Երկաթ
պարարտ հող
ուր երկաթներ կը հանգչին
կը դողդղան դնդերները մետաղեայ
ապրիլ կ’ուզեն
հողին սէրէն շունչ ու հաւատք կը քաղեն
ու կ’ուռին
այլօրինակ իրենց հունտէն
չհասկցուող հսկայի
անօրինակ մինակութիւն կը սաղմնուի
մակերեսի պայծառութեան ան չի կրնար վստահիլ
ու դէպի ներս, դէպի ներքեւ, դէպի անդունդ կը մեծնայ
պիտի չգայ ան աշխարհ
հողին վրայ
շատ աղմուկ կայ
քմծիծաղ
պիտի բազմի հսկայութեան պատուանդանին
իբրեւ չեղած
իբրեւ չեկած
իբր’ փայփայուած փրկութիւն
ու երբ գիտնան իր գոյութեան պատմութիւնը անհեթեթ
ծաղրը պիտի ճակատն անոր խարանէ
պիտի ծնի ինքն իրեն
պիտի ապրի ինքն իրեն
ու իր յուշը իր չփտտող մարմնին վրայ
կրէ իբրեւ պատիժ երկաթեայ
ու պէտք է դիմանայ
քանի պիտի չմեռնի
Կամ
կամ
այսքան կամ այսպէս
ահա ես
ճիշդ մէջտեղը սենեակին
լուսացրիչին ճիշդ տակը
իրական միսով-մարմինով
ամրակորով
ստիպուած ես ինձմէ անցնիլ
եթէ շարժիլ կամենաս
տեսադաշտը քուկինդ չէ այլեւս
տեսարանը ինձմով ճոխացաւ
բիծի պէս
չես կրնար ռետինով մը զիս ջնջել
ես կամ
ու կարկինը իմ շուրջս
տարածքին կորը կը գծէ
ես եմ կէտը
հաւաքող
ու ցրող
մեր պատմութեան
ես եմ ոտքի
քանի ինկայ
ու զերծ եմ կասկածներէ
ես եմ լեցուն
քանի կերայ
ու զերծ եմ երկիւղներէ
վճարեցի բարձր գինը հաւատքիս
ու պարտք չունիմ այլեւս
ատաղձ չունիմ
ծախսեցի
պահելիք բա՜ն չմնաց
թեթեւ եմ խաղաղութեան պէս
եթէ ուզես
կը մնաս
կամ
Ճակատի նկարը՝ Մանան Թորոսյանի «Քամի խոսացնողը» ինստալացիան