Քրիստիան Բատիկեան

  • լուսանկարը՝ Գեւորգ Փալանջյանի

Ըսին որ կենսագրական մը պիտի գրեմ «Ինքնագիր»ին համար. ինքնակենսագրութիւն մը: Իսկոյն շուարեցայ. ի՞նչ գրեմ, արդեօ՞ք ապրած եմ կեանք մը, որ կրնայ հետաքրքրական ըլլալ մէկու մը համար: Սկսայ խորհիլ, թէ ինչ գրեմ, պրպտեցի տոհմիս պատմութիւնը, հոն ուշագրաւ բան մը գտնելու համար, եւ ինչպէս իւրաքանչիւր բարխիղճ հայ, բնականաբար, կեցայ ցեղասպանութեան նիւթին վրայ: Վերջերս ձեռնարկի մը ներկայ էի, ուր բանախօսն ըսաւ, թէ իրականին մէջ 1915-ին մեր կորուստը մէկ ու կէս միլիոն հայ չէր, այլ՝ աւելին: Եթէ ընդունինք, որ այն ատեն ազգին ճիշդ կէսը ջարդուեցաւ, ուրեմն պիտի ընդունինք, որ այսօր աշխարհին վրայ, ջարդը չըլլալու պարագային, ոչ թէ տասը, այլ՝ քսան միլիոն հայ պիտի ըլլար: Կը ստացուի, որ կորուստը ոչ թէ մէկ ու կէս միլիոն էր, այլ այնչափ, որչափ որ հայ կայ հիմա: Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրն իր alter-ego-ն ունի հոն՝ ժամանակի եւ տարածութեան միջեւ տեղ մը, որ չծնաւ երբեք, բայց որ իր ուրոյն կեանքը կ’ապրի:   Այս գաղափարն իսկոյն տուաւ պատասխանը բոլոր այն հարցերուն, որ տանջած են զիս ողջ կեանքիս ընթացքին. ուրեմն ես մինակ չեմ, ես մէկը չեմ՝ երկու եմ, եւ գոնէ իմ պարագայիս, իմ alter-ego-ս կ’ապրի ոչ թէ տեղ մը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, այլ՝ իմ մէջս: Ուրեմն հոսկէ կու գայ անձիս սոսկալի երկատուածութիւնը, որովհետեւ, այդ միւսը, եղբայրս ըլլայ, կամ նոյնինքն ես, չափազանց տարբեր է ինձմէ (կամ ես՝ իրմէ): Մէկ մարմինին մէջ ապրած ըլլալով, սակայն, տարբեր կենսագրականներ ունինք, եթէ մեզմէ մէկը ծնած է, ըսենք, Պոլիս, միւսը կրնար ծնած ըլլալ Պուրքինօ-Ֆասօ կամ Երեւան:   Յետոյ օր մը եկաւ, ասկէ քանի մը տարի առաջ, երբ այս երկու եսերս, պարագաներու բերումով, իրարու ձուլուեցան. եղայ արեւմտահայ մը արեւելահայ իրականութեան մէջ, կամ արեւելահայ մը՝ արեւմտահայ երազներու մէջ: Ուր կ’աւարտի ան, եւ ուր կը սկսիմ ես՝ չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ երկուքս ալ կը փափաքինք գրելու: Բայց ի՞նչու համար կը գրենք. հայ գրական շրջանակներուն մէջ բաւական տարածուած հարցում մըն է ասիկա, մանաւանդ վերջին տարիներուն: Օր չ’ըլլար, որ մէկը սա հարցումը չընէ՝ ի՞նչու համար կը գրես: Կայ նաեւ շատ տարածուած պատասխան մը. կը գրեմ, որովհետեւ չեմ կրնար չգրել: Սա վերջին կէտին վրայ խորհեցայ, եւ հասկցայ, որ դիւրաւ կրնամ չգրել: Ուրեմն ի՞նչու կը գրեմ (կամ՝ կը գրենք): Պատասխանը գտայ ուշ, եւ, ցաւօք, շատ վիպական չէր ան. կը գրեմ (-ենք), որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ բան ընել գիտեմ, ուրիշ ոչ մէկ բանի համար պիտանի եմ, եւ քիչ մը սարսափելի է գիտակցիլ, թէ կեանքս այդպէս պարապի պիտի երթայ: Անոր համար կը գրեմ: Այսչափ:

Բնագրեր

Սպասեցիր մինչեւ աչքդ արեւի կուրցնող լոյսին վարժուէր, եւ տեսնէիր վերջապէս, որ դուն ալ հոն էիր, կարաւանին մէջ, մեծ պապայիդ քովը. կը քալէիր:

Amazing Fantasy*

Սպասումը կրնայ աւելի տանելի ըլլալ երբ երկուք էք: Եւ դանդաղօրէն քայքայուող գործատունի պահեստը կրնայ երկուքիդ ալ ներկայութիւնը ընդունիլ: Այլեւս միասին էք, եւ սպասումը կրկնակի ուժ ունի: Ժամանակը կեցած չէ...

Winter Soldier*

Կարծեմ այդ օդանաւին պայթելէն վերջ էր երկուքդ ալ կորսուեցաք… փնտռեցին չգտան…
Գիտե՞ս մեր ատեն ասանկ սիկառէթներ չկային
Խնդալիք է երբ կ՚ըսես «մեր ատեն» ինձմէ պզտիկ կ՚երեւիս
Է այդչափ...

Captain America

Ջուրը կարեւոր է, առանց անոր միզապարկնին չի լեցուիր եւ ստիպուած կ՚ըլլան տոպրակը ոչ թէ դեղին հեղուկով լեցնել, այլ պարզ ջուրով: Բայց քիչ քիչ մէզին գոյնն ալ կը բացուի եւ...

Դժուար կու գայ զինուորութիւնը նախկին սէրսէրիի մը համար. լռել եւ կատարել այն ամէնն, ինչ որ կը պահանջեն քեզմէ. ատոր վրայ նաեւ կը բարդուի գիտակցումը քրիստոնեայ, ան ալ՝ հայ ըլլալու....