Լեռնա Գարագիւթիւք ծնած է Իսթանպուլ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տատեան Վարժարանին մէջ, ապա հետեւած է երկրորդական ուսման Սահակեան Նունեան Վարժարանին մէջ։ Հայերէնի ուսուցչուհի է։ Աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի դասական բանասիրութեան լատին գրականութեան ճիւղը։ 2017-ին մագիստրոսական աստիճանով վկայուեցաւ Եըլտըզ Թեքնիք Համալսարանի կրթական ծրագիրներ եւ ուսուցում բաժանմունքէն։ Փոքր տարիքէն սկսած է գրել: Ունի բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ, որոնք հրատարակուած են Իսթանպուլի հայկական օրաթերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ:
Հայելիին դպչած
նայուածքները
զգալի՞ են մորթին վրայ:
Ինչպէս կը ծեծուին
ներբաններու տակ մայթերը
եւ այնպէս աչքերուն նայուածքը
կը ծակէ հայելին
ջրհորի մը նման. խոր.
Մենք բնորդներ չենք թէեւ հոլանի:
Դուք բնորդներ չէք անզգայ, վստահ:
Բայց թերութիւններու շղթայով
շնչող ենք՝ շնչող բնորդ քաղաքացի:
Եւ մենք ենք ցուցափեղկի պուպրիկները,
ցուցադրուելու արժանի. թէեւ անգին,
սակայն այնքան շա՜տ, որ՝
ձրի: