Մտորումներ Վիգէն Պէրպէրեանի եւ Եան Քէպպի «Կառոյցը փտած է, ընկեր» հատորին առիթով (Viken Berberian – Yann Kebbi, “La Structure est pourrie, camarade”, Actes Sud BD հրտրկչ., 2017, Ֆրանսա)

 

Եթէ բացառենք Թաւշեայ յեղափոխութեան խաղաղ պսակումը, կրնանք ըսել որ Վիգէն Պէրպէրեանի գծագրավէպը՝ «Կառոյցը փտած է, ընկեր»՝ կանխատեսած էր զայն արդէն 2017ին: Կարելի է նաեւ ըսել որ, տարօրինակ յստակատեսութեամբ մը, հետեւանք հաւանաբար շրջապատի մթնոլորտին ու դէպքերուն հանդէպ գրողին անսովոր ներզգացողութեան, Պէրպէրեանի նախորդ երկու վէպերը եւս՝ չըսենք կանխատեսած էին, սակայն մօտէն կը նկարագրէին վրայ հասնելիք միջազգային երկու մեծ վերիվայրումները. առաջինը, որ կը կոչուի «Հեծելանւորդը» (The Cyclist), լոյս տեսած 2002ին Նիւ Եորկ, մամուլի տակ կը գնուէր երբ տեղի պիտի ունենար Սեպտեմբեր 11ի դէպքը եւ միջազգային ահաբեկչութիւնը անցնէր նոր ոլորտ: Գիրքը կը նկարագրէ հեծանիւով անձնասպանական գործողութիւն ծրագրողի մը մտորումները ու խանդավառութիւնը մօտալուտ քայլին ու հետեւանքներուն մասին՝ մէկ կողմէն, միաժամանակ խօսելով ուտելիքի ու սեռայինի հանդէպ անոր քիմքին ու ճաշակին մասին: Այդ տարօրինակ զգայարանական զուգորդումը գիրքի մը մէջ, որ պիտի երեւան գար պայթումներէն անմիջապէս ետք, խօսիլ պիտի տար հեղինակի կանխատեսութեան մասին: Պէրպէրեանի լոյս ընծայած երկրորդ հատորը կը կոչուի «Տաս քափիթալ (Das Kapital), լոյս տեսած 2007ին կրկին Նիւ Եորք: Այս անգամ անիկա կ՚առնչուէր համաշխարհային սակարաններու աշխարհին եւ անով իսկ կը կանխէր 2008ին վրայ հասնելիք հսկայական անկումը: Գիրքը ունի «սիրոյ ու սակարաններու մասին վէպ» ենթախորագիրը ու կը նկարագրէ բաժնետոմսերու առուծախով զբաղող գործակալի մը գլխաւոր աշխատելաձեւը՝ գրաւ դնող անոնց մօտալուտ անկումին վրան փոխանակ վերելքին, ինչպէս նաեւ անոր կապերը բնապահպան ահաբեկիչի մը կատարելիքին արարքին հետ: Վրայ հասնող իսկական անկումը անշուշտ շուտով պիտի գերազանցէր գիրքին կանխատեսածը: Երկուքն ալ լայն արձագանգ գտած էին օրին իրենց բերած իւրայատուկ խառնուրդներովը մտաւորականին, զգայականին ու լեզուական հրավառումին: Անցնելով վերջին գիրքին, որ նորաբանութեամբ մը պիտի նկարագրենք որպէս «գծագրավէպ», ի՞նչ կը պատմէ ան: Նախ՝ ի՞նչ ըսել է գծագրավէպ:

Պատմութիւն պատմելը մարդ արարածը յատկանշող հիմնական գիծերէն մէկն է եւ առ այդ նկարներու օգտագործումը կ՚երկարի մինչեւ քարանձաւներու պատերուն եղած գծագրութիւնները: Գիր եւ գիծ միշտ ներկայ եղած են մշակութային արտադրանքին մէջ եւ յաջորդականութիւն ցուցաբերող դրուագներ կարելի է գտնել օրինակ եգիպտական նշանագիրներով գրութիւններու մէջ: Նկարչութեամբ պատմութիւն պատմող արուեստի դրսեւորումները կ՚երեւին մանրանկարչութեան մէջ, գորգանկարներու, որմնանկարներու, եւայլն, սակայն այդ բոլորին մէջ կը պակսէին երկու հիմնական տարրեր, որոնց երեւումը ԺԹ. դարու կէսերէն սկսեալ հիմը պիտի դնէր պատմութիւն պատմելու նոր ձեւի մը: Այդ երկու նորութիւններն են՝ ժամանակի թաւալումին պատրանքը ստեղծող իրերայաջորդ նկարներու օգտագործում եւ կերպարներու խօսքը անոնց բերնէն ելող պղպջակներու մէջ տեղադրում: Այս երկու հնարքները, որոնց կ՚աւելնան տպագրական արուեստի կրած զարգացումներն ու հանրամատչելի մամուլի երեւումը, պիտի սատարեն նորածին արուեստի մը արագ ընձիւղումին եւ ասիկա զանազան լեզուներով ու զանազան ցամաքամասերու վրայ միաժամանակ: Անոր պիտի տրուին տեղւոյն մշակոյթէն բխող տարբեր անուններ, անգլերէնով՝ comic strip, ֆրանսերէնով՝ bande dessiné, իտալերէնով՝ fumetti (ակնարկելով խօսքի պղպջակներուն կամ ամպիկներուն), ճափոներէնով՝ manga (հապճեպ պատկեր), եւայլն: Ամէն երկրի մէջ կը զարգանան նաեւ արուեստը յատկանշող իւրայատուկ ձեւեր ու մօտեցումներ: Ճափոնականը օրինակ, մանաւանդ սկիզբի օրերուն, կը յատկանշուէր աժան թուղթի վրայ տպուած հաստափոր հատորներով, հապճեպ եղած, ուր շեշտը կը դրուի շարժումի եւ քմայքներ արտայայտող սեւ-ճերմակ գծագրութիւններու վրայ, մինչ ֆրանսականը երկար տասնամեակներ կը մնար 48 էջի վրայ գունաւոր, խնամուած ու յստակ շրջագիծերով յատկանշուող արտադրութիւն մը: Թարգմանութիւնները զանոնք պիտի տարածէին երկրէ երկիր, միաժամանակ տարածելով նաեւ փոխազդեցութիւնները:

Առաջին օրէն այս արուեստը մօտէն պիտի առնչուի երգիծական ու մանկական գրականութիւններու հետ: Երգիծանկարչութեան պարագային կապը յստակ է՝ թէեւ այս պարագային մէկէ աւելի նկարներով պատմուող դրուագն է խնդրոյ առարկան: Հոնկէ comic strip կամ comics եզրը որ դժբախտաբար յղուելով ծիծաղաշարժին, անբաւարար կը նկատուի ծիծաղաշարժէն անդին որեւէ բան պատմող գրութեան համար: Ինչ կը վերաբերի մանկականին՝ յստակ է նկարազարդումին ու ընդհանրապէս գծուած նկարին գրաւչութիւնը այդ ոլորտի գրականութեան հանրութեան համար, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ որ մանկապատանեկանը դառնայ այս նոր արուեստին կիզակէտը մանաւանդ սկզբնական տարիներուն: Նոյնը կարելի է ըսել գծանկարային ֆիլմերու պարագային, ինչ որ Հայաստան կը կոչուի «մուլտ», օրինակի համար: Սակայն յստակ է որ գծանկարով արտայայտուող այս արուեստները կրնան ուղղուիլ որեւէ տարիքի հանրութեան կամ մշակել որեւէ տեսակի բնանիւթ:

Ամերիկեան comicsի մեծագոյն երկու ճիւղերը պիտի ընթանան՝ մէկ կողմէ դէպի կենդանական կերպարներով տիզնէյական մշակումներ, միւս կողմէ՝ սուփըր հերոսներու ժանրը, մանաւանդ քառասունականներէն սկսեալ: Ֆրանսականին, աւելի ճիշդ ֆրանսախօսին մէջ, որով Պելճիքական արտադրութիւնը առ այսօր մեծ տեղ կը գրաւէ անոր մէջ, bande dessinéeի մեծագոյն հերոսը կը նկատուի Թէնթէնը, որուն արկածախնդրութիւնները պարփակող հատորները երեսունականներէն սկսեալ ոչ միայն թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու ու տարածուած աշխարհով մէկ, այլ նաեւ հիմը դրած արուեստի ձեւի մը, որ կը կոչուի «յստակ գիծ» (ligne claire): Ինչ կը վերաբերի ճափոնականին, թէեւ անոր արմատները կ՚երթան մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբ (Հոքուսայ), անոր մեծագոյն վարպետին՝ Օսամու Թէզուքայի բազմաբեղուն գործունէութիւնը յիսունականներուն հիմը դրած է այսօր ամենածաւալունը նկատուող համաշխարհային ժանրի մը, որ կը տարածուի մինչեւ Քորէա ու Չինաստան, իսկ վերջին տասնամեակներուն երթալէն աւելի կ՚որդեգրուի որպէս աշխատելաձեւ Արեւմուտքի մէջ գործող արուեստագէտներու կողմէ:

Այս երեք լեզուներէն դուրս, թարգմանականին կողքին զանազան երկիրներ նաեւ ունեցած են տեղական արտադրութիւններ: Երկրէ երկիր սակայն նոյն ընդունելութիւնը չէ գտած ան: Օրինակի համար, մեծ թիւով գրողներ ու գրականութիւն ստեղծուած են Իտալիա, Սպանիա, Անգլիա, Հոլանտա, Գերմանիա, հիւսիսային եւրոպական ու պալթեան երկիրներ, Լեհաստան, նախկին Եուկոսլավիա, Արժանթին, Պրազիլ, եւայլն, մինչ շատ մը ուրիշ երկիրներ գրեթէ ամբողջովին զերծ մնացած են այս արուեստի ներթափանցումէն: Նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս անիկա նկատուած էր բուրժուական ու վատազդեցիկ, եւ ուրեմն մնացած էր լուսանցքային: Սկսեալ ութսունականներէն, մանաւանդ Միութեան բլուզումէն ետք, շարանկարը Ռուսիոյ մէջ կը թեւակոխէ վերելքի շրջան մը: Հայաստան ալ անմասն չի մնար այս ամենէն: Խորհրդային շրջանէն կարելի է յիշել Վարդան Զաքարեանի անունը («Նարեկ իշխանը», «Սասունցի Դաւիթ»): 2000ականներու կէսերուն Երեւանի մէջ քանի մը տարի տեղի ունեցան շարանկարի փառատօներ ու կան զանազան ծլարձակումներ ու հեղինակներ, ընդ որում գլխաւորը պէտք է նկատել Տիգրան Մանգասարեանը («Ի Խավարէ Ի Լոյս», «Լռութիւն», «Մինչեւ հոգիների վաճառքը», եւայլն): Հայաստանէն դուրս կարելի է յիշել հայերէնով ամբողջովին շարանկարի նուիրուած երկու պարբերական, երկուքն ալ մանկապատանեկան ու դաստիարակչական բնոյթի. առաջինը 1952-1955 Փարիզ լոյս տեսած «Արաքս»ն է (խմբգր. Ն. Յովհաննէսեան, ամիսը երեք անգամ, 6 էջանի սեւ-ճերմակ, լոյս տեսած 37 թիւ), երկրորդը 1970ականներուն Պէյրութ հրատարակուած «Մկոն ու Չալոն» պարբերականն է (Համազգային, 26-32 էջ գունաւոր, լոյս տեսած 12 թիւ):

Սկզբնական տարիներուն մամուլը, մանաւանդ օրաթերթերու կիրակնօրեայ գունաւոր էջերը լայն տեղ տուած են այս արուեստին, ապա երկար տասնամեակներ անիկա ապրած է ու արուեստագէտներ ապրեցուցած պարբերական ճոխ մամուլի մը էջերուն մէջ, յաճախ ուղղուած մանկապատանեկան ոլորտին: Վաթսունականներուն կացութիւնը սկսած է փոխուիլ կամաց-կամաց, երբ ընթերցողներն ալ սկսած են հասուննալ ու աւելին պահանջել անկէ: Ֆրանսախօս աշխարհին մէջ անիկա ստացած է իններորդ արուեստ յորջորջումը, իսկ հայերէնով, գոնէ արեւմտահայերէնի մէջ, որոշ գործածութիւն ունեցած է «շարանկար» եզրը որպէս bande dessinée հարազատ թարգմանութիւն:

Տասնամեակներով անկաշկանդ զարգացման փուլ մը ապրելէ ետք յիսունականներուն ստիպուած եղած է ան յարմարելու գրաքննական որոշ օրէնքներու կապանքին, երեխաներուն վրայ ենթադրեալ վատ ազդեցութեան մեղադրանքին տակ, եւ ասիկա այս եւ այդր Ատլանտեան: Վաթսունականներու սեռային յեղափոխութեան հետ շարանկարն ալ ոտնակոխած է ազատագրութեան նոր հանգրուան մը, տեղ տալով արգիլեալ բոլոր տեսակի նիւթերու, իսկ իննսունականներէն սկսեալ ան կ՚ապրի իբրեւ արուեստ հասունացման նոր փուլ մը: Հատորները տեղ կը գտնեն գրախանութներու լաւագոյն դարաններուն վրայ, գրողները կը դառնան հեռատեսիլի աստղեր բայց մանաւանդ ձեւաչափը ինքնին, քայլ պահելով նիւթերու ազատագրումին ու հասունացման հետ, կը կոտրէ իր կապանքները՝ ըլլայ գիրքերու չափեր կամ էջերու թիւեր եւ արտադրութիւնը դուրս կու գայ առեւտրական կանոններով ղեկավարուող հրատարակչատուներէ դէպի արուեստի միաւորներ: Հետեւելով արուեստի աշխարհը յատկանշող սղաճին, շարանկարի էջերն ալ այսօր կը վաճառուին հանրածանօթ աճուրդատուներու երդիքներու տակ ապահովելով աննախադէպ գիներ:

Այս ամէնուն հետ վերջին տասնամեակներուն հրապարակ նետուեցաւ անգլերէնով graphic novel նորաստեղծ եզրը: Դրդապատճառը անշուշտ դուրս գալ էր մանաւանդ անգլերէնով comicsի սահմանափակումէն, որով գրողները այսօր կը գրեն զիրենք հետաքրքրող նիւթեր, որոնք կ՚երկարին ինքնակենսագրականէն մինչեւ ամէն տեսակի ժանրային պեղումներ պարփակող փնտռտուքներ՝ հոգեբանական, գիտաերեւակայական, գերբնական, ընկերային, ոստիկանական, եւայլն: Շարանկարը նաեւ թափանցած է լրագրական ասպարէզ ինչպէս նաեւ մեկնողական եւ դաստիարակչական ոլորտ: Չկան այլեւս նախկին մանկականի կամ ծիծաղաշարժի կնիքն ու սահմանափակումը ու ասպարէզը բաց է գրողին ու գծողին երեւակայութեան ու կարողութիւններուն: Պէտք է ըսել որ արտադրութիւնն ալ շատ բեղուն է ու որակը բացառիկ մակարդակի: Երկար տատամսումներէ ետք հատորները ոչ թէ միայն այլեւս տեղ կը գտնեն հանրային լայն խաւերու ձեռքին, որպէս որեւէ այլ գիրք, այլ նաեւ արուեստը ինքնին կ՚ապրի զարգացման ոսկեդար մը, ըլլայ հրատարակուող հատորներու թիւով, ըլլայ մանաւանդ որակով: Այս ամէնուն կ՚ընկերակցի մասնագիտական վերլուծական մամուլի ու համալսարանական ամպիոններէ ներս անոր նուիրուած աւարտաճառերու երեւումը: Իններորդ արուեստը յստակօրէն անցած է մանկական ու ժողովրդական արուեստի իր սկզբնական կարգավիճակէն քայլ մը անդին:

Ինչ կը վերաբերի graphic novel եզրին, որուն համար որդեգրեցինք հայերէնով գծագրավէպ եզրը, կը թուի թէ ան դժգոհութիւն պատճառած է երկուստեք՝ թէ՛ գրական ոլորտին մօտ, թէ՛ շարանկարի պաշտպաններուն: Յստակ է որ գծագրութիւն եւ վէպ մէկ եզրի մէջ միացնելը կրնայ գայթակղութիւն նկատուիլ: Սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ որ քսան տարի է ու աւելի այդ եզրը կը բանի գէշ կամ աղէկ, իսկ անոր ծածկին տակ ստեղծուող գրականութիւնը հրապարակը ողողած է իր հատորներով ու թափանցելով հանրային գիտակցութենէն ներս, վերջապէս ինքզինք դարձուցած է արուեստի տեսանելի ու ընդունուած ձեւ մը:

Վերադառնալով հատորին, ի՞նչ կը պատմէ ան: Փրոֆեսոր Ֆռունզիկ, Ֆրանսա մեծցած ճարտարապետ, ետեւ կը ձգէ իր երկիրը ու կը մեկնի Երեւան միանալու հօրը, Սերգէյ Զաքոյեանին, հանրայայտ ճարտարապետ՝ ծանօթ պարոն Կրաղիւս (Monsieur Ciment) մակդիրով: Պարոն Կրաղիւս կը վարէ Արմատական ճարտարապետութեան բաժանմունք կոչուող միաւորի մը ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը եւ պատասխանատուն է քաղաքը վերակառուցելու պատրուակով զայն քանդող մոլուցքին: Ֆռունզիկ մեծ համարում ունի հօր հանճարին նկատմամբ եւ անոր նման ինքն ալ մեծ ջատագով է կրաղիւսի: Հօր միջամտութեամբ կը դառնայ համալսարանի դասախօս եւ իրը կը դարձնէ Երեւանը համայնավարութեան օրերէն մնացած ձախող շինութիւններէն ձերբազատելու մտահոգութիւնը: Առ այդ հազարաւոր տուներ զոհ կ՚երթան քանդիչ մեքենայի խոշոր գունդին, որ ճօճուելով աջ ու ահեակ, կը քանդէ շինութիւն շինութեան ետեւէ: «Հիմա բաւարար տեղ ունինք», կը յայտարարէ ան, «քաղաքը վերակառուցելու համար»: Ֆռունզիկ մանկութենէն սնած է ճարտարապետութեամբ: Իբր երեխայ անոր բերնէն ելած առաջին բառը եղած է՝ կրաղիւս: Ծնողներու բաժանումէն ետք ֆրանսացի մօր հետ կը մեկնի Փարիզ ու հոն հասակ նետելով իր կարգին կը դառնայ ճարտարապետութեան ուսանող: Սակայն ուսումը կիսատ թողած կը մեկնի նախ Ռուսաստան, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար շինութիւնները ու ապա Երեւան: Վերակառուցելու մոլուցքին մէջ անշուշտ ան չ՚անդրադառնար որ մարդոց բնակարաններն են քանդուողը մինչ փողոց մնացած անօթեւաններու թիւը երթալէն կ՚աճի: Իսկ այն պահերուն երբ կ՚անդրադառնայ, զանոնք կը նկատէ ակամայ եւ առժամեայ զոհերը փոփոխութեան: Ճամբան քալած ատեն կը հանդիպի ցուցարարներու խումբի մը, որոնց կը խոստանայ արդիական տուներ, երեք պէտքարանով, սակայն անոնք ետ կը պահանջեն իրենց փլցուած ու մէկ պէտքարանով տուները, մինչ անոնցմէ մէկը փաթթուելով իր ոտքերուն կ՚անիծէ զինք, մաղթելով որ թաղուի 300 թոն կրաղիւսի տակ: Ֆռունզիկ չ՚անդրադառնար նաեւ որ ոչ թէ միայն իրենց կառուցածները նոյնքան տգեղ են որքան նախկինները, այլ նաեւ քաղաքին հաւաքական յիշողութիւնն է որ կը կորսուի այդպէս առ յաւէտ: Վերջ ի վերջոյ ան ինքզինք պիտի գտնէ հիւանդանոցի անկողնի մը վրան, զոհ՝ քանդիչ գունդի արկածով հարուածի մը գլխուն: Մինչ այդ սակայն ժողովրդական յեղափոխութիւնը մուտք պիտի գործէ նախագահական պալատ ու տապալէ իշխանութիւնը: Յեղափոխութիւնը արիւնալի պիտի ըլլայ եւ վայրագ ընդհարումներուն զոհ պիտի երթայ նաեւ հայրը, երբ ցուցարարները պիտի խուժեն անոր գրասենեակը ու զինք վար նետեն բարձրայարկ շէնքէն:

Յեղափոխութիւնը հակաճարտարապետական յեղափոխութիւն մըն է, բայց փոխաբերութիւնը յստակ է: Պէրպէրեանի կառուցածը հէքիաթ մըն է, ուր կ՚երեւին արդիապաշտ ու բրտապաշտ (brutalist) ճարտարապետներու անուններ ու ուսմունքներ: Մէկ կողմէն հեգնանքը կը յորդի տողերէն, երբեմն կարծես ամէն տողի տակ, միւս կողմէն սակայն կերպարները տոգորուած են սրտառուչ անկեղծութեամբ մը, այն աստիճան որ յաճախ ընթերցողը կը շուարի՝ խնդա՞յ թէ լա՞յ: Ֆռունզիկ կը ձախողի իր առաքելութեան մէջ ու կը վերադառնայ Փարիզ: Կը հրաժարի նաեւ կրաղիւսէն: Հարցը որ կը դրուի վերջաւորութեան յիշողութեան հարցն է: Քաղաքը քար ու քանդ եղած է: Բայց ոչ միայն քաղաքը: Ժողովրդական ճաշարանի մը մէջան կը լսէ երկու յեղափոխականներու զրոյցը ուր մէկը, ճարտարապետութեան ուսանող, միւսին կ՚ըսէ՝ «յիշողութեան քանդումին է որ ականատես եղանք: Տասը տարիէն մարդ բան պիտի չյիշէ… կ՚ուզէի գեղագիտականացնել այս ամէնը, որպէսզի յեղափոխութեան ձգած վէրքերը պահուին հաւաքական յիշողութեան մէջ»: «Երբեք չմոռնալ, որով յոռեգոյն ոճիրը վկային մահն է», կը շարունակէ ան: «Բայց կան բաներ որ կ՚ուզէի մոռնալ», կը պատասխանէ դիմացինը, «օրինակ մարտ 1ի դէպքերը» …:

Ֆռունզիկ կը վերադառնայ Փարիզ ու գործ կը գտնէ իբրեւ պէտքարաններու գծագիրներ պատրաստող հասարակ ճարտարապետ: Յստակ է որ ուրախ չէ:Մինչ ճամբայ կ՚ելլէ ուղղուելու համար մօր տունը, դիմացը կ՚ելլէ նոյն այդ երեւանցի անտուն ցուցարարը, որ Երեւան փաթթուած էր ոտքին ու անիծած զինք: «Ինչպէ՞ս հոս հասար» հարց կու տայ Ֆռունզիկ: Իսկ ան կը պատասխանէ նոյն անէծքով ու կ՚անհետանայ: Փարիզը կը շարունակէ իր ժխորալի երթը:

Այսքանը ինչ կը վերաբերի դիպաշարին: Շարանկար մը կամ գծագրավէպ մը ի մի կը բերեն արուեստի երկու ճիւղ՝ պատում ու գծագրութիւն: Երբեմն երկուքին հեղինակը կրնայ ըլլալ նոյն անձը, որուն պարագային հեղինակը կը նկատուի ամբողջական հեղինակ: Բայց ընդհանրապէս մասնագիտացումը ամէն մէկ ճիւղին համար կը պարտադրէ տարբեր հեղինակներ: Իրականութեան մէջ այս արուեստին գլխաւոր յատկանիշն ու հմայքը ճիշդ այդ երկուքը ի մի բերելն է այնպէս մը, որ մէկը միւսին ամբողջացնէ, եւ ոչ օրինակ պատկերը դառնայ նկարազարդում կամ գիրը դառնայ պատրուակ: Հո՛ն կը կայանայ յաջողութեան գերագոյն երաշխիքը, երբ ընթերցողը գիրքը կը մոռնայ, ինչպէս լաւ ֆիլմին կամ լաւ վէպին առջեւ կը մոռնանք ֆիլմը կամ գիրքը ու մենք մեզ պահ մը կը գտնենք անոր մէջ: Ի տարբերութիւն վէպին, ուր պատկերները ամբողջովին կը կառուցուին ընթերցողի մտքին մէջ, քանի որ վերջ ի վերջոյ միտքը պատկերներ ստեղծելով կը հետեւի դրուագներուն, եւ ուրեմն ամէն ընթերցող կը ստեղծէ իր իւրայատուկ պատկերներու շարքը,- ասոր լաւագոյն դրսեւորումը դէմքերն են, ինչպէ՞ս ամէ՛ն ընթերցող գիրքի տողերէն կը ստեղծէ հերոսներու ի՛ր դիմանկարները,- այստեղ պատկերները տրուած են, կամ գոնէ տեսողական գետնի վրայ առաջարկուած են: Ասիկա տակաւին իրապաշտ պատկերներով գիրքի պարագային: Կրնան անոնք նաեւ զուտ նկարչական ըլլալ, պատկերի հրաւէր, կամ պարզապէս տրամադրութիւն առաջարկող: Ի տարբերութիւն ֆիլմին սակայն, ուր պատկերներու ամբողջ շարքն ու թաւալման ընթացքը կը պարտադրուին դիտողին իրական՝ այսինքն ընթացքի մէջ եղող՝ ժամանակի մէջ, այստեղ էջին վրայ երեւցողը անջատ ու սառած շրջանակներ են միայն, մինչ դիպաշարը կը յառաջանայ էջը կազմող աղիւսակներու ոստումներով, այնպէս որ ընթերցողին միտքն է որ ստիպողականութեան տակ է կառուցելու շրջանակէ շրջանակ ժամանակային անցքերը, լեցնելու քառակուսիներուն միջեւ մնացած պարապները: Հո՛ս է որ յաջող գործի մը մէջ, գիր, պատկեր ու պարապ զիրար կ՚ամբողջացնեն ընթերցողի մտքին մէջ: Ուրիշ մեծ տարբերութիւն մը ֆիլմի հետ այն է, որ հոս ժամանակը գծային չէ այլ առաձգական ու ամբողջովին կը գտնուի ընթերցողի հակակշռին տակ: Շրջանակէ շրջանակ անցքը կը համապատասխանէ ժամանակին մէջ յառաջացումի, բայց կը բաւէ որ ընթերցողը հայեացքը դարձնէ էջին մէկ կամ միւս երեսին, որպէսզի ժամանակն ալ երթայ ետ կամ առաջ: Այնպէս որ ընթերցողը ժամանակները կրնայ տեսնել իր ուզած կշռոյթով եւ ուղղութեամբ, առաւել եւս կրնայ զանոնք տեսնել բոլորը միասին:Կարծես ընթերցողին աչքը ըլլար աստուածային աչքին համազօր, որ կը տեսնէ անցեալ, ներկայ ու ապագայ միաժամանակ:

Այսպէս, յաջող գործ մը պէտք է կարենայ գիր ու գիծ այնպէս մը միացնել, որ ընթերցումը ոչ թէ միայն չկաղայ, այլ նաեւ չաւարտի, որով ընթերցողին երեւակայութիւնը նոյնքան դերակատարութիւն ունի գործին ծաւալման ու յայտնութեան մէջ մտքի պաստառին վրայ, որքան գործը ինք: Գրութեան կամ գծագրութեան գեղեցկութիւնը, բանաստեղծականութիւնը, մէկը միւսին մէջ բանուածքն ու ագուցումը, այս բոլորը կը խաղան իրենց դերերը: Լաւ գործ մը այս բոլորը միացնելով կը փռէ զայն ընթերցողի մտահորիզոնին, թոյլ տալով որ շնչէ ու ընթերցողը մղէ կրկին բանալու գիրքը ու թերթելու էջերը: Տրուած ըլլալով որ առաջին հայեացքով գլխաւոր երեւցողը գծագրութիւնն է, երբեմն խաբկանքը կը ստացուի որ ա՛ն է գործը առաջ տանող գլխաւոր մեքենան, մինչդեռ հակառա՛կն է ճիշդը: Առանց լաւ դիպաշարի՝ գծագրութիւնները չեն կենդանանար ու գործը թռիչք չ՚առներ, մինչ գիրքը կը սկսի ծանրանալ ձեռքերուն մէջ:

Այլ յատկանիշ մը ընթերցումի թափն է: Թէեւ միջին չափով գծագրավէպի հատոր մը հեղինակներէն կրնայ պահանջել տարուան մը աշխատանք, ըսենք գուցէ նոյնքան որքան վէպի մը պարագային, ի տարբերութիւն անոր՝ հատորին ընթերցումը ընդհանրապէս կը պահանջէ շատ աւելի նուազ ժամանակ: Առաջին ընթերցումը յաճախ կը մնայ գրութեան մօտիկ, կ՚ուզէ կարդալ գրուածը հետեւելով գիրին ու արագ անցնելով գծանկարներուն վրայէն, որով պատմուածն է որ կը լարէ ընթերցումը ու ընթերցողը կը մղէ դարձնելու էջերը: Ապա կու գան աւելի դանդաղ թափառումները պատկերներուն վրայ մինչ աչքը մէկիկ-մէկիկ կը մտնէ անոնց մէջ, կը պտտի, կամաց-կամաց քակելով զանոնք, յայտնաբերելով անոնց ընդերքը ու այդտեղ գտնելով յաւելեալ հաճոյք ու տեղեկութիւն: Շօշափելի գեղագիտական հաճոյք մը կայ միշտ պատկերի ընկալումին մէջ ու աչքը յաճախ կը սիրէ մնալ այդտեղ մինչ միտքը կը շարունակէ կառուցել պատմուածին վրայ, աւելցնել մանրամասնութիւններ որ չկան անպայման գրութեան մէջ: Առաւել եւս, շարանկարի կամ գծագրավէպի ընթերցումը վարժութեամբ ձեռք բերուող հաճոյք մըն է, արուեստի որեւէ գործի նման, եւ ասոր մէջ մանկութեան անոր հմայքին տակ ինկած ըլլալը կը խաղայ որոշակի դեր, ինչպէս որ ընթերցանութիւնը տղային մօտ հունտը կը դնէ գիր ու գրականութեան ապագայ հաճոյքին:

Հարցը կը մնայ՝ ինչպէ՞ս մօտենալ Պէրպէրեանի ու Քէպպիի այս գործին:Նախ սակայն, ո՞ւր տեղադրել զայն: Հրատարակիչը, Actes Sud, որ յարաբերաբար երիտասարդ հրատարակչատուն մըն է, չի պատկանիր շարանկարի ըսենք աւանդական հրատարակիչներու հոյլին: Ան աւելի ծանօթ է հրատարակած իր վէպերով, մանաւանդ թարգմանական (Նինա Պէրպէրովա, Փոլ Օսթէր, եւայլն) ու մանաւանդ ֆրանսական գրական տարածքէն ներս ապահոված յարաբերաբար մեծ թիւով մրցանակներով: Actes Sud, ինչպէս գրական գործերու շատ մը հրատարակչատուներ, 2000ականներու կէսերուն իր հրատարակութիւններու ցուցակին վրայ աւելցուց նաեւ շարանկարային գործերու ցուցակ մը, փորձելով ետ չմնալ շուկային վրայ այս տեսակի գիրքերու առուծախին կրած մեծ աճէն: Շարքը կը բաղկանայ միջազգային գրողներու հատորներէ, քանի մը հին աստղեր, բայց մեծ մասամբ նոր սակայն որոշ կշիռք վայելող անուններ: Պէրպէրեանի ու Քէպպիի գիրքը ամէն առումով գեղեցիկ հատոր մըն է ու լիուլի կ՚ընդգրկուի ե՛ւ հրատարակիչի գիրքերու շարքին մէջ, ե՛ւ գծագրավէպին, որ տիրողն է այդ ցուցակին մէջ, որպէս ժանր: Դասական շարանկար մը չէ ան: Վկայ մատիտով գծագրութիւններուն զարտուղի ոճը, նիւթի ընտրութիւնը եւ աղիւսակի ու պղպջակներու գրեթէ ամբողջական բացակայութիւնը: 90ականներէն սկսեալ գծագրավէպի մէջ կատարուած զանազան փորձերը հանգեցուցած էին ազատութեան այս աստիճանին, ուր նիւթը ի՛նք կը բերէ իր կաղապարը եւ ոչ հակառակը, ինչ որ եղած էր պարագան նախապէս այս արուեստին առաջին 100 եւ աւելի տարիներուն ընթացքին:

Քէպպիի գունաւոր մատիտով գծագրութիւնները պայթուցիկ են ու կը կրեն իւրայատուկ ոճի մը կնիքը: Երիտասարդ արուեստագէտ մըն է ան, քանի մը մանկական հատորներու հեղինակ, որուն գծանկարները կ՚երեւին միջազգային մամուլի ամենածանօթ պարբերաթերթերուն մէջ եւ այս ոճը արդէն խօսիլ կու տայ ինքն իր մասին: Գունաւոր մատիտի այս ինքնուրոյն գործածութիւնը հատորին կու տայ ծաւալող ու անընդհատ շարժումի մէջ եղող շունչ մը: Գիծերը յաճախ դուրս կը յորդին հատորէն ու յօրինուածքները կլանիչ են իրենց գոյներու առատութեամբ ու ընդհանուր գեղեցկութեամբ: Երեխայական գծանկարներ յուշող այս աշխատելակերպը Պէրպէրեանի ընդյատակեայ հեգնանքին միանալով կը ստեղծէ գիրքին գլխաւոր մթնոլորտը: Նիւթն ալ ինքնին՝ քանդում ու յիշողութիւն՝ այժմէական նիւթ մըն է ու սիրելի մանաւանդ որոշ մտաւորական շրջանակներու մօտ: Քէպպիի Երեւանը կրնայ ըլլալ որեւէ քաղաք, թէեւ հոն յստակ կ՚երեւին Երեւանի գլխաւոր յուշարձանները, իսկ ճարտարապետական քանդումի այս դրուագը ունի միջազգային տարողութիւն:

Այս ամէնուն մէջ կորսուողը սակայն պատումն է ու Պէրպէրեանի լեզուն: Անոր նախորդ երկու հատորներուն մէջ մեծ դեր ունէին այդ գեղեցիկ անգլերէնով յորդող տողերն ու ընդհանուր շարահիւսութիւնը: Շռայլութիւն մըն էր այդ լեզուն ու ընթերցումը լարող գլխաւոր ազդակ մը: Այստեղ, մասամբ կորսուելով թարգմանութեան մէջ, բայց մանաւանդ որով գիծ եւ գիր ուրիշ բանի կը վերածուին, լեզուն կը մնայ բացակայ: Դիպաշարին կը պակսի այդ ներքին ձգումը, որ պիտի մղէր դարձնելու էջերը: Յստակ է որ հատորը դասական կամ պատմողական ժանրի հատոր մը չէ, սակայն գրութիւնները երբեմն ետեւ-ետեւի ինկող շարադրանքներու տպաւորութիւն մը կը ձգեն փոխանակ պատմութիւնը առաջ մղելու: Տեղ մը ընթերցումը կարծես կը կենայ: Քէպպիի գիծը գերազանց է, սակայն Ֆռունզիկի կերպարը օրինակ կը մնայ ծաղրանկարային, որով կարծես չի ստանար բաւարար թանձրութիւն: Կորսուող քաղաքն ալ կը մնայ քիչ մը շատ թէական, օդին մէջ քաղաք մը: Իշխողը անշուշտ կործանիչ մեքենայի ամենաքանդ գունդն է, որ ներկայ է գրեթէ ամէն էջի վրայ: Հատորը ամբողջ անոր քմայքին տակն է կարծես: Տպաւորիչ է այդ ամէնը եւ լաւ կ՚աշխատի փլուզման ընդհանուր մթնոլորտի կառուցման մէջ: Յեղափոխութեան էջերն ալ շատ լաւ են: Բախումներու ուժգնութիւնը լիուլի կը ցոլանայ այդտեղ: Ընթերցումի աւարտին սակայն, եթէ հասցուցիք մինչեւ հոն, բան մը կարծես կը մնայ պակաս: Պէրպէրեան կը խոստովանի որ Երեւանի մէջ ականատես եղած է նման քանդումի տեսարանի եւ բնակիչներու բողոքին: Գիրքին նիւթը հոնկէ կու գայ: Վերջապէս շատ չէ անցած տակաւին այն օրերէն երբ հանրայայտ «սովետական» շինութիւններ զոհ կ՚երթային հիմնականաբար շահամոլութեան (ո՞վ կը յիշէ այսօր Երիտասարդական պալատը), չըսելու համար հին Երեւանի մնացած վերջին թաղամասը…: Ստեղծուած կերպարներուն ու դրուագներուն կը պակսին այդ կորուստը իսկապէս զգացնելու կարողութիւնը, որով կը մնան կարծես պատրուակներ սրամիտ գրութիւններու ու գեղեցիկ նկարներու ծառայող: Այդ առումով գիրքը շատ ընդհանրական է ու հայ ընթերցողը կը ձգէ իր քաղցին: Այդ ալ անշուշտ ուրիշ պատմութիւն:

Ինչ կը վերաբերի հատորի գտած ընդունելութեան, գրախօսականները՝ ըլլայ ֆրանսական մամուլի մեծ անուններուն մէջ, ըլլայ մասնագիտական՝ բացառապէս դրական են: Գործը նորութիւն մը կը բերէ եւ տրուած ըլլալով անոր քաղաքական երեսն ու Քէպպի գեղեցիկ գիծը, որուն կ՚աւելնայ նաեւ հրատարակիչի ծանուցողական մեքենան, յառաջացուցած է որոշ հետաքրքրութիւն եւ գովասանական էջեր ու արտայայտութիւններ չեն պակսիր գրեթէ ամէն տեղ: Թէեւ Քէպպի-Պէրպէրեան զոյգը զիրենք նախորդող Տիւփուի-Պէրպէրեան (Շառլ) զոյգը չեն (մեծ հռչակ վայելող եւ «գեղադէմ» Փարիզի բնակչութիւնը նկարագրող մրցանակակիր գիրքերու հեղինակներ), ոչ ալ Մարժան Սատրապի կամ Ռիատ Սաթթուֆ, որոնց հատորները պէսթսէլըրներ դառնալով նոր շունչ ու տարողութիւն բերին գծագրավէպի ժանրին վերջին քսան տարուան մէջ, երեւոյթը կը մնայ քաջալերելի եւ այս արուեստին մէջ ձեռքի վրայ համրուող հայկական անուններուն վրայ այս յաւելումը ուրախալի երեւոյթ է:

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.