք։ Գիտցայ այդ ատեն-արբեցումս փարատած էր-, որ սուտ չէր խօսած Ան, որ Աստուած էր։ Իր ներկայութիւնը քարի մը անհասկնալի պարզութիւնն ունէր։ Քաղաքին մէջ էինք, եւ սակայն լերան բարձունքին վրայ գտնուելու տպաւորութիւնը կար մէջս, գիշերուան կեդրոնին, անկենդան մինակութիւններու մէջտեղը։

Իրմէ ազատագրուած զգացի ես զիս- այդ սեւ քարին առջեւ՝ մինակ էի։ Կը դողայի, մէջս հեռաւոր կռահումով՝ կը գուշակէի ամենէն անմարդաբնակ վայրերը։ Ո՛չ մէկ ձեւով՝ կացութեան զաւեշտական ահաւորութիւնը կը խուսափէր ինձմէ։ Ան, որուն տեսքը հիմա կը սարսռացնէր զիս, քիչ առաջ հետս․․․ Փոփոխութիւնը այնպէս՝ ինչպէս մարդ կը սահի։ Տիկին Եդուարդային մէջ՝ սուգը, առանց ցաւի, առանց արտասուքի սուգ մը- դատարկ լռութեան վերագրած էի։ Եւ սակայն ուզեցի գիտնալ․ այդ կինը, քիչ առաջ այդքան մերկ, որ զիս «ֆիֆի» կը կոչէր․․․ Փողոցին միւս կողմը անցայ, անձկութիւնս կ’սէր ինծի թէ պէտք է կենայի․ բայց կը շարունակէի քալել ու յառաջանալ։

Առանց բառ մը արտասանելու, ձախ կողմի սիւնին մօտեցաւ ան, աննշմարելի քայլերով։ Կոթողային դուռէն երկու քայլ անդին էր միայն։ Երբ մտայ իմ կարգիս կամարին տակ, տոմինոն անձայն անհետացաւ։ Մտիկ ըրի, դադրած էր շնչելէ։ Կը զարմանայի, տեսնելով թէ որքա՛ն լաւ կը հասկնամ կոր։ Երբ սկսած էր վազել, գիտէի, որ անխուսափելի էր․ պէտք է վազէր, շքամուտքին տակը նստէր։ Եւ երբ կեցաւ եղած տեղը, բացակայութեան համանման իրականութեան սեմին հասած, կանգնեցաւ անհաւանական խնդուքներէն շատ անդին անցած արդէն իսկ։ Չէի տեսնէր զինք այլեւս։ Կամարէն կ’իջնէր ահարկու մթութիւն մը։ Առանց վայրկեան մը իսկ անդրադարձած ըլլալու իրողութեան, «գիտէի» որ մահամերձի ժամանակշրջանս սկսած էր։ Կ’ընդունէի եղածը։ Կ’ընդունէի նոյնիսկ գալիք տառապանքը․ երթալ ասկէ ալ անդին, աւելի հեռու- հարուածներ ստանալու վտանգը աչքի առաջ-,մինչեւ «պարապը»։ Գիտէի․ կ’ուզէի գիտնալ․ գաղտնիք մը հետապնդողի ծարաւով, առանց վայրկեան մը իսկ տարակուսելու, թէ մահը իր մէջ արդէն իսկ հաստատած էր իր իշխանութիւնը։

Կամարին տակ կը հեծեծէր, ահաբեկած էր։ Ես կը կատակէի՝

-Մարդոց մէջ միակը, որ զանցած ըլլայ այս տաճարին ոչնչութիւնը։

Կը դողայի, խորհելով, որ կրնար փախչիլ, ընդմիշտ անհետանալ։ Այդ ընդունելով է, որ կը դողայի։ Բայց խենթենալու պէս կ’ըլլայի, երբ կը փորձէի պատկերացնել այդ հնարաւորութիւնը, անհետանալը։ Անհաւատալի բան մըն էր։ Դրան առջեւ՝ յուսաբեկ եւ կքած մնացի։ Վերջնականապէս յուսահատեցայ, երբ պողոտային հանդիպակաց ափին՝ տոմինոն տեսայ, որ ստուերին մէջ կը կորսուէր։ Եդուարդան կայնած էր սրճարանի մը պատշգամին առջեւ, միշտ զգալիօրէն բացակայ։ Ուղղուեցայ իր կողմը, խելակորոյս կ’երեւէր, անպայման՝ ուրիշ աշխարհէ մը եկած, եւ փողոցներուն մէջ իր թափառումով՝ ուրուականէ մը պակաս, յապաղած աղջամուղջ մը կը թուէր ըլլալ։ Կամաց մը ընկրկեցաւ, երբ մօտեցայ իրեն եւ պարապ պատշգամին սեղաններէն մէկուն զարնուեցաւ։

Կարծես՝ կ’արթնցնէի զինք։ Հարցուց ինծի, անկենդան ձայնով մը․

-Ու՞ր եմ։

Յուսաբեկ, ցոյց տուի իրեն դատարկ երկինքը։ Նայեցաւ։ Վայրկեան մը դիմակին տակ, աչքերը անսեւեռ մնացին, աստղերու դաշտերուն մոլորած։ Կ’օգնէի իրեն, որ չիյնայ։ Հիւանդագին շարժումով մը երկու ձեռքերը տոմինոն կսեղմէին առջեւէն։ Սկսաւ-։ Կը տառապէր, կարծեցի այդ պահուն, որ կու լար, բայց աշխարհը եւ անոր հետ՝ անձկութիւնը շնչահեղձ կմեռնէին։ Արտասուելը անհնարին էր։ Հեռացաւ քովէս, խոր զզուանքի ազդեցութեան տակ, եւ ետ հրեց զիս։ Յանկարծ, խելակորոյս վազեց․ տեղն ու տեղը կեցաւ․ տոմինոյին կտաւը մէկդի նետեց, յետոյքը ցոյց տուաւ, ոռին մէկ շարժումովը՝ դիրք բռնելով․ յետոյ՝ դարձաւ ետ եւ վրաս նետուեցաւ։ Վայրագութեան շունչ մը զինք կը կատղեցնէր․ սկսաւ դէմքս զարնել զայրագին, գոց ու սեղմած բռունցքներով, կարծես կը կռուեր, լուռ ու անիմաց շարժումով մը։ Կթոտեցայ եւ գետին ինկայ․ ինք փախաւ վազելով։

Ոտքի չէի ելած դեռ, ծունկի եկած էի, երբ ետեւ նայեցաւ։ Խոռոչային ձայնով մը ոռնաց։ Դէպի երկինք կը գոռար եւ թեւերը օդին մէջ պարզած՝ իր ահաբեկումէն մղուած էր։

-Շունչս կը կտրուի, կը պոռար, բայց դուն՝ վարդապետի  տղայ, կը քաքնեմ վրադ․․․

Ձայնը բոլորովին կոտրեցաւ, հռնդիւնով մը վերջանալով ձեռքերը երկարեց զիս խեղդելու համար․ եւ տապալեցաւ։

Կտրտուած որդի մը պէս, գետինը կը սողոսկէր, շունչի նեղութենէն ընկճուելով։ Հակեցայ եւ ստիպուեցայ դիմակին ժանեակը հանել բերնէն, որովհետեւ զայն ակռաներով պատռտելու եւ կլլելու փորձեր կ’ընէր։ Հագուստներուն անկանոնութիւնը զինք մինչեւ գեղձը մերկացուցած էր։ Իր մերկութիւնը հիմա մեռեալի մը հագուստին պէս իմաստէ զուրկ կը թուէր- եւ միաժամանակ՝ չափազանց իմաստալից։ Ամենէն տարօրինակը- եւ ամենէն շատ անձկութիւն պատճառողը- լռութիւնն էր, որուն մէջ Տիկին Եդուարդան կ’արգելափակուէր։ Իր տառապանքին դրսեւորումը անկարելի դարձած էր եւ ինք՝ այդ անելին  մեջ կը մխրճուէր, այդ սիրտերու գիշերին մէջ, որ նուազ անբնակելի չէ՛ր, ո՛չ ալ նուազ թշնամական, քան դատարկ երկինքը։ Իր մարմնին ձկնային տապլտկումները, իր դէմքին արտայայտած զզուելի կատաղութիւնը, կեանքը կը մոխրացնէին իմ մէջս, զայն կտոր կտոր կ’ընէին, զզուանքի ծայրագոյնը։

(Սխալ չհասկացուիմ։ Ապարդիւն կատակաբանութեան բաժին մը ապահովել կ’ուզեմ, երբ կ’ըսեմ թէ Տիկին Եդուարդան Աստուած էր։ Այսուհանդերձ՝ բոզանոցի պերճաղիճի մը կամ կիսախելագարի մը դիմագիծերով Աստուած տեսնելը՝ իմաստի մը լիութեան չի հասնիր տակաւին։ Առ առաւելն՝ կ’ուրախանամ եթէ մարդիկ խնդան տրտմութեանս աստիճանը նշմարելով։ Ա՛ն միայն կը կը հասկնայ զիս՝ որուն սիրտը անբուժելի վէրքէ մը կը տառապի, որմէ ո՛չ մէկը երբեք պիտի չուզէր բուժուիլ․․․ Եւ ո՞ր մարդը, վիրաւոր, պիտի ցանկար մեռնիլ ուրիշ վէրքէ մը)։

Անդարձ իրողութեան մը պատահած ըլլալու գիտակցութիւնը, գիշերուան մէջ երբ ծնրադրեր էի Եդուարդային մօտ, նուազ յստակ չէր այն ատեն, նուազ սահմռկեցուցիչ ալ  չէր, եթէ զայն բաղդատեմ հիմակուան (գրած պահուս) զգացածիս հետ։ Իր տառապանքը մէջս էր, նետի մը ճշմարտութեան հանգոյն։ Պիտի հասնի սրտին, գիտենք, բայց պիտի հասնի մահը բերելով իր հետ։ Կը սպասեմ։ Ոչնչութեան դիմացածը ի՞նչ իմաստ կը պահէ իր մէջ։ Աւելցուքներու իմաստը թերեւս, որոնցմով կեանքս կը շարունակէ զբաղիլ, ապարդիւն։ Այդքան սեւ լռութեւան մը մէջ, յուսաբեկումս փոփոխութիւն մը արձանագրեց։ Եդուարդային գալարումները զիս  ինձմէ կը բաժնէին եւ կը նետէին սեւ անդրաշխարհ մը, անգթօրէն, այնպէս՝ ինչպէս դատապարտեալը կը յանձնուի դահիճին։

Ա՛ն որ մատնուած է չարչարանքին, անվերջանալի սպասումէն ետք վերջապէս կը հասնի լոյսին։ Կը հասնի ճիշդ այն կէտին, ուր սահմռկեցուցիչը պիտի կատարուի։ Եվ հոն՝ կը դիտէ պատրաստութիւնները։ Սիրտը կը զարնէ, ուժգին բաբախումով։ Նեղցած հորիզոնին մէջ, իւրաքանչիւր առարկայ, իւրաքանչիւր դէմք, ծանր իմաստ մը կը ստանայ եւ կը մասնակցի կապի սեղմումին, որմէ այլեւս խուսափելու, ազատելու որեւէ միջոց անհետացած է։ Երբ հանդիսատես գտնուեցայ  Տիկին Եդուրդայի գալարումներուն, նման յափշտակման վիճակի մը մէջ գտայ ինքզինքս, բայց մէջս անզգալաբար կատարուած փոփոխութիւնը զիս չէր արգելափակեր։ Տիկին Եդուարդային դժբախտութիւնը զիս կը զետեղէր հորիզոնի մը առջեւ, որ խուսափուկ էր, այնպէս՝ ինչպէս անձկութեան մը դրդապատճառը։ Պատառոտուն, տարբաղադիր, բիրտ շարժում մը ունեցայ։ Պայմանաւ որ, չարամիտ դառնալով, գանիմ ես ինձմէ։ Գլխապտոյտ պատճառող գահավիժումը, որ կը տանէր զիս դէպի անդունդ, առջեւս բացած էր անտարբերութեան ոլորտ մը։ Այլեւս մտահոգուելու, ցանկալու, հարցեր չէր դրուեր։ Կար ջերմին չորցնող հմայափոխութիւնը։ Այդ կէտին հասած, կը ծնէր կանգ առնելու բացարձակ անկարելիութենէն։

(Եթէ նպատակս հոս՝ մերկանալ է, այն ատեն՝ յուսախաբութիւն մըն է, բառերուն հետ այս խաղը, պարբերութիւններու դանդաղութենէն անցնելու այս ստիպողութիւնը։ Եթէ կարդացողը ըսածս մերկութեան չի վերադարձներ, զայն իր ձեւէն ու հանդերձանքէն զրկելով, գրածս պարապին է։ Բայց գիտեմ արդէն իսկ՝ որ յուսահատ ճիգ մըն է։ Զիս ակնապիշ ընող, շանթահարող կայծակը հաւանաբար ի՛մ աչքերս կուրցնելու ատակ է։ Այսուհանդերձ՝ Տիկին Եդուարդան երազի մը ուրուականը չէ՛։ Իր քրտիքով թրջեցաւ իմ թաշկինակս։ Կ’ուզէի ուրիշներ հասցնել այն կէտին, ուր ես հասայ իր հետ։ Այս գրքոյկը իր գաղտնիքն ունի։ Ստիպուած եմ զայն լռելու։ Բառերէն անդին կը գտնուի):

Վերջպէս՝ տագնապը հանդարտեցաւ։ Գալարումները քիչ մը եւս շարունակեցին, բայց կորսնցուցած էին ա՛լ  իրենց ուժգնութիւնը։ Շունչը տեղը եկաւ, գիծերուն պրկումը թուլացաւ, տմարդի տեսքը կորսնցուց։ Կարճ պահ մը, ամբողջովին ուժասպառ, երկնցայ մայթին վրայ իր մարմնին կողքին։ Զինք ծածկեցի հագուստովս։ Ծանր չէր մարմինը։ Որոշեցի գրկել զինք։ Պողոտային վրայ, թաքսիներու կանգառը մօտ էր։ Թեւէրուս մէջ՝ անշարժ մնաց։ Ճամբուն երկայնքին՝ երեք անգամ ստիպուեցայ կենալ, բայց հետզհետէ կը կը վերակենդանանար ան։ Երբ հասանք, ուզեց կանգնիլ, քայլ առաւ, երերաց։ Իմ օգնութեամբս՝ մտավ ինքնաշարժին մէջ, նստաւ։

Կամաց մը ըսաւ՝

-․․․ Դէռ ո՛չ․․․ Թո՛ղ սպասէ․․․։

Վարորդէն խնդրեցի որ չշարժի տեղէն։ Չափէն աւելի ուժասպառ, մտայ ես ալ ինքնաշարժին մէջ եւ ծանրօրէն նստայ Եդուարդային մօտ։

Երկար ատեն՝ մնացինք առանց խօսելու, Տիկին Եդուարդան, վարորդն ու ես։ Երեքս ալ մեր տեղերը գամուած, բացարձակապէս անշարժ, կարծես՝ ինքնաշարժը քալէր երթար։

Վերջապէս՝ Եդուարդան ինծի դարձաւ․

-Հալ թող երթայ։

Վարորդին փոխանցեցի եւ մեկնեցանք։

Մեզ անցուց մութ փողոցներէ։ Հանդարտ եւ դանդաղ շարժումներով՝ Եդուարդան իր տոմինոյին կապերը քակեց, ձգեց որ իյնայ գետին։ Դիմակն ալ չունէր այլեւս։ Պոլեռոն հանեց եւ ինքն իրեն խօսելու պէս՝ ըսաւ․

-Կենդանիի պէս մերկ։

Ինքնաշարժը կեցուց մէջտեղի ապակիին թափահարելով եւ իջաւ վար։ Վարորդին մօտեցաւ, իրեն դպելու աստիճան, եւ ըսաւ․

-Կը տեսնես․․․ Մերկ եմ․․․ Եկու՛ր։

Անշարժ վարորդը կը նայէր կենդանիին։ Ան, հեռանալով քիչ մը, սրունքը վեր կը բռնէր, ուզելով որ ճեղքը տեսնէ։ Ուժով էր ու բիրտ։ Եդուարդան փաթթուեցաւ իրեն, առաւ իր բերանը եւ ձեռքովը խառնշտկեց վարտին։ Տաբատը իջեցուց եւ ըսաւ․

-Ներս եկու՛ր, ինքնաշարժին մէջ։

Եկաւ քովս նստեցաւ։ Եդուարդան հետեւցաւ իրեն, ելավ վրան, հեշտախոյզ, ձեռքովը՝ վարորդը իր մէջը դրաւ։ Յետոյ դանդաղ ու նենգ շարժումներ ունեցաւ, որոնցմէ զգալիօրէն՝ հաճոյքին գերուժը կը քաղէր։ Միւսը կը պատասխանէր, բրտօրէն իր ամբողջ մարմինը շարժի դրած էր։ Մօտիկութենէն ծնած՝ այդ երկու էակներուն դանդաղ մերկացումը, իրենց  գիրկընդխառնումը կը հասնէր չափազանցութեան կէտի մը, ուր սիրտը չի դիմանար։ Վարորդը, շնչահատ, գլուխը ետեւ նետած էր։ Ինքնաշարժին ներքին լամբը վառեցի։ Եդուարդան, իրանը ցցած, հեծած էր աշխատաւորի մարմինը, գլուխը դէպի ետեւ, մազերը՝ կախ։ Իր ծոծրակին տակ դրած էի ձեռքս, գլուխը բռնելու նպատակով, երբ տեսայ թէ ինչպէ՛ս աչքերը կը ճերմկնային։ Զինք ամուր բռնող ձեռքիս յենուելով՝ պրկուեցաւ, եւ այդ պրկումը աճեցուց իր հռնդիւնը։ Աչքերը տեղը եկան, պահ մը՝ թուեցաւ նոյնիսկ, թէ կը հանդարտէր։ Տեսաւ զիս։ Այդ վայրկեանին՝ գիտցայ, որ իր նայուածքը անհնարին տէղէ մը կը վերադառնար։ Իր խորքին՝ գլխապտոյտ ազդող անդրդուելիութիւն մը։ Այդ արմատական մակընթացութիւնը որ խուժեց իր մարմնին մէջ՝ հոսեցաւ նաեւ արցունքներով։ Աչքերէն յորդեցան։ Աչքերուն մէջ՝ սէրը մեռած էր, արշալուսային ցուրտ մը կծորէր անոնցմէ, թափանցկութիւն մը, ուր մահը կը կարդայի։ Երազային նայուածքին մէջ հանգուցուած ամէն ինչը՝ մերկ մարմինները, միսը բացող մատները, իմ անձկութիւնս եւ շրթունքներէն հոսող լորձունքին յիշատակը, ամէն ինչ կը մասնակցէր այդ կոյր գահավիժումին դէպի մահ։

Եդուարդային հեշտանքը- կենդանի ջուրերու աղբիւր – որ կհոսէր իր մէջ սրտաբեկ ընելու աստիճան, տարօրինակ ձեւով կ’երկարաձգուէր։ Հեշտանքի հոսումը չէր դադրեր իր ամբողջ էութիւնը փառաբանելէ, իր ամբողջ մերկութիւնը աւելի՛  մերկացնելէ, իր անամօթութիւնը աւելի՛ անամօթ դարձնելէ։ Մարմինն ու դէմքը, իրենցմէ դուրս հեշտութեան անասելի կլկլումին յանձատու, ունեցաւ հեզ ու բեկուն ժպիտ մը․ տեսաւ զիս իմ տխրութեանս խորութեան մէջ, որմէ զգացի թէ ինչպէ՛ս իր երջանկութեան հեղեղատը կը բացուէր, կը հոսէր։ Անձկութիւնս կը հակադրուէր իր հաճոյքին, այն հաճոյքին զոր պէտք է փափաքէի իրեն համար։ Եդուարդային տառապալից հաճոյքը ինծի տուաւ հրաշքի մը սպառիչ զգացումը։ Իմ կորուստս, իմ ջերմս անկարեւոր կը թուէին իմ աչքիս, բայց այդ էր ունեցածս։ Մէջս՝ միակ մերկութիւններն էին, որոնք  քիչ թէ շատ կը համապատասխանէին իր հմայափոխութեան, եւ պաղ լռութեան խորքին ծուարած՝ զինք «ջանս» կ’անուանէի։

Վերջին դողերը թոթուեցին, դանդաղօրէն։ Յետոյ՝ իր մարմինը, տակաւին փրփրալի, թուլցաւ։ Վարորդը, սիրաբանելէ ետքը, ինքզինքը լքած էր։ Ես չէի դադրած Եդուարդային ծոծրակը բռնելէ։ Հանգոյցը կակղացաւ։ Օգնեցի որ երկարի, քրտինքը սրբեցի։ Աչքերը մեռած վիճակի մէջ, կը ձգէր որ ընէի։ Ուժաթափ էր։ Երեխայի պէս՝ արդէն իսկ քունի մէջ կը մտնէր։ Երեքիս ալ  քունը տարաւ կարծեմ՝ Եդուարդային, վարորդինը, իմս։

(Շարունակե՞լ։ Պիտի ուզէի շարունակել, բայց վասն ինչի՞։ Ըսեմ ինչ որ զիս կը մտահոգէ գրելու ժամանակ․ ամէն ինչ անհեթե՞թ է, թէ տեղ մը իմա՛ստ մը կայ։ Հիւանդ կը դառնամ, այդ նոյն հարցումներուն շուրջ մտածելով անդադար։ Առտուները կ’արթննամ, միլիոնաւոր ուրիշներու նման – աղջիկ ու տղայ, ծծկեր երեխայ ու ծերունի – վերջնականապէս փարատած քուներ․․․ Ես ու այդ միլիոնները, մեր արթննալը իմաստ մը ունի՞ արդեօք։ Թաքուն իմա՞ստ մը։ Թաքուն՝ անպայման։ Բայց եթէ ոչի՛նչ իմաստ ունի, որքան ալ աստ անդ շարժիմ՝ արդիւնքը նոյնն է։ Պիտի ընկրկիմ, խաբկանքներով պիտի սնանիմ։ Պիտի կորսնցնեմ պրկումը, որ ի՛մս էր, ինքզինքս պիտի յանձնեմ անիմաստին։ Ինծի համար, դահիճն է ան, որ զիս կը չարչարէ ու կը մեռցնէ, առանց յոյսի ո՛չ իսկ նշոյլի մը։ Հապա եթէ կա՛յ իմաստ մը։ Այսօր՝ գաղափար չունիմ այդ մասին։ Իսկ վա՞ղը։ Ի՞նչ է գիտցածս։ Անկարող եմ իմաստի մը մասին խորհելու, որ չըլլար «իմ» չարչարանքս, այդ մէկը լաւ գիտեմ։ Բայց առ այժմ՝ ոչ մէկ իմաստ։ Պարոն Ոչ – Մէկ – Իմաստ կը գրէ, կ’անդրադառնայ իր խելագարութեան․ ահաւոր է։ Բայց իր խելագարութիւնը, այդ անիմաստութիւնը, տեսէ՛ք ինչպէս յանկարծ լրջացաւ։ Արդեօք  ա՞յդ է «իմաստ» ըսուածը։ (Ո՛չ, Հեգըլ, ո՛չ մէկ կապ ունի խելագար կնոջ մը «վերացում»-ին հետ․․․)։ Կեանքս իմաստ մը ունի այն պայմանով միայն, որ ան բացակայի ինձմէ․ որ ըլլամ խելագար․ կրցողը, մեռնողը՝ թող հասկնայ․․․։ Այսպէս ուրեմն հոս է էութիւնը, չգիտնալով ինչու՛, պաղէն դողալով տակաւին ․․․։ Համատարած տիեզերքը, գիշերը, կը շրջապատեն զինք եւ ինք հոն է «չգիտնալ»ու համար, ուրիշ ոչինչ։ Բայց ԱՍՏՈՒԱ՞Ծ։ Ի՞նչ ըսել անոր մասին, Պարոն Շատախօս, Պարոն Հավատացեալ։ Աստուած ինքը գիտէ՞։ ԱՍՏՈՒԱԾ, եթէ «գիտնար», պիտի ըլլար խոզ մը[1]։ Տէր իմ (լքուածութեանս մէջ, «սրտիս» կոչ կ’ուղղեմ), ազատեցէք զիս, կուրցուցէ՛ք զանոնք։ Բայց պատմութի՞ւնը, պիտի շարունակե՞մ)։

Վերջացուցի։

Այդ քունէն, որ մեզ համակեց, կարճ ժամանակ մը, թաքսիին խորը, առաջինը ես արթնցայ, հիւանդ․․․։ Մնացեալը հեգնանք է, երկար սպասումը մահուան․․․։


[1]  Ըսի․«Աստուած, եթէ «գիտնար», պիտի ըլլար խոզ մը»։ Այն որ գաղափարը պիտի ըմբռնէր մինչեւ ծայրը (կ’ենթադրեմ, որ այդ պահուն՝ պիտի ըլլար չլուացուած, «հերարձակ»), ի՞նչ մարդկային տեսք կը մնար անոր։ Անդին, եւ ամէն ինչէ․․․ միշտ աւելի հեռու, աւելի հեռու․․․։ ԻՆՔՆ ԻՍԿ, ինքնակորոյս հեշտանքին մատնուած վիհի մը վերեւ․․․։ Եւ հիմա՞։ ԿԸ  ԴՈՂԱՄ։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.