Նորա Պարութճեան

Գրելով կը փորձեմ ինքզինքիս հետ հաշտուիլ, հեռանալով մօտենալ Անոր։

Ծնած եմ Լիբանան, աւարտած եմ Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ գրականութեան բաժինը, կ’ապրիմ փարիզեան արուարձան՝ Ալֆորվիլ։ Կեանքի բերմամբ դարձայ ուսուցիչ եւ տարիներու ընթացքին աշակերտներս ինծի հաւատացուցին որ ուսուցչութիւնը կիրք է, ոչ նուիրում։ Չեմ կարծեր որ ուզածիս չափ կու տամ, գիտեմ որ շատ կ’առնեմ անոնցմէ։ Կը դասաւանդեմ հայերէն ու հայոց պատմութիւն։

Պզտիկ բաներէ կ’ուրախանամ, մեծ բաներէ անգամ չեմ գոհանար։

Բնագրեր

թզուկներուն կը պատկանի անտառը սահման չունին, չէ, երթալով կ’ընդարձակուի շամբուտը ախորժակները լայն են ու աչքերը անկուշտ փոս ցած ու լլկիչ երկինքին տակ մուտք գործելը ազատ է ու դիւրին՝ ծնրադրելու վայելքը փայլփլող կացիններու հեշտանքին

ՉՄԵՌՆԵԼՈՒ

գոց տուփի բացուածքներէն մուխ կ’ելլէ գաղտագողի եւ կը կարծէ թէ գողի պէս մարդ զինք պիտի չտեսնէ

Անունդ

դուռը բաց որդ դուռը բաց երկար տեւեց կեցութիւնս անողնաշար բոյնիդ մէջ օղակներուդ մէջ մորթիդ զիս բանտեցիր ապահով դարձար կլոր դարձար ոլոր  մերթ ձգուեցար մերթ գնդացար   բերնէդ թափուող անգոյն հիւթով զարմանքս լուալ ուզեցիր սորվեցնել ջանացիր որդի նման ծալլուիլ    ի հարկին՝...
աչքիդ բիբին լոյսն ակռաներով կը ծծէ մէջդ շինուած դագաղին մէջ կը լեցուի որ հետդ պիտի տանիս
Երբ ներս կու գաս զրահ- սաղաւարտ - երկաթէ մոյկ դուրս ձգէ ոտաբոպիկ մուտք գործէ ասեղնագործ սենեակէս այնտեղ ամէն բան նուրբ է եւ հիւրընկալ
պարարտ հող ուր երկաթներ կը հանգչին կը դողդղան դնդերները մետաղեայ ապրիլ կ’ուզեն հողին սէրէն շունչ ու հաւատք կը քաղեն ու կ’ուռին այլօրինակ իրենց հունտէն

ԱՆՕԹԻ ԲԱՌ

խաչէն աւելի խաչ կասկածին թաթխուած հանճար փոքրութեան կը մնայ միմիայն գացողին տեղը ցոյց տալու իր ամրոցէն դատարկութեան ատեն-ատեն մուխի փունջ մը կ’արձակէ

ԴԻՒԱՅԻՆ

դեւը ձեռքէն բիւր շնորհներ կը թափէր հրճուեցան շրթունքներն ժպտաց բոլորին բոլորը միասնաբար իրեն ժպտացին բացին թեւերը իրեն ընդառաջ անկարծելի լայնութիւն