Անոյշ Ակներեան
Ծնած եմ Պէյրութ եւ ներկայիս կ՚ապրիմ Գանատա։ Ուսանած եմ Անգլիական գրականութիւն եւ Վերլուծական իմաստասիրութիւն։ Սկսած եմ գրել շատ փոքր տարիքէս, աշխատակցելով մանկա-պատանեկան եւ ապա երիտասարդական պարբերաթերթերու։ Եղած եմ խմբագրական կազմի անդամ շաբաթաթերթի, իսկ ներկայիս՝ Հորիզոն Գրական ամսագրի։ Նաեւ՝ մաս կը կազմեմ Թէօլէօլեան Գրական Մրցանակի (ԱՄՆ) դատական կազմին։ Կը խմբագրեմ հայերէն եւ անգլերէն բնագրեր։ Կը կատարեմ նաեւ թարգմանութիւններ։ Կը գրեմ բանաստեղծութիւն, յօդուած, եւ արձակ (fiction & non-fiction), հայերէնով եւ անգլերէնով։ Հոկտեմբեր 2015-ին լոյս կը տեսնէ բանաստեղծութիւններու հատորս՝ Սկիզբ խորագրով։ Առաւօտուն՝ գաւաթ մը Մաթէ թէյի հետ եւ կատուներուս՝ կը նստիմ գրելու։ Առօրեայիս մաս կը կազմեն եոկան եւ խոկումը։ Իսկ ընթերցումը ներկայիս շռայլ հաճոյքներէս մէկն է, երբ ժամանակ գտնեմ։ Կը հաւատամ, որ անասուններու իրաւունքը թել մը պակաս չէ մարդոցմէ։ Բուսակեր եմ։