Մարկ Նշանեան

  • լուսանկարը՝ Կարեն Միրզոյան

  • լուսանկարը՝ Գոռ Ենգոյան

Ծնած եմ Փարիզ, 1946ին։ Յաճախած եմ ֆրանսական դպրոց։ Հայերէն գիտէի մօրս արգանդէն (այդ հարցումը միշտ կ՛ընէին ատենօք, հիմա կը խուսափին, բայց ահա պատասխանը, հարցնողաց եւ չհարցնողաց)։ Բայց ունեցած եմ նաեւ կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Տիկին Չիթունին (անունը բան մը պիտի չըսէ Հայաստանցիի մը, բայց եղած է իմ ուսուցչուհիս, իրեն հետ է որ գրական լեզուն սկսած եմ կարդալ ու գրել, ծանօթ բանասէր՝ Վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինն էր)։ Հօրաքրոջս անունը Զարուհի էր։ Միշտ սիրած եմ այդ անունը։ Մտաւորական կին չէր, բայց մտաւորականի կին էր։ Իր ամուսինն էր Յակոբ Տէր Յակոբեան, Պարտիզակի քաղաքապետ 1915էն առաջ, որ տարագրութեան տարիներուն Գոնիա ապաստանած էր, Նշանեաններուն տունը։ Իսկ Նշանեաններն այդ տարիներուն՝ ինչո՞ւ Գոնիա էին եւ ո՛չ Կեսարիա (քանի որ Կեսարացի էին), չեմ գիտեր։ Վար դրուած ու ընտանեօք փրկուած որովհետեւ եղբայրներէն մէկը բժիշկ էր բանակին մէջ։ Տէր Յակոբեանը այդ շրջանի Պոլսեցի մտաւորականութեան միջինին կը պատկանէր։ Գիրքեր գրած էր։ Հետագային Փարիզի մէջ Պարտիզակի պատմութիւնը գրած է։ Այս ալ՝ Սփիւռքեան մասնագիտութիւն մը։ Ամէն մարդ իր գիւղին ու գիւղաքաղաքին պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, ազգագրութիւնը կ՛ընէր։ Բայց իր մեծ արժանիքը այն էր, որ տպարան մը ստեղծած էր Փարիզ գալուն պէս։ Յառաջ թերթը առաջին տարիներուն հո՛ն կը տպուէր։ Ծանօթ էր նաեւ ապագայ Շահան Շահնուրին, Պոլսոյ տարիներէն, երբ Շահնուրը տակաւին երեխայ էր։ Տէր Յակոբեանի միջնորդությամբ է, որ Շաւարշ Միսաքեան իր թերթին մէջ հրատարակած է Շահնուրի Նահանջ առանց երգի վէպը, որ շատ արագ պիտի դառնար Սփիւռքի ամենակարդացուած վէպը, ո՛չ թէ մէկ սերունդին վէպը, այլ հայախօս հայութեան մօտ կրքոտ սիրոյ ու ատելության առարկան։ Եւ քանի որ հայրս շատ մօտ էր իր քրոջ՝ Զարուհիին, յաճախ իրենց տունն էինք։ Այդ տարիներուն էր, երբ Փարիզ դեռ հայախօս մտաւորականութիւն մը կար։ Իրենց տունն է, որ ճանչցած եմ Ահարոնը, Վարուժանի սերունդէն եւ Վարուժանի հետեւորդ։ Ճանչցած եմ երբ կ՛ըսեմ, սխալ պէտք չէ հասկնալ։ Ճանչցած եմ միայն այն չափով, որ երեխայ մը կրնայ ճանչնալ չափահասներու աշխարհը։ Այս ամբողջը ի հարկէ՝ կարելի է մոռնալ։ Կը պատմեմ միայն հաճոյքի համար։ Խորհելով որ հո՛ն ծագեր է մէջս գիրքերու սէրը, եւ այդ սերունդին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում մը։ Որուն անդրադարձած եմ տարիներ ետքը միայն։ Ուզեր եմ իրենց աշխարհին, իրենց յամառության, իրենց ճգնումին, հայերէն լեզուի հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան հաւատարիմ ըլլալ։ Ուզեր եմ որ մէկը գոնէ, թէկուզ միայն մէկ հոգի, մնայ հաւատարիմ։

Ատկէ անդին՝ կրնամ ցատկել ու յառաջանալ արագ քայլերով։ Հայերէնի համալսարանական ուսում ըրած եմ Արեւելեան Լեզուներու Դպրոցը, որմէ վկայուած եմ։ Փիլիսոփայութեան ուսումը ըրած եմ ծայրէ ծայր Սթրասպուրկ։ Փիլիսոփայական առաջին մեծ ընթերցումս եղած է Ֆրանց Ռոզընցուայկի Der Stern der Erlo..sung-ը։ Բայց բուն փիլիսոփայական ուսման տարիներուն նախկին ընթերցումները բանի մը չէին ծառայեր։ Պէտք է հասկնայի շուրջս կատարուածը, ու գրեթէ միշտ՝ շուրջս կատարուածը իմ ուժերէս ու հասողութիւնէս վեր էր։ Յետոյ միայն այդ չկար, քանի որ նոյն տարիներուն՝ իմ սեղանիս առջեւ, միս մինակս, հայ գրականութեան «ուսանող» էի նաեւ։ Ամէն պարագայի՝ այն տարիներուն է, որ հետեւած եմ Ժան-Լիւք Նանսիի եւ Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթի դասերուն։ Ժագ Տեռիտայի առաջին սերունդի աշակերտներն էին իրենք եւ այսքան տարի ետք՝ մնացած են իր լաւագոյն մեկնիչները, նոյնիսկ եթէ ամէն մէկը նաեւ իր անձնական ճամբան գծած է։ Տարիներ շարունակ հաւատարմօրէն նստած եմ իրենց բոլոր դասերուն ու մտիկ ըրած եմ զիրենք։ Հիմա գիտեմ թէ այն ատեն՝ չէի հասկնար իրենց ըսածները։ Չէի հասկնար բայց կþունկնդրէի։ Իրենք ինձմէ հազիւ հազիւ հինգ-վեց տարի մեծ էին։ Եւ սակայն հանճարներ էին։ Հիմա գիտեմ թէ որքա՛ն հանճարեղ էին։ Որովհետեւ հիմա (30 տարի վեջը) կը հասկնամ այդ տարիներու իրենց գրածները։ Այսինքն՝ նո՛ր է, որ կը հասկնամ։ Երեսուն տարի պէտք եղած է որ հասկնամ։ Հո՛ն է իրենց հանճարեղութիւնը։ ԿԱՄի 6րդ համարին մէջ՝ Ժան-Լիւք Նանսիի մէկ գրութիւնը թարգմանեցի հայերէնի ու տպեցի։ Առիթ մը եղաւ իրեն հետ վերստին կապի մէջ մտնելու, հարցուփորձելու, հաղորդակցելու։ Եւ ամէն պարագայի՝ տոքթորական աւարտաճառս գրեցի գերմանական արդի փիլիսոփայութեան մասին։ Հեղինակի մը մասին մենագրութիւն մը չէր։ Հարցի մը նուիրուած էր։ Վերնագիրն էր. La question ge՛ne՛rale du fondement։ Տեղը չէ կարծեմ բացատրելու, թէ ի՛նչ է այդ «հիմք»ի կամ «հիմնաւորում»ի հարցը։ Բայց այդ տարիներուն քով քովի կը դնէի Հայտեկըր, Հուսըրլ, Քանթ եւ քանի մը ուրիշներ։

Բայց կար նաեւ հայ գրականութիւնը, ո՛չ թէ որպէս առարկայ, այլ որպէս տեսակ մը ներդրում։ Կար հաւատարմութիւնը որ կը տանջէր զիս։ Ո՛չ թէ այս անգամ ընտանեկան շրջանէն ներս ներծծածիս նկատմամբ, այլ առաջին հերթին՝ Փարիզի գրողներուն, որոնք տարագրութիւնը ընտրած էին իրենց գրականութեան մէջ։ Այո, տարագրութիւնը ընտրելո՛ւ հարց մը կայ, որ վերստին՝ շատ երկար պիտի ըլլար եթէ հոս հիմա բացատրել ուզէի։ Տարագրութիւնը ճակատագիր մըն է, զոր չես ընտրեր։ Կու գայ, կը փլի վրադ։ Աչքերդ կը բանաս, սկիզբը չես գիտեր, բայց շուտ մը կþանդրադառնաս որ երկրի մը մէջ կþապրիս որ կը կոչուի Տարագրութիւն։ Կը սորվիս ուրեմն Տարագրության լեզուն։ Եւ սակայն այդ ամբողջը բաւական չէ։ Տեղ մը կու գայ, ուր գիտակից որոշումով մը՝ կþընտրես։ Կþըսես. այլեւս ժամանակը եկած է ընտրելու։ Նոյնն է, երբ կþամուսնանաս։ Կþըսես. ժամանակը եկած է ընտրելու։ Եւ կþընտրես հետեւաբար այդ լեզուն եւ այդ երկիրը, Տարագրութեան լեզուն, երկիր որ կը կոչուի Տարագրութիւն։ Ապշեցուցիչ ընտրութիւն, որովհետեւ Տարագրութիւնը միւս երկիրներուն չի նմանիր։ Միւս բոլոր երկիրներուն մէջ՝ կրնաս աճիլ ու աճեցնել։ Կրնաս բուսցնել, մեծցնել։ Մինչդեռ Տարագրութիւն կոչուած երկրին մէջ, ո՛չ մէկ բան կþաճի։ Սերմը կը չորնայ նոյնհետայն։ Տարագրութիւն կոչուած երկիրը ամլութեան երկիրն է։ Ուրեմն կþընտրես։ Կþընտրես ամլութիւնը։ Ուրեմն քաղաքացիութիւն կը փոխես։ Առաջ ֆրանսացի էիր, Հայ էիր։ Կը փոխես, կրօնափոխ ըլլալու պէս։ Կþորոշես Տարագրութիւն կոչուած երկրին քաղաքացին ըլլալ։ Եւ սակայն առաջ ալ հոն էիր, հոն ծնած էիր։ Այո, ծնած էիր։ Ծնիլը չի բաւեր։ Էականը հոս՝ ծնունդիդ մէջ, ծննդավայրիդ մէջ շրջիլն է, դառնալը, դառնալ, շրջափոխուիլ, գրաւել նոր երկիր մը, որ նոյն երկիրն է։ Ճիշդ ինչպէս Դանիէլ Վարուժանը, երբ կþըսէր. «Դէպի հայրերը։ Որ է՝ դէպի աստուածները»։ Նոյն երկրին մէջ դառնալ, եւ այդ երկիրը դարձնել նոր Քանան մը։ Այն տարբերութեամբ միայն, որ ներկայ պարագային՝ երկիրը հայրերուն երկիրը չէ, աստուածներուն երկիրը չէ։ Այլ՝ Տարագրութիւն կոչուած երկիրը։ Այդ ընթացքը, քաղաքացիութիւն փոխելու, Տարագրութիւնը ընտրելու այդ գործողութիւնը որպէսզի կարենամ իրագործել եւ ըսել (իրագործելը հոս՝ ըսելն է, մէկը միւսէն անկախ չէ), տարիներ պէտք եղած են վերստին։ Ունէի սակայն վարպետներ։ Երկու վարպետ, առաջին մէկ վայրկեանէն։ Փարիզեան գրողներէն՝ Սարաֆեան եւ Որբունի։ Սարաֆեանի մասին այսօր հոս հոն՝ երբեմն կը գրեն։ Նաեւ կը դասաւանդեն, վստահ եմ։ Համալսարանական դասաւանդումի առարկայ ալ կը դարձնեն, կþենթադրեմ։ Բայց կը հասկնա՞ն արդեօք ամլութեան ընտրութիւնը, Տարագրութիւն կոչուած երկրին քաղաքացի դառնալու որոշումը։ Նոյնն է Որբունիի պարագան։ Ո՞վ կը կարդայ այսօր Որբունի։ Գործերն իսկ գտանելի չեն։ Եւ սակայն այդ երկրին մեծագոյն վիպագիրն է։ Մեղքը՝ չկարդացողներու վզին։ Եւ ուրեմն իրենց հանդէպ ալ՝ հաւատարմութիւն մը պէտք է ցոյց տայի։ Մինչեւ ծայրը՝ իմ կարելիութիւններուս։ Պէտք է կարենայի հետեւիլ իրենց որոշումին ու դառնայի իրենց որոշումին մեկնաբանը։

Ատկէ զատ, այո, գիրքեր հրատարակած եմ։ ԿԱՄերու շարքը, 1980ին սկսուած, չորս հատոր մինչեւ 1986։ Եւ հիմա վերստին ձեռք առի, երկու նոր հատորներ տպեցի 2002ին եւ 2005ին։ Ենթախորագիր՝ «Հանդէս վերլուծական»։ Թէ ինչի՛ վերլուծումն է այդ վերլուծումը, հոս պիտի չկարենամ բացատրել։ Գուցէ՝ գրական։ Գուցէ՝ հոգեվերլուծական։ Գուցէ՝ Տարագրութեան երկրի եւ զայն ընտրելու որոշումին վերլուծումը։ Կեդրոնական ջիղը ԿԱՄի մէջ թարգմանութիւնն է։ Ամէն ինչ թարգմանել, որ կը պատկանի այսօրուան արդիական միտքին ու մտածողութեան։ Թարգմանել Տարագրութեան լեզուով։ Այդ լեզուով որ ատենօք կը կոչուէր հայերէն։ Թարգմանած եմ Մօրիս Պլանշօ, Ժորժ Պաթայլ, Վալթէր Պէնիամին, Նիցչէ, Ժ.Լ. Նանսի, Եիւնկըր, Ա. Պեռման, գերման վիպապաշտներէն՝ Շլէկըլ, եւ նպատակ ունիմ դեռ թարգմանելու։ Հայերէնով ունիմ նաեւ Յակոբ Օշականի Մատենագիտութիւնը, Վահէ Օշականի խնդրանքով եղած։ Ու եթէ Աստուած կամենայ՝ պիտի տպեմ Գեղագիտական ազգայնականութիւն վերնագիրով հատոր մը։ Ու Պեռմանի Օտարութեան փորձընկալումը, գերման վիպապաշտներուն մասին։

Անգլերէնով ունիմ երեք հատոր, մէկը՝ ինքնագիր, Writers of Disaster վերնագիրով, որ կը պարունակէ չորս մենագրութիւններ, Չարենցի, Մահարիի, Զապէլ Եսայեանի եւ Թոթովենցի մասին։ Իրականութեան մէջ՝ շարքի մը սկիզբն է։ Այդ շարքը առ այժմ՝ կը շարունակուի ֆրանսերէնով։ Կան նաեւ երկու հաւաքական հատորներ, որոնցմէ մէկուն վրայ աշխատած եմ տարիներով։ Կը կոչուի Yeghishe Charents, Poet of the Revolution, ու Չարենցին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հատոր մըն է։ Այդ հատորին յառաջաբանը ընդլայնուած ձեւով տպած եմ թիւ 6 ԿԱՄին մէջ։ Յետոյ կան ֆրանսերէն հատորներ։ Կայ 1988ին Ages et usages de la langue arme՛nienne-ը՝ հայերէն լեզուի ոչ-լեզուաբանական պատմութիւն մը։ Ուրիշ առիթով մը կը բացատրեմ թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ լեզուի ոչ-լեզուաբանական նկատառումը։ Կան այս տարի լոյս տեսած երկու հատորները։ Փետրուարին մէջտեղ ելաւ ի հարկէ՝ La Perversion historiographique անունով գիրքը (Leo Scheer հրատարակչատունէն) եւ Յունիսին՝ La Re՛volution nationale («Ազգային-ազգայնական յեղափոխութիւնը») կոչուածը, որ Writers of Disasterի առաջին հատորի ֆրանսերէն տարբերակն է։

Հիմա պատրաստեցի, վերջացուցի (եւ երկու ամիսէն լոյս պիտի տեսնէ) իմ ամենէն կարեւոր գիրքս (չէ՞ որ վերջին գրուածը միշտ ամենէն կարեւորն է), որ շարքին երկրորդն է, ու կը կոչուի Le Deuil de la philologie («Բանասիրութեան սուգը»)։ Շարքին երրորդն ալ պատրաստ է, ու այս մէկը նուիրուած պիտի ըլլայ ամբողջությամբ Յակոբ Օշականին։

Եւ հիմա կը մնայ միայն մէկ բան. բացատրել թէ ի՛նչ է բանասիրութեան սուգը։ Ճիշդ է, որ գիրքին կէսը նուիրուած է Դանիէլ Վարուժանին եւ իր մի քանի բանաստեղծութիւններու վերլուծումին։ Իսկ մի՞ւս կէսը։ Ազգային ինքնայղացումին պատմութիւնն է ԺԹ. դարուն։ Այդպիսի բա՞ն մը եղած է, ճշմարի՞տ։ Այո, եւ այդ պատմութիւնը պարզապէս ազգային բանասիրութեան պատմութիւնն է։ Անկարելի է Վարուժան հասկնալ (եւ հասկնալ հետեւաբար իր դարձը դէպի նոր Քանանը, դէպի մեռած աստուածները) եթէ գաղափար չունենանք ԺԹ. դարու բանասիրութեան մասին։ Այսքան միայն։ Մնացեալը՝ յաջորդիւ։

Մոռցայ ըսելու, թէ 1996էն ի վեր՝ Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնին վարիչն եմ։ Պիտի ըլլայ 11 տարի։ Եթէ աւելցնես 1995-1996ը, երբ Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանը նոյն տեսակի պաշտօն մը ունէի, պիտի ըլլայ 12 տարի։

Որպէս յաւելուած, հոս պիտի տեղաւորեմ նամակ մը որ գրեցի վերջերս բարեկամի մը, ուր կը բացատրեմ «Բանասիրութեան սուգ»ը։

Նախ եւ առաջ այս օրերու վերջացուցի ֆրանսերէն լեզուով գրուած Entre l,Art et le Te՛moignageի երկրորդ հատորը։ Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, պէտք է Փետրուարին լոյս տեսած ըլլայ։ Շատ մեծ դժուարութեան մը հանդիպեցայ, այնպէս որ ամիսներ տեւեց մինչեւ որ այս հատորը վերջացնեմ, այսինքն՝ վիճակի մը բերեմ ուր ինքզինքիս կþըսեմ. ա՛լ կը բաւէ, աւելի չեմ ուզեր ասոր մասին մտածել։ Ամիսներով ուղեղս տրորեցի, ճիշդ է։ Յունիսին ու Յուլիսին, միտքէս վանելու համար այդ տանջանքը, զոր յստակօրէն կը նախատեսէի, ուրիշ բանով զբաղեցայ։ Պզտիկ աշխատանք մը ըրի Շուշան Աւագեանի նոր լոյս տեսած գիրքին մասին (գիրք մը որ կը կոչուի «Գիրք», թերեւս տեսած ես)։ Յուլիսի վերջ ձեռք առի Վարուժանի մասին գիրքը։ Օգոստոսին, ամբողջ ամիսը, յուսահատութենէ մղուած, միմիայն թարգմանութիւններ կատարեցի։ Ֆրանսերէնի թարգմանեցի Զարեանի բոլոր գրութիւնները Մեհեանի մէջ։ Տարօրինակ ձեռնարկութիւն, իրականութեան մէջ, երբ գիտես որ այդ էջերը սկզբնապէս ֆրանսերէնով գրուած էին ու հայերէնի թարգմանուած Գեղամ Բարսեղեանի կողմէ։ Յետոյ սկսայ թարգմանել մէկ առ մէկ ԺԹ. դարու բանասէրներուն գործերը, այսինքն՝ հատուածներ իրենց գործերէն։ Ուրեմն մէկը միւսին ետեւէն՝ Ինճիճեան 1822, Աբովեան 1840, Մկրտիչ Էմին 1850, Սրուանձտեանց 1874 եւ 1876, Ալիշան 1895, Աբեղեան 1899։ Եւ յետոյ սկսայ Վարուժան թարգմանել ֆրանսերէնի («Ցեղին սիրտը»էն առնուած կարեւոր քերթուածները, մինչդեռ մինչեւ անցեալ տարի՝ կը կարծէի որ Վարուժանի կարեւոր գործերը 1912ի գիրքին մէջն են։ Իրականութեան մէջ Վարուժանի մեծ տարին, եւ խորքին մէջ՝ միակ հետաքրքական տարին՝ 1908 տարին է)։ Եւ երբ այս ամբողջը վերջացաւ, ստիպուած էի դէմ դիմաց գալու բուն դժուարութեան հետ, որ տարիներէ ի վեր զիս հեռու պահած էր այս ըլլալիք կամ չըլլալիք գիրքէն։ Ո՞ւր է դժուարութիւնը։ Պարզ ձեւով ըսեմ, ու վստահ իսկ չեմ թէ ա՛յդ է հարցը. դժուարութիւնը Կոստան Զարեանի բացայայտ ցեղապաշտութիւնն է։ Ո՛չ թէ որ չէի ուզեր խօսիլ Զարեանի ցեղապաշտութեան մասին։ Ընդհակառակը. կþուզէի խօսիլ եւ ամբողջ գլուխ մը ունէի այդ մասին։ Բայց չէի գիտեր ո՛ւր զետեղել զայն։ Շաբաթներ մտմտալէ ետք, որոշեցի որ պիտի տեղաւորէի գիրքին վերջանալէն ետք, այսինքն՝ որպէս յաւելուած՝ Appendice։ Մինչ այդ գրեթէ ծայրէ ծայր նոր գլուխ մը գրեցի Սեպտ.ին, ազգային բանասիրութեան առաջին հանգրուանին մասին, բան մը որ կար արդէն իսկ գրուած հայերէն լեզուով, բայց վայրկեան մը ատկէ առաջ միտքէս չէր անցած որ եղածը պիտի փոխադրեմ ֆրանսերէնի, ազգային բանասիրութեան պատմութիւնը կապելով արեւելաբան հայեացքին ներանձնականացումին հետ, եւ երկար բարակ պատմելով նաեւ Լորտ Պայրոնի ու Ճաքոմօ Լեոբարտիի դերերը այդ ծիծաղելի բայց անխուսափելի ներանձնականացումի մէջ, որ կազմաւորիչ պահն է նաեւ ազգայնացումի եղանակաւորումին։ Ու այդ երբ որ վերջացաւ, ամէն ինչ յստակ էր։ Ունէի երկու բաժին։ Առաջին բաժինը գեղագիտացած ազգին պատմութիւնն էր, իր երեք հանգրուաններով (հնագրական, ազգագրական, գեղագիտական), բայց հակառակ ուղղութեամբ դիտուած, այսինքն՝ նախ գեղագիտական ազգայնականության բուն գեղագիտական պահը (Մեհեանի սերունդը), յետոյ՝ ազգագրական պահը (Աբովեան, Սրուանձտեանց), յետոյ՝ հնագրական պահը (Ինճիճեան, Բժշկեան)։ Եւ այս ամբողջին մէջ պէտք է նաեւ տեղը ճշդէի այն գործերուն, որոնք անմիջական կապ չունին, կամ կը թուի թէ չունին, գեղագիտական ազգայնականութեան հետ, այսինքն՝ այն գործերուն որոնք կրօնքի հնագիտութիւնը երեւան կը բերեն, l,arche՛ologie de la religion, Էմին, Ալիշան, Աբեղեան, որոնք ի միջի այլոց՝ Վարուժանեան հեթանոսութեան հնէաբանական խաւերը կը կազմեն։

Երկրորդ բաժին՝ Վարուժանին նուիրուած 160 էջերը, որոնք կը վերլուծեն ընդամէնը հինգ կամ վեց քերթուած (Անիի աւերակներուն մէջ, Կիլիկիոյ մոխիրներուն, Վանատուր, Լոյսը, Վահագն, Մեռած աստուածներուն)։ Բնաբան՝ սուգը եւ ուժը։ Le deuil et la puissance։ Կամ պարզապէս թերեւս՝ ուժին սուգը։ Ուժը միշտ եւ բոլոր պարագաներուն՝ առասպելական կրօնքին ուժն է, այսինքն՝ առասպելա-բանաստեղծական ուժն է։ Եւ երբ այս ամբողջը գոհացուցիչ կերպով քով քովի դնես, ո՞ւր է Զարեանի եւ ցեղապաշտութեան տեղը։ Անկարելի է որոշել։ Երկու իմաստով անկարելի է։ Ո՞ւր է տեղը որպէս պատմական երեւոյթ։ Ո՞ւր է տեղը գիրքին մէջ, որպէս հատուած, որպէս գլուխ։ Ատկէ՝ որեւէ լուծումը, որ կը կայանայ անոր Յաւելուած մը նուիրելուն մէջ։ Այս ալ ըսեմ, որ նոյն դժուարութիւնը կը վերաբերի Նիցչէի կերպարին Եւրոպայի պատմութեան մէջ։ Ու մէկը միւսէն անկախ չէ։ Զարեանը ինչպէս գիտես՝ Նիցչէականութիւն կը ծախէ իր հայ ընթերցողներուն, ամենատգեղ կերպով։ Օշականը ինչպէս կրցած է խաբուիլ եւ ամիսներով (խորքին մէջ՝ ամբողջ կեանք մը) գոյակցիլ այդ մարդուն հետ, գրեթէ նոյն անկողնին մէջ պառկիլ, երբեք չեմ հասկցած։ Վարուժանէն դաս չէ առած, որ անմիջապէս զատուած է խմբակէն։ Այո, անմիջապէս զատուած, բայց ինքն ալ իրականին մէջ՝ ուշացած էր բաժնուելու։ Այդ ուշացումն է սարսափելին։

Այս՝ այսպէս։ Ինչո՞ւ երկար բարակ կը պատմեմ այս ամբողջը։ Որովհետեւ ըստ երեւոյթին՝ տակաւին կը տանջէ զիս եւ պիտի շարունակէ տանջել ցեղապաշտութեան «տեղ»ը այս ամբողջին մէջ։ Ի՞նչ է ցեղապաշտութիւնը։ Պարզ է։ Ուժն է առանց սուգի։ La puissance sans le deuil։ Նեղ իմաստով հասկցուած՝ գիրքի մը ճարտարապետութիւնն էր խնդրոյ առարկան։ Բայց անշուշտ ետեւը՝ կայ շատ աւելի խոշոր հարց մը։ Երբ 2004ին Վարուժանի մասին ուսումնասիրութիւնը կը գրէի, վերջաւորութեան միայն մօտեցայ ցեղապաշտութեան խնդրին բանասիրութեան մէջ ԺԹ. դարուն, բացատրելով նորէն պարզ բան մը, որ առասպելի կամեցողութիւնը անշուշտ՝ առասպելի ուժին կամեցողութիւնն էր։ Բանասիրական եւ փիլիսոփայական կամեցողութեան մէջ՝ կար արդեն իսկ ցեղապաշտութիւնը։ Կը բաւէ երկու տող կարդալ Renanէն հասկնալու համար այդպէս ըլլալը։ Olenderը ամբողջ գիրք մը նուիրած է այդ խնդրին։ Ու քանի որ սակայն մտքիս մէջ չէր վերջացած այդ աշխատանքը (որուն պէտք է նուիրել տարբեր գիրք մը), որոշեցի երկրորդ կիսամեային վերջին դասս Գոլումպիայի մէջ անոր նուիրել։ Կը կոչուի՝ Myth, Art, and Politics։ Հիմա որ սակայն դասը ծանուցեցի եւ ուրուագիծը գրեցի, մէջս մեծ կասկած մը մտաւ։ Ինչպէս պիտի կարենամ այս ամբողջ բացատրել ուսանողներու, առանց հայկական յղումի, բնական է, եւ իրենց համար հետաքրքրական ընթերցումներ առաջարկելով։ Ի՞նչ պիտի կարենամ կարդացնել, որ չխրտչեցնէ զիրենք։ Նիցչէ՞, Շէլլի՞նկ։ Կամ իմ սիրելի ուսուցիչներուս գիրքե՞րը։ Ճիշդ է, որ այդ գործերը գոց գիտեմ։ Օրինակ՝ Ժան-Լիւք Նանսիի Անգործ Համայնութիւնը գիրքին երկրորդ գլուխը, զոր նոյնիսկ եթէ լաւ կը յիշեմ՝ հայերէնի թարգմանած եմ ամբողջութեամբ եւ հրատարակած եմ ԿԱՄի Զ. համարին մէջ։ Իրապէս այդպիսի բան մը ըրա՞ծ եմ։ Աղօտ կերպով կը յիշեմ։ Իսկ եթէ ըրած եմ, ինչպէ՞ս համարձակած եմ։ Հիմա որ վերստին ձեռք առի ու քիչ մը նորէն սկսայ կարդալ, անդրադարձայ թէ որքա՜ն ահաւոր կերպով դժուար է։

Բնագրեր

Զապէլ Եսայեան Ի. դարու հայ գրականութեան ամենէն սիրուած և ամենէն բախտաւոր անուններէն մէկն է1: Գոնէ երևութապէս: Յորդ արտադրող («Գործը ընդարձակ է քան ամբողջ արդիւնքը մեր բոլոր կին գրողներուն», կ՚ըսէ...

"Գաղութատիրութիւնը ինքնին հումանիզմ է" ըսի ու անցայ: Այդ նախադասութիւնը, այդ առաջադրութիւնը կը կրկնէ ու կը յարասէ իմ փիլիսոփայական ուսուցիչներէս մէկուն՝ Ֆիլիփ Լակու-Լաբարթի գրածը, իր 1987ի La Fiction du politique...

2005ի աշնան լոյս տեսաւ Շուշանիկ Կուրղինեանի անգլերէն լեզուով մէկ հատընտիրը, Շուշան Աւագեանի թարգմանութեամբ, եւ Վիկտորիա Րոուի յառաջաբանով (I Want to Live։ Poems of Shushanik Kurghinian, Translated by Shushan Avagyan,...

Թարգմանություններ

«Ո՜հ, Հայր Աստուած, Դուն որ յուսահատ գիշեր մը՝ որդիդ խաչեցիր, որ այդ արիւնահեղ գի­շերուան մէջ, երբ հետզհետէ աւելի՝ հոգեվարքը կը դառնար անկարելի — պոռալու աս­տիճան — դարձար Դո՛ւն իսկ...

Հնարաւոր է այսօր փորձել կրօնական բնոյթ ունեցող շարժում մը, տեսակ մը «Եկեղեցի», որ գոյութիւնը պիտի միաւորէր ո՛չ միայն ուժերու բաղադրումի մը անմիջական պէտքերուն պատասխանելու նպատակով, այլ նոյն այդ գոյութիւնը...

Այդպէս կապուած, անասնական ճիչեր արձակող բերանը հող կը կլլէ, եւ ընդհակառակը սրբանային ճեղքուածքը, պոռոտ վարդագոյն, երկնքին դարձած է ծաղիկի մը պէս (ցիցին ծայրը մտցուցած է փորին եւ ծալլուած սրունքներուն...

Կարդացէ՛ք Արևմուտքի մէջ ի՛նչ գիրք որ կ՚ուզէք արդի Արաբներուն մասին, երբեք պիտի չգտնէք գրականութեան նշումն իսկ, ո՛ւր մնաց անոր ուսումնասիրութիւնը։Միջին Արևելքով զբաղողներու մեծամասնութիւնը այսօր քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտներ են… Կրնաք...

ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հարցազրոյց Եդուարդ Սայիդի հետ Այնպէս կը թուի, որ ձեզի համար աշխարհ (world) եւ աշխարհայնութիւն (worldliness) յղացքները յօդաւորումի կարողութիւն մը կ՚ընձեռեն, կամ...