2008ի Յունուարին, Ուտոպիանայի գաղափարով ու կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ դասախօսութիւններու շարք մը կարդացի, “Առասպել, արուեստ, քաղաքականութիւն” վերնագրով։ Հոն շօշափուած նիւթերէն միայն Եդուարդ Սայիդին վերաբերեալ բաժինը լոյս տեսաւ հայերէն լեզուով (Ինքնագիր, 2009)։ Մնացեալը, այսինքն՝ բանասիրութեան գլխաւոր ստեղծումներուն (բնիկին, ազգային բանասիրութեան, առասպելաբանութեան, հեթանոսական կրօնքին, սուգին, …) վերաբերեալ բաժինները տրամադրելի են մասամբ ֆրանսերէն Le Deuil de la philologie (MétisPresse, Ժընեւ, 2007), եւ անգլերէն Mourning Philology (Fordham University Press, Ճեֆ Ֆորտի եւ Ճ.Մ. Կօշկարեանի թարգմանութեամբ, 2014) հատորներուս մէջ։ Ուրեմն ԺԸ. դարու վերջաւորութենէն մինչեւ Ի. դարու առաջին տասնամաեկները, Գերմաններէն մինչեւ Հայերը, փիլիսոփայութենէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, Շելլինգէն մինչեւ Դանիէլ Վարուժան, պատմութիւն մը կը պատմուէր այդ ձեւով։ Մեր պատմութիւնն էր։ Այդ պատմութեան մէջ տեղ կը գրաւէր նաեւ Ֆրանց Կաֆկա, որուն “Ժոզեֆինա երգչուհին, կամ մուկերու ժողովուրդը” վիպակը 2008ի վերջին դասախօսութեանս ատաղձը կը կազմէր։ Բացատրածս այն էր, որ Կաֆկան այդտեղ տարօրինակ երկխօսութեան մը կը ձեռնարկէ Վիպապաշտներուն հետ եւ առասպելին արդիական պաշտօնը ստեղծողներուն հետ, այսինքն՝ լման ԺԹ. դարուն հետ։ Այդ առիթով հայերէն թարգմանած էի Կաֆկայի վիպակը ու բաշխած էի զայն ներկայ ունկնդիրներուն։ Այդ թարգմանութիւնն է, որ կը հրամցնեմ այսօր, թէկուզ ուշացումով։
Ուրեմն “Ժոզեֆինա երգչուհին, կամ մուկերու ժողովուրդը”, գերմաներէն՝ «Josefine, die Sängerin oder Das Volk der Mäuse», գրուած է 1924ի գարնան, Կաֆկայի կեանքին վերջին ամիսներուն։ Իր ձեռքէն ելած ամենավերջին գրական աշխատանքն է։ Բեռլին կ՚ապրէր այդ օրերուն, Դորա Դիամանին հետ։ Առողջութիւնը արդէն իսկ վատթարացած էր, թոքերու հիւանդութեամբ, ու ստիպուած եղաւ ատկէ ետք բուժարանէ բուժարան անցնիլ։ “Ժոզեֆինա”ն պիտի մտնէր Ein Hungerkünstler (Ծոմապահութեան արուեստագէտ մը) անունը կրող հատորին մէջ։ Հատորը “Ժոզեֆինա”էն զատ ուրիշ երեք վիպակներ կը պարունակէր, որոնք նոյնպէս զարտուղի “արուեստագէտ”ի տիպարներ կը ներկայացնէին. «Erstes Leid» (Առաջին տառապանք), «Eine kleine Frau» (Փոքր կին մը) եւ գիրքին վերնագիրը տուող վիպակը։ “Ժոզեֆինա”ն գիրքէն դուրս լոյս տեսած էր Prager Presse թերթին մէջ, 1924ի Ապրիլ 20ին։ Ամիս մը ետք՝ Կաֆկա հոգին պիտի աւանդէր։ Գիրքին սրբագրութիւնները չէր վերջացուցած։ Ein Hungerkünstler գիրքը մահէն ետք լոյս տեսաւ։ Պէտք է յիշեցնել որ երեք մեծ վէպերը, որոնց հետ կապուած է այսօր Կաֆկայի անունը ժողովրդական երեւակայութեան մէջ (Դատավարութիւնը, Դղեակը, Ամերիկա) երեքն ալ լոյս տեսած են յետ մահու, Կաֆկայի կամքէն անկախ եւ հաւանաբար՝ կամքին դէմ, իր բարեկամին՝ Մաքս Բրոդին խմբագրութեամբ, 1925-էն 1927։ Կաֆկային կողմէ չէին պատրաստուած հրատարակութեան համար։ Աւելի ուշ է, 1935էն ետք, որ կատարուեցաւ գերմաներէն լեզուով ամբողջական գործերու առաջին փորձ մը, որ նոյնութեամբ կրկնուեցաւ 1946ին Նիւ Եորկի մէջ։ Այնքան մեծ է այսօր Կաֆկային հռչակը, որ կը մոռնանք յաճախ իր գործերուն այս տարօրինակ ոդիսականը, ձեռքէ ձեռք, կամքէ կամք, ցամաքամասէ ցամաքամաս։
Ես “Ժոզեֆինա”ն կը կարդամ Fischer Taschenbuch Verlag-ի մօտ 1994ին լոյս տեսած ամբողջական գործերու (Gesammelte Werke in zwölf Bänden) առաջին հատորին մէջ (էջ 274-294)։ Այդ առաջին հատորը Կաֆկայի կենդանութեան տպուած գործերը կը պարունակէ։
Մարկ Նշանեան
Մեր երգչուհիին անունն է Ժոզեֆինա։ Ով չէ լսած զինք՝ չի ճանչնար երգին զօրեղութիւնը։ Չկայ մէկը որ իր երգին գրաւչութենէն չտարուի, ինչ որ ա՛լ աւելի տպաւորիչ է, երբ գիտէք որ մեր ցեղը ընդհանրապէս չի սիրեր երաժշտութիւնը։ Լուռ ու մունջ խաղաղութիւնը մեզի համար ամենէն սիրելի երաժշտութիւնն է։ Մեր կեանքը դաժան է։ Չենք գիտեր, նոյնիսկ երբ օրուան բոլոր հոգերը մեր ուսերէն թօթուել փորձենք, մենք զմեզ բարձրացնել երաժշտութեան նման բաներու, որոնք այնքան հեռու են մեր ընթացիկ կեանքէն։ Եւ սակայն շատ գանգատ չունինք։ Այդքան հեռու ալ չենք երթար։ Որոշ ճարպիկութիւն մը, որուն անշուշտ անմիջականօրէն պէտք ունինք, մեր մեծագոյն առաւելութիւնը կը նկատենք, եւ այդ ճարպիկութեան բերած ժպիտին շնորհիւ՝ սովորաբար դիւրութեամբ կը մխիթարենք մենք զմեզ, նոյնիսկ երբ ենթադրաբար երաժշտութենէն բխելիք երջանկութեան պէտքը զգանք (բան մը որ երբեք չի պատահիր)։ Միակ բացառութիւնը Ժոզեֆինան է։ Կը սիրէ ան երաժշտութիւնը եւ գիտէ նաեւ զայն փոխանցել։ Միակն է։ Իր կորուստով՝ երաժշտութիւնն ալ պիտի անհետանայ մեր կեանքէն, ո՛վ գիտէ մինչեւ երբ։
Յաճախ հարց տուած եմ ես ինծի, թէ ի՛նչ է ճիշդ այդ երաժշտութիւն ըսուածին իմաստը։ Պէտք է ըսել, որ մենք կատարելապէս զուրկ ենք երաժշտական զգացողութենէ։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ ուրեմն որ Ժոզեֆինային երգը կը հասկնանք, կամ ըսենք (քանի որ Ժոզեֆինան ինքը չ՚ընդունի՛ր որ կը հասկնանք) ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հասկնալ կը կարծենք։ Պարզագոյն պատասխանը այն պիտի ըլլար, թէ այս երգին գեղեցկութիւնը այնքան մեծ է, որ ամենէն անզգայուն ականջը պիտի չկարենար դիմադրել անոր։ Բայց այս պատասխանը գոհացուցիչ չէ։ Եթէ այդպէս ըլլար, այդ երգին դէմ նախ եւ առաջ, ու առանց բացառութեան, պիտի ունենայինք արտակարգ բանի մը զգացումը, այն տպաւորութեամբ որ այդ կոկորդէն կ՚արտաբերուի բան մը զոր ատկէ առաջ երբեք լսած չըլլայինք, բան մը որուն կարողութիւնը տրուած չըլլար մեզի, բան մը զոր միայն մեր Ժոզեֆինան գիտնար հրամցնել եւ ուրիշ ո՛չ մէկը։ Բայց ըստ իս՝ այս ամբողջը չի համապատասխաներ իրականութեան, գոնէ ես այդ չեմ զգար, եւ ուրիշներու մօտ ալ չեմ նշմարած։ Մտերիմ շրջանակի մէջ՝ իրարու կը խոստովանինք որ Ժոզեֆինային երգը, որպէս երգ, այնքան ալ արտակարգ բան մը չէ։
Եւ արդէն արդեօք ե՞րգ է այդ։ Ըսի որ երաժշտական ջիղ չունինք։ Այսուհանդերձ ունինք երգի աւանդութիւններ։ Հինէն՝ մեր ժողովուրդը գիտէր ի՛նչ էր երգը։ Աւանդավէպեր ունինք այդ մասին, եւ մինչեւ իսկ երգեր ունինք անցեալէն մնացած, թէեւ չկայ մէկը այսօր որ կարենայ զանոնք երգել, այդ ալ ըսեմ։ Գաղափար մը ունինք հետեւաբար երգին ի՛նչ ըլլալուն մասին, եւ ճշմարտութիւնը այն է որ այդ գաղափարը չի համապատասխաներ Ժոզեֆինայի արուեստին։ Եւ արդէն արդեօք ե՞րգ է այդ։ Արդեօք պարզ ծղծղոց մը չէ՞։ Իսկ ծղծղալ՝ բոլորս գիտենք, մեր ժողովուրդին մեծ գեղարուեստական կարողութիւնն է, կամ թերեւս ալ՝ կարողութիւն իսկ չէ, այլ յատկանշական կենսաձեւ մը։ Բոլորս ալ կը ծղծղանք, եւ ո՛չ մէկը երբեւիցէ միտքէն չէ անցուցած այդ ծղծղոցը արժեցնել որպէս արուեստ։ Կը ծղծղանք առանց իսկ ուշադրութիւն դարձնելու մեր ըրածին։ Կամ մինչեւ իսկ մեր մէջ շատերը կան, որոնք չեն գիտեր թէ ծղծղալը մեր իւրայաքտկութիւններուն մաս կը կազմէ։ Ենթադրենք ուրեմն որ Ժոզեֆինան ո՛չ թէ կ՚երգէ, այլ պարզապէս կը ծղծղայ, եւ մինչեւ իսկ (ինչպէս կը թուի գոնէ ինծի) ամենէն ընթացիկ ծղծղոցի սահմաններէն ալ դուրս չ՚ելլեր — ու պիտի ըսէի որ իր ուժը նոյնիսկ այդ ընթացիկ ծղծղոցին համար բաւական չէ, երբ գիտենք որ ցանկացած շինականը առանց յոգնելու լման օրը կրնայ զայն արտաբերել իր աշխատանքին առընթեր — ենթադրենք որ այս ամբողջը ճիշդ է։ Այն ատեն Ժոզեֆինայի գեղարուեստական ենթադրեալ տաղանդին հակափաստը բերած կ՚ըլլայինք, բայց իր գործած հսկայ ազդեցութեան առեղծուածը կը մնար չլուծուած հարց։
Ճշմարտութիւնը այն է նաեւ, որ իր արտաբերածը ծղծղոց չէ միայն։ Եթէ հեռանաս իրմէ եւ ուշադիր մտիկ ընես, կամ լաւ եւս՝ եթէ քննարկումի փորձ մը կատարելու սիրոյն լսես Ժոզեֆինային ձայնը ուրիշ ձայներու հետ խառնուած եւ փորձես իրե՛նը զանազանել, պիտի գտնուիս այն անառարկելի իրողութեան առջեւ՝ որ լսածդ ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ սովորական ծղծղոց մը, առ առաւելն՝ իր մեղմութեամբ կամ տկարութեամբ քիչ մը զատորոշելի։ Բայց եթէ իր դիմացը կայնիս, այն ատեն յանկարծ կը դադրի միայն ծղծղոց ըլլալէ։ Իր արուեստը հասկնալու համար, հարկաւոր է ուրեմն ո՛չ միայն լսել զինք, այլեւ՝ տեսնել։ Նոյնիսկ եթէ ըլլար մեր առօրեայ ծղծղոցը, պիտի մնար տարօրինակութիւնը մէկու մը, որ տօնական հանգամանքով կը ներկայանայ հրամցնելու համար միմիայն սովորականը եւ ուրիշ ոչինչ։ Օրինակ՝ ընկոյզ կոտրելու կարողութիւնը արուեստի ոլորտին չի պատկանիր, այնպէս չէ՞։ Այդ ընելու համար, մէկը պիտի չհամարձակէր հանդիսատեսներ կանչել որպէսզի հաւաքուին եւ դիմացդ նստած՝ դիտեն թէ ինչպէ՛ս ընկոյզ մը կոտրես։ Եթէ այսուհանդերձ մէկը հանդիսատեսներ կանչէ եւ յաջողի իր ձեռնարկին մէջ, այն ատեն՝ կարելի չէ ըսել այլեւս որ կատարուածը պարզ ընկոյզ կոտրել է։ Կամ ալ, այո, ընկոյզ կոտրել է, բայց կը պարզուի որ մենք անտեսած էինք այդ արուեստը, որ այս մեր նոր ընկոյզ կոտրողը հիմա՛ միայն անոր բուն էութիւնը կը ցուցաբերէ։ Եւ այդ պարագային, որպէսզի իրապէս օգտակար եւ ազդեցիկ ըլլայ, կարծեմ նախընտրելի է որոշ չափով նուազ ճարպիկ ըլլալ ընկոյզ կոտրելու արուեստին մէջ քան մեծամասնութիւնը։
Պարագան թերեւս նոյնն է Ժոզեֆինայի երգին հետ։ Ի՛ր մէջ կը հիանանք անով՝ որ մե՛ր մէջ հիացում չի պատճառեր մեզի։ Այս ալ ըսեմ, որ վերջին հաշուով՝ ինքը ամբողջովին համաձայն է մեզի հետ։ Օր մը ներկայ էի երբ մէկը սրահին մէջ անոր ուշադրութիւնը դարձուց դէպի մեր ժողովուրդին հասարակաց ծղծղոցին վրայ, եւ այն ալ՝ շատ համեստ կերպով։ Բայց այդ իսկ շատ էր Ժոզեֆինայի աչքին։ Երբեք չեմ տեսած նոյնպիսի յաւակնոտ, ինքնավստահ խնդուք մը որեւէ մէկու բերնին մէջ։ Ինքը որ այնքան մեղմ է, կարծես նոյնիսկ մարմնացած մեղմութիւնն ըլլար, մեր ժողովուրդին նման ժողովուրդի մը մէջ որ սովոր է այդպիսի կնոջական կերպարներու, այդ պահուն՝ բացառապէս գռեհիկ երեւցաւ։ Եւ քանի որ չափազանց զգայուն է, անմիջապէս զգաց պատահածը եւ հաւաքեց ինքզինք։ Բայց եւ այնպէս՝ իրականութիւնը այն է, որ որեւէ նմանութիւն կը հերքէ իր արուեստին եւ ծղծղալուն միջեւ։ Անոնց հանդէպ որոնք հակառակ կարծիքի են՝ կը տածէ միմիայն արհամարհանք եւ հաւանաբար ալ՝ չխոստովանուած ատելութիւն մը։ Սովորական ինքնասիրութիւնը չէ այս մէկը, քանի որ այդ ընդդիմութիւնը (որուն ե՛ս ալ մասամբ կը պատկանիմ) նուազ չի հիանար իրեն քան թէ ամբոխը։ Բայց Ժոզեֆինային ուզածը միայն հիացուիլ չէ, այլ՝ հիացուիլ է իր ուզած ձեւովը։ Միայն հիացումը բաւական պիտի չըլլար իրեն։ Եւ երբ դիմացը նստած ես, կը հասկնաս ըսածը։ Ընդդիմադիր ըլլալը հնարաւոր է միայն երբ հեռու ես։ Երբ իր առջեւը նստած ես, կը համոզուիս։ Ինչ որ կը ծղծղայ՝ ծղծղոց չէ՛։
Քանի որ ծղծղալը մեր այն սովորութիւններուն մաս կը կազմէ, որ կը գործադրենք առանց ուշադրութիւն ընծայելու, կարելի է խորհիլ որ նաեւ Ժոզեֆինայի ունկնդիրներն ալ կը ծղծղան համերգի ատեն։ Իր արուեստը կ՚երջանկացնէ մեզ, ու երբ երջանիկ ենք՝ կը ծղծղանք։ Բայց ո՛չ, սրահին մէջ հաւաքուած ունկնդիրները չե՛ն ծղծղար, կը մնան լուռ ու մունջ, ինչպէս մուկերու վայել է։ Ձայն ծպտուն չենք հաներ, կարծես վերջապէս հասած ըլլայինք այն երազուած խաղաղութեան, որմէ առնուազն մեր ծղծղոցը մեզ հեռու կը պահէ։ Ի՞նչն է մեզ այդքան հրապուրողը, արդեօք իր ե՞րգն է, կամ արդեօք ու աւելի ճիշդ՝ այդ հանդիսական լռութի՞ւնն է, որ իր տկար ձայնիկը կը շրջապատէ։ Մէկ անգամ պատահեցաւ, որ խեղճուկ մկնիկ մը սկսի ինքն ալ ծղծղալ, ամենայն անմեղութեամբ, Ժոզեֆինայի երգած պահուն։ Ո՛չ մէկ տարբերութիւն անոր եւ Ժոզեֆինայի բերնէն լսուածին միջեւ։ Հոն՝ բոլոր վարժանքներով հանդերձ այդ տակաւին համեստ ծղծղոցը, եւ հոս՝ հանդիսատեսներուն մէջէն լսուող այս մանկական ինքնամոռաց ձայնը։ Անկարելի պիտի ըլլար տարբերութիւն մը նշմարել։ Եւ սակայն բոլորս մէկ՝ սուլեցինք եւ ծղծղացինք խանգարող օրիորդիկը խայտառակելով, թէեւ ատոր պէտքը չէր զգացուեր բնաւ, քանի որ ինքն իսկ ամէն պարագայի՝ գետնին պիտի հաւասարէր, վախէն ու ամօթէն, մինչ Ժոզեֆինան իր յաղթերգական ճռճռոցը մէկ ձայնով կը բարձրացնէր ու ամբողջովին ինքն իրմէ դուրս ելած էր, իր թեւերը դէպի սրահը կարկառած եւ վիզը բարձրացնելով։
Պէտք է ըսել որ այս մէկը օրինաչափութիւն է։ Նուազագոյն ընդմիջումը, պատահական միջադէպը, դոյզն իսկ անախորժութիւնը, տախտակամածին մէջ խշշոց մը, ակռաներու թեթեւ կճրտում մը, լուսաւորումի անհաւասարութիւն մը պատճառ կ՚ըլլան որ իր երգեցողութեան մակարդակը բարձրանայ։ Եթէ իր ըսածին հաւատանք՝ խուլ ականջներու համար կ՚երգէ։ Խանդավառութիւն ու ծափ անպակաս են, բայց ըստ իրեն՝ իսկական հասկացողութիւն չկայ ու ինքն ալ այլեւս ստիպողաբար համակերպած է իրերու այդ դրութեան։ Եւ ուրեմն ամէն պարագայի՝ խանգարումներուն սիրով կը յարմարի։ Ամէն ինչ որ դուրսէն իր երգեցողութեան մաքրութիւնը կը խաթարէ՝ իր կողմէ դիւրութեամբ կը յաղթահարուի, պէտք իսկ չունի պայքարելու դէմը, կը բաւէ որ հակադրուի անոր, ու այդ ձեւով զանգուածը կ՚արթննայ, ո՛չ թէ անշուշտ աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերելով, այլ՝ գոնէ յարգալիր ու հիացական կեցուածք որդեգրելով։
Իսկ եթէ նուազագոյն պատահարը այդ արդիւնքին կը հասնի, ա՛լ երեւակայեցէ՛ք թէ ինչ կ՚ընեն մեծ պատահարները։ Մեր կեանքը շատ անապահով է, ամէն օր իր հետ կը բերէ անակնկալներ, անձնկութիւններ, յոյսեր եւ սարսափներ, այնպիսի ձեւով որ անհատը ինքը մինակը պիտի չկարենար զանոնք դիմակալել, եթէ տիւ ու գիշեր չունենար իր նմաններուն զօրակցութիւնը։ Եւ նոյնիսկ այդ պարագային՝ ամէն ինչ չափէն աւելի դժուար է։ Երբեմն մինչեւ իսկ հազարաւոր ուսեր կը դողդղան այն բեռան տակ որ մէկ հոգիին համար սահմանուած էր։ Այն ատեն է, որ Ժոզեֆինան գործի կ՚անցնի։ Անմիջապէս հո՛ն է, ազնիւ արարածը, կուրծքին տակ անձկութեամբ թրթռացող ձայնով մը, իր ամբողջ ուժը իր երգեցողութեան մէջ հաւաքած, կարծէք՝ ամէն ինչ որ անմիջականօրէն երգեցողութեան չի ծառայեր, ամէն ուժ, ապրելու գրեթէ ամէն հնարաւորութիւն իրմէ քաշուած ըլլար, կարծէք՝ արիւնաքամ ըլլար, յանձնուած, բարի ոգիներու պաշտպանութեան վստահելով միայն, կարծէք՝ այդ պահուն երբ կեանքը իրմէ ամբողջովին քաշուած է ու ինք միայն երգեցողութեան մէջ կ՚ապրի, պաղ հովիկ մը փչելով՝ պիտի կարենար զինք սպաննել։ Բայց ճիշդ այդպիսի պահերու, մենք՝ իր ենթադրեալ հակառակորդներս սովորութիւնն ունինք ըսելու. «Ո՛չ իսկ ծղծղալ կրնայ։ Ստիպուած է ահռելի կերպով իր ուժերը լարելու, ո՛չ թէ երգ մը — երգի մասին չխօսինք իսկ — այլ՝ ամենէն հասարակ ծղծղոցն իսկ արտաբերելու համար»։ Այդպէս կը թուի մեզի։ Բայց այս մէկը, ինչպէս ըսի, թէեւ անխուսափելի, բայց եւ այնպէս անցողակի եւ արագ անհետացող տպաւորութիւն մըն է։ Շուտով մենք ալ զանգուածին ընդհանուր զգացումին կը վերադառնանք, երբ ան տաքուկ, մարմինները իրարու փակած, հազիւ շնչելով, մտիկ կ՚ընէ։
Եւ գրեթէ միշտ շարժումի մէջ գտնուող, յաճախ չես գիտեր ի՛նչ նպատակներով աջ ու ձախ վազող մեր ամբոխային ժողովուրդը քով քովի բերելու եւ իր շուրջ հաւաքելու համար, կը բաւէ որ Ժոզեֆինան գլխիկը ետ ձգուած, բերանը կիսաբաց, աչքերը երկինքը բարձրացուցած, այն կեցուածքը որդեգրէ, որուն համաձայն ինքը կը պատրաստուի երգելու, աւելիին պէտք չունի։ Եւ այդ կրնայ ընել ո՛ւր որ ուզէ, պէտք չունի ըլլալու հեռուէն տեսանելի վայր մը։ Որեւէ անկիւն յարմար է, որքան ալ ծածուկ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ակնթարթի մը ընթացքին պատահաբար ընտրուած տեղ մըն է։ Լուրը անմիջապէս կը տարածուի թէ պիտի երգէ, եւ շուտով տողանցքներ կը կազմուին դէպի հոն։ Հարցը այն է, որ նաեւ խոչնդոտներ կը յայտնուին երբեմն։ Ի վերջոյ՝ Ժոզեֆինան նախընտրաբար կ՚երգէ խլրտումի պահերուն։ Շատ մը դժուարութիւններ, արգելքեր, կը ստիպեն որ անցնինք զարտուղի ճամբաներէ, ու կարելի չէ Ժոզեֆինայի փափաքածին չափ արագ հաւաքուիլ, կամքէ անկախ պատճառներով, եւ կը պատահի որ որոշ ժամանակ մը ինքը հոն կայնած մնայ իր այդ կեցուածքին մէջ առանց ունենալու բաւարար ունկնդիրներ — եւ զարմանալի չէ որ զայրանայ, ոտքերը գետին թոփէ, հայհոյանքներ արձակէ, որոնք օրիորդի մը բերնին բնաւ վայել չեն, ու նոյնիսկ խածնէ՛։ Եւ սակայն իր այդ պահուածքն իսկ չի վնասեր իր հռչակին։ Փոխանակ իր չափազանցուած պահանջները քիչ մը սահմանափակումի հրաւիրելու, բոլորը կը ջանան անոնց համապատասխան շարժիլ։ Սուրհանդակներ կը ղրկուին ունկնդիրներ ապահովելու համար։ Ինքը այդ կարգադրութեան մասին ոչի՛նչ կ՚իմանայ։ Շրջակայքի ճանապարհներուն՝ պահակներ կը զետեղուին, նոր հասնողներուն թելադրելու համար որ պէտք է աճապարեն, եւ այս ամբողջը՝ մինչեւ որ հոն վերջապէս ընդունելի բազմութիւն մը հաւաքուած ըլլայ։
Ի՞նչ բան կը մղէ ժողովրդը Ժոզեֆինայով այդքան զբաղելու։ Ահա հարցում մը, որուն նոյնքան դժուար է պատասխանել, որքան այն միւս հարցումին՝ որ Ժոզեֆինայի երգեցողութեան կը վերաբերի։ Եւ արդէն երկուքը անկախ չեն իրարմէ, այնքան մը որ առաջինը հնարաւոր պիտի ըլլար ջնջել ու ամբողջութեամբ երկրորդին հետ միախառնել, եթէ երբեք ենթադրել կարենայինք որ ժողովուրդը աննախապայման նուիրուած է Ժոզեֆինայի երգեցողութեան։ Բայց այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ։ Մեր ժողովուրդը չի գիտեր, թէ ի՛նչ է աննախապայման նուիրում ըսուածը։ Ժողովուրդ մը որ ամենէն աւելի կ՚ախորժի անվնաս սրախօսութենէն, մանկական շշուկէն, անմեղ ու մակերեսային շատախօսութենէն, այդպիսի ժողովուրդ մը չի կրնար, ճիշդն ըսելով, աննախապայման կերպով նուիրուիլ, եւ այս՝ Ժոզեֆինան ինքն ալ շատ լաւ կը զգայ, ու ատոր դէմ պէտք է պայքարի իր տկար կոկորդին ամբողջ ուժովը։
Մնաց որ այդպիսի ընդհանուր դատողութիւններով պէտք չէ բաւարարուիլ։ Ժողովուրդը նուիրուած է Ժոզեֆինային, այո, բայց ո՛չ թէ աննախապայման կերպով։ Օրինակ՝ պիտի չկարենար երբեւիցէ Ժոզեֆինային վրայ խնդալ։ Որովհետեւ եթէ խոստովանելու ըլլանք ճշմարտութիւնը, շատ բան կայ Ժոզեֆինային մօտ որ արժանի պիտի ըլլար ծիծաղ հրաւիրելու։ Այս ալ ըսեմ որ իրականութեան մէջ՝ միշտ այդ ծիծաղը պատրաստ է մեր դէմքին։ Հակառակ մեր կենսակերպին ամբողջ դաժանութեան, թեթեւ խնդուք մը մեր մօտ միշտ ալ տեղին է։ Բայց Ժոզեֆինային վրայ՝ երբե՛ք։ Երբեմն այն տպաւորութիւնն ունիմ, որ ժողովուրդը Ժոզեֆինային հանդէպ իր վերաբերմունքը այնպիսի ձեւով կը կերպադրէ, որ կարծէք՝ այս դիւրաբեկ, պաշտպանութեան կարօտ, ձեւով մը արտակարգ, իր կարծիքով՝ երգեցողութեա՛մբ արտակարգ էակը անոր հոգատարութեան յանձնուած ըլլար ու ժողովուրդը պէտքը զգար հոգալու իրեն։ Եւ երբ բան մը վստահուած է ձեր հոգատարութեան, չէք ծիծաղիր վրան։ Ծիծաղիլը պիտի ըլլար պարտականութեան խախտում մը։ Նոյնիսկ մեր մէջ ամենէն չարամիտներու ծայրագոյն չարամտութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ երբեմն կ՚ըսեն՝ «Ծիծաղիլը կը մոռնանք երբ Ժոզեֆինան տեսնենք»։
Այնպէս որ ժողովուրդը Ժոզեֆինային կը հոգայ ինչպէս հայր մը իր ձեռքը երկարող մանկիկին, չես գիտեր ճիշդը՝ խնդրանքո՞վ թէ պահանջո՞վ։ Կարելի պիտի ըլլար խորհիլ որ մեր ժողովուրդը ի վիճակի չէ այդպիսի հայրական պարտականութիւններ ի գործ դնելու, բայց իրականութեան մէջ օրինակելի կերպով կը կատարէ զանոնք։ Անհատապէս ո՛չ մէկը պիտի կարենար գլուխ հանել ինչ որ այդ առումով ժողովուրդը ի վիճակի է ընելու որպէս հաւաքականութիւն։ Ճիշդ է՝ ժողովուրդին եւ անհատին միջեւ ուժի տարբերութիւնը այնքան հսկայ է, որ անոր կը բաւէ հովանաւորեալը ներքաշել իր շրջակայքի տաքութեան մէջ, որպէսզի ան արդէն իսկ բաւական պաշտպանուած ըլլայ։ Ամէն պարագայի՝ այս տեսակի բաներու մասին չի խօսուիր Ժոզեֆինային առջեւ։ «Ես կը ծղծղամ ձեր պաշտպանութեան վրայ», պիտի ըսէր ան։ Եւ մենք՝ «Այո, գիտենք, կը ծղծղաս»։ Ատկէ անկախ՝ իր ըմբոստացումներն ալ ըսածս չեն հակաճառեր իրապէս։ Մանկատիպ կեցուածք է այդ մէկը, մանկական ձեւ մը՝ շնորհակալութիւն յայտնելու, եւ հայրական կեցուածքն ալ պիտի ըլլայ ուշադրութիւն չդարձնել։
Ուիրշ կէտ մը կայ սակայն, զոր նկատի չառինք տակաւին, բան մը որ աւելի դժուար է բացատրել Ժոզեֆինային ու ժողովուրդին միջեւ յարաբերութենէն մեկնելով։ Հարցը այն է, որ Ժոզեֆինայի համոզումով՝ ի՛նքն է որ կը պաշտպանէ ժողովուրդը։ Երբ քաղաքական կամ տնտեսական վիճակը վատ է, իր երգեցողութիւնն է, որ իբր թէ կը փրկէ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, եւ եթէ չյաջողի վանել չարիքը, առնուազն մեզի ուժը կու տայ զայն տանելի դարձնելու։ Այդ բառերով չէ՛ որ կ՚արտայայտուի ինքը, ո՛չ ալ տարբեր բառերով ի դէպ, ինքը ընդհանրապէս քիչ կը խօսի, լուռ կը մնայ երբ միւսները կը շաղակրատեն, բայց կրնաս այդ ամբողջը կարդալ իր աչքերուն մէջ, իր փակ բերանին վրայ — մեր մէջ քիչերը միայն կրնան իրենց բերանը գոց պահել, ինքը կրնա՛յ։ Ամէն մէկ չար լուրէ ետք, եւ որոշ օրեր՝ կը վխտան անոնք, մէջն ըլլալով սուտերը եւ կէս իրական լուրերը, ինքը անմիջապէս ոտքի կ՚ելլէ, վիզը կ՚երկնցնէ, եւ իր հօտին վրայ նայուածք մը կը նետէ, ինչպէս հօտաղը փոթորիկէն առաջ։ Ճիշդ է՝ երեխաներն ալ այդպիսի յաւակնութիւններ կ՚ունենան, իրենց ինքնաբուխ, անհակակշիռ կերպով, բայց Ժոզեֆինայի մօտ այդ յաւակնութիւնները նոյնքան անհիմն չեն, որքան՝ անոնց։ Կ՚ընդունիմ որ ան չի փրկեր մեզ, չ՚աւելցներ մեր ուժերը, ու դիւրին է ինքզինք ներկայացնել որպէս այս ժողովուրդին փրկիչը, երբ գիտես թէ այս ժողովուրդը որքա՛ն վարժուած է տառապանքին, որքան անխնայ է ինքն իրեն նկատմամբ, արագ՝ իր որոշումներուն մէջ, մահուան հետ ընտելացած չափէն աւելի, տեւաբար յանդուգն խելագարութեան մթնոլորտի մը մէջ ապրող, եւ երեւութաբար միայն անձկագին, ու այս ամբողջը եթէ բաւական չէ՝ նաեւ բեղուն ու համարձակ։ Ուրեմն կ՚ըսէի որ դիւրին է դէպքէն ետքը այս ժողովուրդին առջեւ փրկիչի հովերով ներկայանալը, փրկիչի մը որ ամէն մեղքիս՝ միշտ յաջողած է ինքզինքը փրկել, մինչեւ իսկ զոհերուն մէջէն, որոնց դէմ յանդիման պատմագէտը կը քարանայ սարսափէն —, թէեւ ընդհանուր առմամբ մենք որպէս ժողովուրդ՝ շատ քիչ տեղ կու տանք պատմագիտութեան։ Եւ սակայն այս ամբողջը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, աւերուածութեան հապշտապ պահերուն՝ Ժոզեֆինային ձայնը կը լսենք աւելի յափշտակութեամբ քան երբեւիցէ։ Մեր վրայ ճնշող սպառնալիքները մեզ կ՚ընեն աւելի լուռ, աւելի համեստ, Ժոզեֆինայի հրահանգանման կեցուածքներուն նկատմամբ աւելի ընդառաջող։ Սիրով կը հաւաքուինք, սիրով կը փակինք մէկս միւսին, մասնաւորաբար որովհետեւ այդ հաւաքոյթին առիթը շատ հեռու կը գտնուի մեր սրտակեղեք մտահոգութիւններու բուն նիւթէն։ Կարծէք՝ միասնաբար ու արագութեամբ — այո, արագութիւնը անհրաժեշտ է, շատ կը պատահի, որ Ժոզեֆինան մոռնայ այդ կէտը — կը խմենք խաղաղութեան վերջին բաժակ մը, կռուի երթալէ առաջ։ Եւ ուրեմն կատարուածը այնքան երգեցողական ներկայութիւն մը չէ, որքան՝ ժողովրդական համահաւաք մը, եւ այն տեսակի համահաւաք մը՝ որուն ընթացքին կատարեալ լռութիւն կը տիրէ, եթէ բացառելու ըլլանք հոն՝ առջեւը լսուող չնչին ծղծղոցը։ Պահը վճռական է ու մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէր պահին լրջութիւնը արհամարհել դատարկ շաղակրատութեամբ։
Այո, բայց այդպիսի յարաբերութիւն մը չէր կրնար Ժոզեֆինան գոհացնել։ Հակառակ իր լման ջղային ու ձախող շարժուձեւերուն, որոնք կը բացատրուին անով որ իր դիրքաւորումը ամբողջովին չէ պարզուած, շատ մը բաներ կան որ ինք, իր ինքնագիտակցութենէն շլացած, չի տեսներ, եւ առանց որեւէ դժուարութեան՝ կրնայ ա՛լ աւելի բազմաթիւ ու կարեւոր բաներ անտեսնելու ըլլալ։ Իր շուրջը ի հարկէ այս առումով (ու պէտք է ըսել՝ հանրային օգտակար ծառայութիւն մատուցելով) կը վխտան անդադար հոյլ մը շողոքորթներ։ Եւ սակայն ժողովրդական համահաւաքի մը մէկ անկիւնը մնալով, անցողակի, աննկատ երգելու սիրոյն պիտի չզոհէր իր երգեցողական տաղանդը, թէեւ ա՛յդ ալ քիչ բան պիտի չըլլար։
Ու վերջին հաշուով՝ ստիպուած ալ չէ այդ զոհողութիւնը կատարելու, որովհետեւ իր արուեստը չի մնար աննկատ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ խորքին մէջ՝ շատ տարբեր բաներով զբաղած ենք եւ տիրող լռութիւնը բացարձակապէս երգեցողութեան սիրոյն չէ որ կը տիրէ, եւ արդէն շատերը չեն իսկ նայիր այդ կողմը, այլ իրենց դէմքը քովի մուկին մուշտակին կը քսեն, եւ ուրեմն կարծէք հոն վերը՝ Ժոզեֆինային բոլոր ճիգերը ի դերեւ կ՚ելլեն, այսուհանդերձ — այս մէկը անժխտելի է — իր ծղծղոցէն բան մը կ՚անցնի մեզի, ուզենք կամ չուզենք։ Այդ ծղծղոցը որ կը բարձրանայ այն պահուն՝ երբ միւս բոլորը լռութեամբ տոգորուած են, կը հասնի գրեթէ որպէս պատգամ մը, ժողովուրդէն դէպի անհատը։ Ծանրագոյն որոշումներու վայրկեանին՝ Ժոզեֆինային վտիտ ծղծղոցը կը նմանի մեր ժողովուրդի թշուառ գոյութեան թշնամական աշխարհի թոհուբոհին մէջ։ Ժոզեֆինա կը պարտադրէ ինքզինք, այդ ոչինչ ձայնը, այդ ոչինչ կատարողութիւնը կը պարտադրեն իրենք զիրենք, եւ իրենց ճամբան կը բանան դէպի մեզ, այս մասին խորհելու ենք։ Այդպիսի նեղ վայրկեաններու, դժուար պիտի հանդուրժէինք երգի իսկական արուեստագէտ մը, եթէ երբեք յայտնուէր մեր մէջ, միաձայն պիտի մերժէինք այդպիսի ներկայացումի մը անհեթեթութիւնը։ Ժոզեֆինան թող չիմանայ երբեք, որ եթէ իրեն մտիկ կ՚ընենք՝ այդ իրողութիւնը փաստ մըն է իր երգեցողութեան դէմ։ Կարծեմ աղօտ կերպով կը նախզգայ սակայն այդպէս ըլլալը։ Եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ այդքան կիրքով պիտի պնդէր որ մենք իրեն մտիկ չենք ըներ։ Եւ սակայն չի դադրիր երգելէ, կը շարունակէ ծղծղալ, իր նախզգացումը մէկ քով դրած։
Եւ նոյնիսկ այդ պարագային, իր մխիթարութիւնը այն պիտի ըլլար որ վերջին հաշուով գէշ աղէկ մտիկ կ՚ընենք, իրապէս կ՚ընենք, մօտաւորապէս ինչպէս պիտի ընէինք եթէ արուեստագէտ երգիչ մը ըլլար։ Կը հասնի արդիւնքներու որոնց արուեստագէտ երգիչ մը յումպէտս պիտի ձգտէր մեր դիմաց, արդիւնքներու՝ որոնք անշուշտ իր անբաւարար միջոցներուն վերագրելի են։ Ինչ որ անկասկած առնչուած է մեր ապրելակերպին։
Մեր ժողովուրդին մէջ երիտասարդ ըլլալը անծանօթ բան մըն է, հազիւ ունինք կարճատեւ մանկութիւն մը։ Ճիշդ է որ յաճախ պահանջներ կը բարձրանան, որոնց համաձայն պէտք է երեխաներուն մասնաւոր ազատութիւն ընձեռենք, պէտք է զանոնք որոշ չափով խնայենք, հոգատարութեամբ վարուինք եւ նոյնիսկ ընդառաջենք անոնց անհոգ ապրելու, աննպատակ աստ անդ վազվզելու, խաղի նուիրուելու արդար իրաւունքին։ Այդպիսի պահանջներ կը բարձրանան եւ գրեթէ ամէն ոք կարեւորութիւն կու տայ անոնց, կ՚արժեւորէ ամէն բանէ վեր։ Բայց իրականութեան մէջ չկայ ոչինչ որ մեր կեանքին հետ աւելի քիչ առնչութիւն ունենայ։ Պահանջները կ՚արժեւորուին, ճիգեր կը թափուին այդ ուղղութեամբ, բայց ամէն ինչ շուտով կը վերադառնայ իր հին վիճակին։ Մեր կեանքը ի հարկէ այնպիսին է, որ երեխայ մը, այն վայրկեանէն սկսեալ երբ կը սկսի գէշ աղէկ քալել եւ ի վիճակի է իր շրջապատը որոշ չափով զանազանել, ստիպուած է ինքն իրեն հոգ տանելու, ճիշդ ինչպէս չափահաս մը։ Այն տարածքները, որոնց վրայ տնտեսական նկատողութիւններու բերումով պէտք է ցրուած ապրինք, չափազանց ընդարձակ են, մեզ շրջապատող վտանգները՝ չափազանց աննախատեսելի։ Չենք կրնար փոքրերը կենսապայքարէն հեռու պահել։ Եթէ ընէինք իսկ՝ զանոնք կը հասցնէինք վաղաժամ վախճանի մը։ Այս տխուր պատճառներուն պէտք է աւելցնել դժուարացնող պարագայ մը. մեր ցեղին բեղամնաւորութիւնը։ Մէկ սերունդը — ամէն մէկը՝ բազմաթիւ — կու գայ նախորդին տեղը գրաւելու, երեխաները ժամանակ չունին երեխայ ըլլալու։ Միւս ժողովուրդներուն մօտ, երեխաները հոգածութեամբ կը մեծցուին, պզտիկներուն համար դպրոցներ կը կառուցուին, ամէն օր այդ դպրոցներէն երեխաները, այսինքն՝ ժողովուրդին ապագան, դուրս կը խուժեն, եւ նոյն երեխաներն են որոնք երկար ատեն, օր ըստ օրէ, կու գան ու կ՚երթան։ Մենք դպրոց չունինք։ Մեր ժողովուրդին մէջէն, ամենակարճ ընդմիջումներով, մեր երեխաներուն անհաշուելի շարանները կը յորդին, ուրախ զուարթ կը ծռվռան, կը ճռճռան, այնքան ատեն որ տակաւին ծղծղալ չեն գիտեր, ձգողութեան յանձնուելով կը գլտորին կամ կը տապլտկին, այնքան ատեն որ քալել չեն գիտեր, իրենց զանգուածին ուժովը ամէն ինչ կը տապալեն, այնքան ատեն որ տեսնել չեն կրնար, մեր երեխաները։ Եւ այդ միւս ժողովուրդներուն յատուկ դպրոցներու երեխաները չե՛ն, ո՛չ. անդադար, անդադար նորեր են, վերջ չունի, ընդմիջում չունի։ Հազիւ երեխայ մը մէջտեղ կ՚ելլեէ, արդէն իսկ դադրած է երեխայ ըլլալէ, իր ետեւէն կը հասնին երեխայի նոր դիմագիծեր, անզանազանելի իրենց բազմութեամբ ու իրենց աճապարանքով, երջանիկ ու վարդագոյն։ Այս ամբողջը շատ գեղեցիկ է, այո, եւ ուրիշներ կրնան մեզի նախանձիլ այդ պատճառով, եւ իրաւունքով, բայց ճշմարտութիւնը այն է որ անկարող ենք մեր երեխաներուն իսկական մանկութիւն մը ընծայելու։ Եւ այս ճշմարտութիւնը իր հետեւանքներն ունի։ Մեր ժողովուրդը թափանցուած է անվախճան, անսրբագրելի մանկամտութեամբ։ Լաւագոյնը՝ մեր մէջ պիտի ըլլար եւ է՛ հաւանաբար ամէնօրեայ կեանքին հասնող տոկուն խելամտութիւն մը։ Այսուհանդերձ քիչ չեն պարագաները, երբ կը վարուինք ամբողջովին խենթ ու խելառ կերպով, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս երեխաները կրնան վարուիլ խենթ ու խելառ, անիմաստ արարքներով, մսխումով, իբր թէ առատաձեռն, թեթեւամիտ, եւ այս ամբողջը՝ յաճախ փոքր զուարճանքի մը սիրոյն։ Ու թէեւ այդպիսի առիթներով մեր ուրախութիւնը չի կրնար ամբողջովին մանկական ուրախութեան ուժին հասնիլ, ատկէ բան մը նորէն ալ կը շարունակէ գործել։ Մեր ժողովուրդի մանկամտութենէն կ՚օգտուի Ժոզեֆինան սկիզբէն ի վեր։
Աւելցնեմ որ մեր ժողովուրդը մանկամիտ չէ միայն, նաեւ որոշ չափով իր վաղահաս ծերութեամբ կը յատկանշուի։ Մեր մօտ՝ մանկութիւն եւ չափահասութիւն այլ կերպ կ՚ընթանան։ Երիտասարդ ըլլալու ժամանակ չենք ունենար, անմիջապէս չափահաս կը դառնանք, եւ չափահասութիւնը չափէն աւելի կը տեւէ, որոշ յոգնութիւն մը, անյուսութիւն մը կը թափանցէ մեր մէջ, լայն առու մը կը բանայ մեր ժողովուրդի այդքան փափուկ եւ ապագային նկատմամբ այդքան յուսադրուած էութեան մէջ։ Կարծեմ նաեւ այս երեւոյթին հետ առնչուած է երաժշտական զգացողութեան պակասը մեր մօտ։ Երաժշտութիւնը հասկնալու եւ ըմբոշխնելու տարիքը անցուցած ենք։ Անոր պատճառած գրգիռը, վերելքը չեն յարմարիր մեր ծանրախոհութեան, ձեռքի յոգնած շարժումով մը հրաժեշտ կու տանք անոր։ Նահանջած ենք դէպի ծղծղալը։ Հոս հոն երբեմն կարճ ծղծղոց մը, աւելիին պէտք չունինք։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս կան մեր մէջ երաժշտական տաղանդներ։ Բայց եթէ երեւան գային, մեր ցեղային նկարագիրը զանոնք պիտի ճզմէր նախքան անոնց զարգանալը։ Մինչդեռ Ժոզեֆինան արտօնուած է ուզածին չափ ծղծղալու, կամ երգելու, կամ ինչպէս որ կը կոչէ ըրածը, այդ մէկը մեզ չի խանգարեր, կը համապատասխանէ մեր էութեան, կրնանք հանդուրժել։ Եթէ ատոր մէջ կայ երաժշտութիւն, սահմանուած է նուազագոյնին, ոչինչ ըլլալու աստիճան։ Երաժշտական որոշ աւանդութիւն մը կը պահպանենք այս ձեւով, առանց դոյզն իսկ չափով ատկէ ծանրաբեռնուելու։
Բայց այս ձեւով տրամադրուած ժողովուրդին՝ Ժոզեֆինան նպաստ մը եւս կը բերէ։ Իր համերգներուն ատեն, մանաւանդ երբ ժամանակները յղի են վտանգով, ամենէն փոքրերը միայն հետաքրքրուած են երգչուհիով, անոնք միայն յափշտակութեամբ կը դիտեն թէ ինչպէ՛ս իր շրթունքները կը գոգացնէ, առջեւի կարճուկ ատամներուն մէջէն օդը կ՚արտաշնչէ, ինքն իսկ հիանալով իր արտադրած ձայներուն, մարելու պէս կ՚ըլլայ, այդ բեկումը կ՚օգտագործէ վերստին ինքն իր աչքին հետզհետէ աւելի անհասկնալի կրակ ու բոց կերպար մը ապահովելու համար, բայց բուն զանգուածը — այդ մէկը յստակ կ՚երեւի — արդէն իսկ նահանջած է ինքն իր սահմաններէն ներս։ Այդտեղ, կռիւներուն միջեւ հազուադէպ դադարներու ընթացքին՝ ժողովուրդը կ՚երազէ, կարծէք անհատին անդամները տարրալուծուէին, կարծէք՝ հանգիստ չունեցողը մէկ անգամ ուզածին պէս իրաւունք ստանար ժողովուրդի ընդարձակ ու տաք հունին մէջ երկննալու եւ հանգչելու։ Եւ այդ երազներուն մէջ հոս ու հոն կը հնչէ Ժոզեֆինային ծղծղոցը։ Իր բառով՝ բիւրեղային է, մեր բառով՝ կտրատ։ Ինչ որ ալ ըլլայ, հոս այդ ծղծղոցը տեղին է ինչպէս չէ եղած ուրիշ տեղ, հոս է որ երաժշտութիւնը կը զուգադիպի սպասումի պահուն, ինչպէս երբեք չէ պատահած։ Խեղճ ու կարճ մանկութենէն բան մը այստեղ, կորսուած ու անվերագտնելի երջանկութենէն բան մը, բայց նաեւ այսօրուան գործունեայ կեանքէն, ասոր փոքր, անըմբռնելի եւ սակայն մնայուն, անկորնչելի ոգեւորութենէն մասնիկ մը։ Եւ այս ամբողջը մեծամիտ շեշտով չէ ըսուած, հաւատացէ՛ք, այլ թեթեւ, շշուկային, մտերիմ, երբեմն քիչ մը ցնցիչ։ Անշուշտ որ ծնծղոց է եղածը։ Ուրիշ ի՞նչ կրնար ըլլալ։ Ծղծղալը մեր ժողովուրդին լեզուն է։ Միայն թէ շատերը իրենց ամբողջ կեանքի երկայնքին կը ծղծղան առանց գիտնալու որ կը ծղծղան, մինչդեռ հոս ծղծղալը ազատած է ամէնօրեայ կեանքի կապանքներէն ու մեզ ալ կ՚ազատագրէ կարճ ժամանակամիջոցով մը։ Վստահ՝ պիտի չուզէինք զրկուիլ այդ ներկայացումներէն։
Բայց ատկէ մինչեւ Ժոզեֆինայի հաւաստումը թէ ինքը այդպիսի դժուար ժամանակներուն՝ մեր մէջ նոր ուժեր կը ներարկէ, եւ մասամբ նորին, երկար է ճամբան։ Երկար է գոնէ սովորական մարդոց աչքին, ո՛չ թէ Ժոզեֆինային շուրջ սլքտացող շողոքորթներուն։ «Ուրիշ ի՞նչ կրնար ըլլալ», կ՚ըսեն անոնք իրապէս անամօթ ամբարտաւանութեամբ մը, «ուրիշ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հանդիսատեսներու այդ հսկայ զանգուածները, մանաւանդ երբ վտանգը անմիջականօրէն կը սպառնայ, արգիլելու աստիճան նախազգուշական միջոցները, որոնք վտանգին առաջքը կարենային առնել»։ Եւ դժբախտաբար՝ այս վերջին ըսուածը գոնէ ճիշդ է, բայց բան մը չէ որմէ Ժոզեֆինան պիտի կարենար մասնաւորաբար հպարտանալ, մանաւանդ եթէ աւելցնեմ որ երբ այդ հաւաքոյթները անակնկալ կերպով թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած են եւ մեզմէ շատեր այդ առիթով իրենց կեանքը վրայ տուած են, ինքը՝ Ժոզեֆինան, որ այդ ամբողջին առաջին պատասխանատուն եղած էր, մինչեւ իսկ թերեւս թշնամիին ուշադրութիւնը գրաւած էր իր ծղծղոցով, միշտ ամենէն ապահով տեղը կ՚ապաստանէր եւ իրեն թիկունք կանգնողներու օգնութեամբ կամացուկ մը, առանց այլեւայլի, առաջինը ինքը բեմէն դուրս կը սպրդէր։ Բայց արդար ըլլալու համար, ըսեմ որ բոլորը այս մասին տեղեակ են, եւ այսուհանդերձ բոլորը նորէն ալ հապճեպով կը փութան հաւաքներուն, երբ Ժոզեֆինան ըստ իր քմահաճոյքին, որեւէ տեղ, որեւէ պահու, կը ցցուի երգելու նպատակով։ Ատկէ կարելի պիտի ըլլար հետեւցնել, որ Ժոզեֆինան գրեթէ օրէնքէն դուրս կը գտնուի, որ իրաւունք ունի ընելու ինչ որ կ՚ուզէ, նոյնիսկ երբ ատով՝ հաւաքականութիւնը վտանգի ենթարկէ, հետեւցնել ուրեմն որ իր բոլոր ըրածները ներողամտութեամբ կը թոյլատրուին։ Բայց եթէ այդպէս ըլլար, Ժոզեֆինային յաւակնութիւնները ամբողջութեամբ հասկնալի կ՚ըլլային։ Ժողովուրդին կողմէ իրեն յօժարուած այդ ազատութեան մէջ, այդ արտակարգ, ուրիշ ո՛չ մէկուն չվստահուած, օրէնքները իրապէս խախտող նուէրին մէջ կարելի պիտի ըլլար այն ատեն մինչեւ իսկ տեսնել խոստովանութիւն մը. պիտի նշանակէր ընդունիլ որ ժողովուրդը Ժոզեֆինան չի հասկնար (ինչպէս ինք կը պնդէ ամէն առիթով), իր արուեստին կը հիանայ կրաւորական կերպով, ինքզինք անարժան կը զգայ անոր, կը փափաքի Ժոզեֆինային պատճառած ցաւը միանգամային յուսահատ արարքով մը հատուցել եւ ճիշդ ինչպէս անոր արուեստը ըմբռնումի իր կարողութիւններէն անդին է, նոյնպէս նաեւ իր անձը եւ այդ անձին ցանկութիւնները կ՚ուզէ իր տիրութեան շրջանակէն դուրս տեղադրել։ Հիմա ըսեմ որ այս մեկնաբանութիւնը ծայրէ ծայր անընդունելի է։ Կրնայ պատահիլ, որ ժողովուրդը պէտք չէ այդքան արագ զիջէր Ժոզեֆինայի պահանջներուն, բայց ո՛չ մէկուն առջեւ աննախապայման զիջում չէ կատարած, եւ նոյնպէս ի՛ր առջեւն ալ չէ ըրած։
Երկար ատենէ ի վեր, թերեւս արդէն իսկ արուեստագէտի ասպարէզը մտած օրէն ի վեր, Ժոզեֆինան կը պայքարի որպէսզի իր երգեցողութիւնը նկատի առնելով՝ ազատ արձակուի որեւէ աշխատանքէ։ Կ՚ուզէ ազատ կացուցուիլ ամէնօրեայ ապրուստի հոգէն եւ այն ամէն ինչէն՝ որ մեր գոյութենական պայքարին առնչուած է, այդ ամբողջը հաւանաբար համայն ժողովուրդի ուսերուն բեռցնելով։ Արագ խանդավառուող մը — եւ անպակաս են անոնք —, մեկնելով միմիայն այդ պահանջին տարօրինակութենէն, այդպիսի պահանջի մը ենթադրած հոգեկան կառոյցէն, պիտի կարենար եզրակացնել որ ան լիովին արդարացի է։ Մեր ժողովուրդին հանած եզրակացութիւնները սակայն տարբեր են եւ անոնց վրայ հիմնուած՝ կը մերժէ ան առանց մտատանջութեան այդ պահանջին գոհացում տալ։ Դիմումին պատճառաբանութիւններուն դէմ փաստարկումներ գտնելու ալ հակուած չէ շատ։ Օրինակ Ժոզեֆինան կը պնդէ որ աշխատանքին պատճառած լարումը կը վնասէ իր ձայնին, ընդունելով հանդերձ որ աշխատանքին պրկումը ոչինչ է բաղդատած երգեցողութեան պրկումին, չի ձգեր սակայն իրեն բաւական ժամանակ երգահանդէսէն ետք հանգչելու եւ ուժեր հաւաքելու յաջորդ հանդէսին համար։ Ըստ իրեն ուրեմն՝ ամբողջովին կը սպառի այդտեղ եւ այդ պայմաններուն տակ՝ չի կրնար երբեք իր բարձրագոյն արուեստը ցուցադրել։ Ժողովուրդը կը լսէ ըսածը եւ կ՚անցնի իր գործին։ Այդքան դիւրաբորբոք ժողովուրդ մը այս պարագային՝ բնաւ չի բորբոքիր։ Մերժումը երբեմն այնքան կտրուկ կ՚ըլլայ, որ նոյնիսկ Ժոզեֆինան կ՚երերայ, կը թուի համակերպիլ, կ՚աշխատի ինչպէս որ պէտք է ու կ՚երգէ իր կրցած չափովը։ Բայց այս ամբողջը կը տեւէ միայն ատեն մը։ Յետոյ նոյն պայքարը ձեռք կ՚առնէ նորոգուած ուժերով — անսահման կը թուին ըլլալ իր ուժերը իր նպատակին հասնելու համար։
Բայց յստակ է, որ Ժոզեֆինային բուն ուզածը իրականութեան մէջ այն չէ, ինչ որ կ՚արտայայտէ բառերով։ Անխելք չէ, աշխատելէն չի խուսափիր, եւ արդէն խուսափելու սովորութիւն չկայ մեր մօտ։ Եւ եթէ իր պահանջին ընդառաջէինք, հաւանաբար ատկէ ետք՝ տարբեր ձեւով պիտի չապրէր, աշխատիլը իր երգելուն բնաւ արգելք պիտի չհանդիսանար, եւ ամէն պարագայի՝ երգեցողութիւնն ալ աւելի գեղեցիկ չէր դառնար ատով։ Ժոզեֆինային բուն ուզածը հետեւաբար իր արուեստին պաշտօնական, միանշանակ, ժամանակին դիմացող, ծանօթ ու անծանօթ ձեւերէն շատ անդին անցնող ճանաչումն է։ Եւ սակայն, երբ ասկէ զատ գրեթէ ամէն ինչ կը յաջողցնէ կարծէք, այս մէկը իր հասողութենէն անդին է։ Թերեւս սկիզբէն պէտք է տարբեր ուղղութեամբ դնէր հարցը իր նպատակին հասնելու համար, թերեւս ինքն ալ այսօր կը տեսնէ իր սխալը, բայց հիմա այլեւս չի կրնար նահանջել։ Նահանջելը պիտի նշանակէր ինքն իրեն անհաւատարիմ ըլլալ, հիմա ստիպուած է այդ պահանջին ետին կանգնելու, կամ ալ անոր հետ պարտուելու։
Եթէ իր ըսածին համաձայն՝ թշնամիներ ունենար, անոնք այդ պայքարին պիտի հետեւէին հրճուանքով, առանց իրենց մատն իսկ շարժելու։ Բայց թշնամի չունի ու նոյնիսկ եթէ շատերը հոս ու հոն առարկութիւններ ունին իրեն դէմ, այդ պայքարը ո՛չ մէկուն մօտ հրճուանք կը յառաջացնէ, նախ այն պատճառով որ այստեղ՝ ժողովուրդը ցոյց կու տայ իր պաղ՝ դատաւորի կեցուածքը, բան մը որ մեր մօտ չափազանց հազուադէպ է։ Եւ ինչպէս որ ալ արժեւորելու ըլլանք այդ կեցուածքը ներկայ պարագային, իրականութիւնը այն է որ որեւէ ուրախութիւն հոս բացառուած է, նկատի առնելով պարզ այն իրողութիւնը՝ թէ ժողովուրդը ինքն իր զգացումներուն դէմ ստիպուած է դատելու։ Ժողովուրդի մերժումին ինչպէս Ժոզեֆինայի պահանջին ետեւը սակայն բուն հարցը մերժուածը կամ պահանջուածը չէ։ Այլ ա՛յն՝ որ ժողովուրդը իր անդամներէն մէկուն դէմ կրնայ այդքան վճէռականօրէն կարծր ճակատ մը բարձրացնել, որ կարծէք ա՛լ աւելի կարծր է որովհետեւ նոյն այդ անդամին նկատմամբ այլապէս կը ցուցաբերէ հայրական, եւ աւելի քան հայրական, հոգածութիւն։
Ենթադրենք պահ մը, որ ժողովուրդին փոխարէն՝ հոս անհատ մը ըլլար մերժողը։ Պիտի կարծուէր որ այդ մարդը ամբողջ ժամանակի ընթացքին զիջած է Ժոզեֆինայի անվերջանալի հրատապ պահանջներուն, վերջաւորութեան վերջ տալու համար իր զիջողութեան։ Այսքան զիջած կ՚ըլլայ մարդկային չափերէն շատ անդին, այն հաստատ համոզումով որ զիջումը ինչ որ ալ պատահի՝ պիտի հասնի իր բնական սահմանին։ Աւելի զիջում ըրած կ՚ըլլայ քան ինչ որ անհրաժեշտ էր, միմիայն արագացնելու համար իրերու ընթացքը, միմիայն Ժոզեֆինան շփացնելու համար, զայն անդադար նոր փափաքներու մղելու համար, մինչեւ որ իրապէս այդ վերջին պահանջը բարձրացնէ։ Եւ այն ատեն կարճ ու կտրուկ (որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստուած) իրեն հակադարձած կ՚ըլլայ վերջնական մերժումը։ Բայց ենթադրութիւն մըն է միայն, քանի որ ժողովուրդը պէտք չունի այդպիսի հնարքներու, եւ ատկէ զատ՝ իր պաշտամունքը Ժոզեֆինայի նկատմամբ անկեղծ է եւ դիմացկուն, եւ ամէն պարագայի՝ Ժոզեֆինայի պահանջկոտութիւնն ալ այնքան ուժեղ է, որ անփորձ ու չնախապաշարուած երեխան անգամ պիտի գուշակէր այս բոլորին արդիւնքը։ Բայց կարելի է նաեւ խորհիլ որ Ժոզեֆինայի պատկերացումներուն մէջ այս տեսակի ենթադրութիւններ ալ իրենց դերը կը խաղան ու մերժուած ըլլալու ցաւին կ՚աւելցնեն նաեւ որոշ դառնութիւն մը։
Բայց նոյնիսկ եթէ կան իր մօտ այդ ենթադրութիւնները, զինքը չեն վհատեցներ եւ կռիւէն չեն հեռացներ։ Վերջերս նոյնիսկ այդ պայքարը սաստակացած է։ Մինչեւ երէկ դեռ խօսքերով կը մղէր զայն, մինչդեռ հիմա սկսած է ուրիշ միջոցներ գործադրել, որոնք իր կարծիքով՝ աւելի ազդու պիտի ըլլան, մեր կարծիքով սակայն՝ աւելի վտանգաւոր են իրեն համար։
Շատեր այն կարծիքէն են՝ որ Ժոզեֆինան այսքան կը հրմշտկէ դրութիւնը որովհետեւ կը զգայ թէ կը ծերանայ, թէ ձայնին մէջ տկարացում մը կ՚երեւի, եւ ուրեմն ժամանակը եկած է վերջին պայքարը մղելու իր ճանաչումին հաշուոյն։ Ես համաձայն չեմ այդ կարծիքին հետ։ Եթէ ճիշդ ըլլար, Ժոզեֆինան Ժոզեֆինա պիտի չըլլար։ Իրեն համար՝ չկայ ծերանալ, չկայ ձայնի տկարացում։ Եթէ բան մը կը պահանջէ, հոն մղուած է ո՛չ թէ արտաքին պատճառներէ, այլ ներքին անհրաժեշտութեամբ մը։ Ձեռք կ՚երկարէ դէպի բարձրագոյն թագը, ո՛չ թէ որովհետեւ սա պահուս քիչ մը աւելի հեռու է, այլ որովհետեւ բարձրագոյնն է։ Եթէ իր հասողութեան սահմաններուն մէջ գտնուէր, ա՛լ աւելի բարձր կը զետեղէր զայն։
Արտաքին դժուարութիւններու նկատմամբ այս արհամարհանքը չ՚արգիլեր որ գործածէ ամենէն անարգ միջոցները։ Իր իրաւունքը իր աչքին՝ կասկածէ վեր է։ Հոն հասնելու ձեւը հետեւաբար անտարբեր է։ Մանաւանդ եթէ նկատի առնէք որ այս աշխարհին մէջ, իր պատկերացումին համաձայն, պարկեշտ միջոցները սահմանուած են ձախողելու։ Եւ թերեւս ալ այդ ըլլայ պատճառը, որ իր իրաւունքը ձեռք ձգելու համար մղած պայքարը փոխադրած է երգեցողութեան դաշտէն դէպի ուրիշ՝ նուազ փայփայուած դաշտ մը։ Իր կողմնակիցները իրմէ բխող յայտարարութիւններ շրջագայութեան մէջ դրած են, որոնց համաձայն ինքզինք կարող կը զգայ այնպիսի ձեւով երգելու որ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ, մինչեւ իսկ դիմադրութեան ամենէն թաքուն խորշերուն մէջ, իրական հաճոյք մը ըլլայ զինքը լսելը, իրական հաճոյք ոչ թէ ժողովուրդին իմաստով (որ կը հաւաստէ ի հարկէ, թէ այդ հաճոյքը միշտ զգացած է Ժոզեֆինայի երգեցողութենէն), այլ՝ Ժոզեֆինայի պահանջին իմաստով։ Որուն կ՚աւելցնէ սակայն, թէ քանի որ չի կրնար բարձրագոյնը կեղծել եւ հասարակ ճաշակները շոյել, ստիպուած է մնալու ինչպէս որ է։ Բայց ամէն ինչ կը փոխուի երբ հարցը վերաբերի աշխատանքէն ազատուելուն։ Ճիշդ է՝ այս մէկն ալ երգեցողութեան ի խնդիր պայքար մըն է, բայց հոս չի պայքարիր անմիջականօրէն երգեցողութեան թանկարժէք զէնքով։ Հոս բոլոր միջոցները արտօնուած են կարծէք։
Օրինակ տարաձայնութիւն մը տարածուեցաւ, վերջերս, որուն համաձայն եթէ իր պահանջներուն ընթացք չտրուի, Ժոզեֆինան պատրաստ է իր գեղգեղանքներու ելեւէջները կրճատելու։ Ես ոչինչ գիտեմ գեղգեղանքներու ելեւէջներուն մասին, երբեք չեմ նշմարած որ իր երգեցողութեան մէջ կային այդպիսի ելեւէջներ։ Բայց Ժոզեֆինան կ՚ուզէ զանոնք կրճատել, առայժմ ոչ թէ զանոնք լիովին ջնջել, այլ միայն կրճատել։ Կ՚ըսուի նոյնիսկ թէ իր սպառնալիքը սկսած է գործադրել, թէեւ ես ոչ մէկ տարբերութիւն զգացի իր նախորդ ելոյթներուն հետ բաղդատմամբ։ Ամբողջ ժողովուրդը հաւաքուած՝ մտիկ ըրաւ իրեն առանց գաղափար յայտնելու գեղգեղանքներուն մասին, եւ ամէն պարագայի՝ Ժոզեֆինայի պահանջին վերաբպերեալ անոր կեցուածքն ալ չփոխուեցաւ։ Պէտք է ըսել որ Ժոզեֆինայի մօտ, ինչպէս անոր արտաքին կերպարանքին, նոյնպէս անոր մտածողութեան մէջ, կայ իրապէս չքնաղ կողմ մը։ Այդ ներկայացումէն ետք օրինակ, խորհելով հաւանաբար որ իր որոշումը ժողովուրդին նկատմամբ շատ ծանր էր կամ շատ յանկարծակի, բացատրեց որ յաջորդ համերգին՝ գեղգեղանքները պիտի երգէ ամբողջութեամբ, առանց կրճատումի։ Բայց յաջորդ համերգէն ետքն ալ միտքը նորէն փոխեց ու այս անգամ՝ որոշեց որ գեղգեղանքներուն վերջնականապէս վերջ պիտի տայ եւ պիտի չվերահաստատէ զանոնք, այնքան ատեն որ իրեն նպաստաւոր վճիռ չարձակուի։ Եւ ի՞նչ կ՚ընէ ժողովուրդը բոլոր այս բացատրութիւններուն, որոշումներուն եւ որոշումի փոփոխութիւններուն դէմ յանդիման։ Կը լսէ ու կ՚անցնի, ինչպէս չափահաս մը պիտի լսէր ու մոռնար երեխայի մը շատախօսութիւնը, հիմնովին լաւ տրամադրուած բայց անդրդուելի։
Իսկ Ժոզեֆինան տեղի չի տար։ Վերջերս օրինակ լուրը տարածեց որ աշխատանքի ընթացքին՝ ոտքը վիրաւորեր է, ինչ որ կը դժուարացնէ եղեր կայնած մնալը համերգի ընթացքին։ Եւ քանի որ կրնայ միայն կայնած դիրքով երգել, ուրեմն ստիպուեր է մինչեւ իսկ երգերը կրճատել։ Թէեւ իրապէս կը կաղայ եւ իր շքախումբին կը կռթնի քալելեու ատեն, ոչ մէկը հաւատք ընծայեց այդ լուրին։ Իր փոքր մարմինը շատ զգայուն է, կ՚ընդունինք, բայց վերջին հաշուով՝ աշխատաւոր ժողովուրդ մըն ենք, եւ Ժոզեֆինան ալ մաս կը կազմէ այդ ժողովուրդին։ Եթէ մորթի որեւէ մէկ սկրթուքին հետեւանքով ուզէինք կաղալ, այն ատեն ամբողջ ժողովուրդը անդադար կաղացող վիճակ մը ստացած կ՚ըլլար։ Եւ ամէն պարագայի՝ նոյնիսկ այս վիճակին մէջ, ուր կը ձգէ որ զինքը տանին բերեն խեղանդամի մը նման, ուր իր դժբախտ պայմաններով հանդերձ աւելի յաճախ բեմ կ՚ելլէ քան ինչ որ կ՚ընէր սովորաբար, ժողովուրդը կը շարունակէ լսել իր երգերը շնորհակալ ըլլալով իրեն եւ առաջուան չափ կ՚ըմբոշխնէ զանոնք, առանց շատ աղմուկ բարձրացնելու կրճատումներուն մասին։
Եւ քանի որ չի կրնար անդադար կաղալ, հիմա ուրիշ միջոցներու ալ սկսած է դիմել։ Կը ձեւացնէ որ յոգնած է, տրամադրութիւնը տեղը չէ, մարմինը տկար է։ Առաջ երգչուհին մը ունէինք, հիմա յաւելեալ՝ ունինք նաեւ դերասանուհի մը։ Ժոզեֆինային ետեւը կանգնած կը տեսնենք իր կողմնակիցներուն շքախումբը, կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կ՚աղաչեն ու կը պաղատին, որ երգէ՛։ Պիտի ուզէր իբր թէ, բայց չի կրնար։ Կը մխիթարեն, խօսքերով կը շոյեն ու կը փայփայեն, կը հասցնեն զինք գրեթէ այն նախատեսուած վայրը, ուր որոշած էր երգել։ Վերջաւորութեան՝ կ՚ընդունի, անվիճելի անրցունքներով, բայց այն վայրկեանին երբ թեւերը պիտի կարկառէր վերջին կամքը արտայայտելու պէս, եւ երգել պիտի սկսէր, թեւերը կ՚իյնան անկենդան, կը կախուին, այն տպաւորութիւնն ալ ձգելով որ թերեւս մարմնին համաձայն՝ քիչ մը կարճ են — կ՚ուզէ ինքզինք հաւաքել, եւ նորէն չի կրնար, գլխու անկումը ցոյց կու տայ որ պիտի չկարենայ, եւ մեր աչքերուն առջեւ կը փլի։ Եւ այս բոլորէն ետք սակայն միջոցը կը գտնէ կանգնելու, երգելու, իմ կարծիքով՝ սովորականէն ոչ շատ տարբեր։ Մէկը որ ունենար նրբագոյն երանգները լսող ականջ մը թերեւս նշմարէր քիչ մը անսովոր գրգռութիւն մը, որ սակայն ամբողջական տպաւորութեան աննպաստ չէ բնաւ։ Եւ վերջաւորութեան մինչեւ իսկ նուազ յոգնած կ՚երեւի քան սկիզբը, կը հեռանայ տոկուն քալուածքով, եթէ երբեք ոտքերու իր թփրտուքը կարելի է այդպէս անուանել, կը մերժէ որեւէ օգնութիւն կողմնակիցներու շքախումբին կողմէ, եւ պաղ նայուածք մը կը նետէ ճամբայ բացող յարգալիր հասարակութեան վրայ։
Այդպէս էր մինչեւ վերջերս։ Բայց հիմա նորութիւնը այն է, որ անհետացած է, այնպիսի ժամանակի մը՝ երբ իր երգեցողութեան կը սպասէին բոլորը։ Իր շքախումբը զինքը փնտռելու ելած է, եւ ո՛չ միայն իր շքախումբը, շատերը կը փնտռեն, բայց ի զուր։ Ժոզեֆինան չկայ, չ՚ուզեր երգել, ո՛չ իսկ կ՚ուզէ խնդրուիլ եւ աղաչուիլ, մեզ ամբողջովին լքած է։
Տարօրինակ է խորհիլ թէ որքա՛ն սխալ է իր հաշիւը, այնքան սխալ՝ որ թերեւս ալ ո՛չ մէկ հաշիւ ըլլայ, թերեւս քշուեցաւ իր ճակատագրէն, եւ գիտենք թէ որքա՛ն տխուր կրնայ ըլլալ մէկու մը ճակատագիրը այս աշխարհէն ներս։ Իր ձեռքովը կը հրաժարի երգելէն, իր ձեռքովը կը կտրէ այն իշխանութիւնը որ ունէր հոգիներուն վրայ։ Ինչպէ՞ս կրցած էր արդեօք այդպիսի իշխանութիւն ձեռք ձգել, ինքը որ այդքան քիչ բան գիտէր այդ հոգիներուն մասին։ Կը պահուըտի եւ չ՚երգեր, բայց ժողովուրդը կը շարունակէ իր առօրեայ ճամբան, հանգիստ, առանց զգալի յուսախաբութեան, գլուխը՝ բարձր, ինքնագոհ զանգուած մը, որ կրնայ միայն նուէրներ բաշխել, երբե՛ք՝ ստանալ, ո՛չ իսկ Ժոզեֆինայէն, նոյնիսկ եթէ այն տպաւորութիւնը ձգէ թէ հակառակն է ճիշդը։
Ժոզեֆինայի ապագան սակայն՝ կրնայ միայն անկում ըլլալ։ Մօտ ատենէն կու գայ ժամանակը, երբ իր վերջին ծղծղոցը պիտի արձակէ եւ ընդմիշտ պիտի լռէ։ Մեր ժողովուրդի յաւիտենական պատմութեան մէջ կարճատեւ դրուագ մըն է, եւ ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ կորուստը։ Անշուշտ դիւրին պիտի չըլլայ։ Ինչպէ՞ս պիտի գոյանան ատկէ ետք կատարեալ լռութեամբ կատարուող հաւաքոյթները։ Երբ Ժոզեֆինան մեր հետն էր, նոյնպէս լռութեամբ չէի՞ն ընթանար անոնք, պիտի ըսէք։ Իր իրական ծղծղոցը արդեօք զգալիօրէն աւելի ուժո՞վ էր, աւելի կենդանի՞ էր, քան անոր յիշատակը։ Եւ արդէն իսկ իր կենդանութեան շրջանին՝ կարելի՞ է ըսել որ ուրիշ բան էր քան թէ պարզ յիշատակ։ Ժողովուրդը, իր խոր իմաստութեամբ, Ժոզեֆինայի երգեցողութիւնը այդքան բարձր արժեւորած չէ՞ր արդեօք, որովհետեւ այդ ձեւով՝ զայն կը դարձնէր անկորնչելի։
Եւ հետեւաբար՝ թերեւս շատ բան չկորսնցնենք, եւ Ժոզեֆինը, երկրային զուլումներէն փրկագործուած, որ սակայն իր կարծիքով՝ ընտրեալներուն վերապահուած են, ուրախութեամբ պիտի կորսուի մեր ժողովուրդի հերոսներուն անթիւ զանգուածին մէջ, եւ մօտ ատենէն, քանի որ պատմագիտութիւն չենք մշակեր, պիտի մոռցուի իր բոլոր եղբայրներուն նման, աւելի բարձր փրկագործումով։